
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Երեքշաբթի, Փետրուար 1ին, անսալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կոչին՝ Կարսի քաղաքապետարանը որոշեց քանդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարեկամութեան նուիրուած յուշարձանը:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն 11ը, որոնք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ են, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն 8 անդամներ, յուշարձանը քանդելու որոշումին ի նպաստ քուէարկած են: Իսկ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն չորս անդամներ, յուշարձանը քանդելու որոշումին դէմ քուէարկեցին: