ԱՆԳԱՐԱ.- Դիւանագէտներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յետաձգած է Թուրքիա իր այցելութիւնը։ Ամերիկացի պաշտօնատար մը ըսած է, թէ Քլինթընի Թուրքիա այցելութեան թուականը պիտի յայտարարուի «յարմար ժամանակին», առանց խօսելու Փետրուարի երկրորդ կիսուն ակնկալուող այցելութեան յետաձգման պատճառներուն մասին: Ըստ թուրք պաշտօնատարներու, այցելութիւնը յետաձգուած է Եգիպտոսի իրադարձութեանց պատճառով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.