ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Երկուշաբթի, Յունուար 31ի յետմիջօրէին իր արտասանած «նահանգին վիճակը» աւանդական ճառին մէջ, Քալիֆորնիոյ նորընտիր նահանգապետ Ճերի Պրաուն չներկայացուց ծրագիրներու երկար շարք մը, այլ շեշտը դրաւ նահանգին դիմագրաւած ամավարկի հսկայ բացին վրայ:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին առջեւ իր ունեցած միայն 14 վայրկեաննոց ելոյթին ընթացքին, Պրաուն կրկնեց, թէ ամավարկի 25 միլիառ տոլարնոց բացը փակելու լաւագոյն միջոցն է ծախսերու կրճատումը եւ ժամանակաւոր տուրքերու երկարաձգումը: Ան նաեւ շեշտեց, թէ այս գծով վերջնական որոշումը պէտք է նահանգին ժողովուրդը կայացնէ եւ այդ պատճառով, արտակարգ ընտրութիւն մը կազմակերպելու կոչ ըրաւ խորհրդարանին, որուն հանրապետական անդամներուն մեծ մասը այս գաղափարին համամիտ չէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.