
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արմէն Յարութիւնեան հրաժարականը ներկայացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովին՝ տեղեկացնելով, որ ինք ստանձնած է Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Մարդու իրաւունքներու գլխաւոր յանձնակատարի տարածաշրջանային ներկայացուցչի պաշտօնը:
Այս մասին լրագրողներու հետ կայացած հրաժեշտի ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Արմէն Յարութիւնեան: Ան նշեց, որ մտադիր է հետագային իր աշխատանքը շարունակել մարդու իրաւունքներու միջազգային համակարգին մէջ:
Անդրադառնալով իր կատարած աշխատանքի ձեռքբերումներուն՝ Յարութիւնեան նշեց, որ ինք փորձած է ՄԻՊ հիմնարկը հնարաւորինս հեռու պահել քաղաքական գործընթացներէ, եւ որոշ առումով յաջողած է: