ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ.».- Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Չորեքշաբթի, Փետրուար 2ին շարունակեց կառավարութեան կազմութեան իր խորհրդակցութիւնները՝ հանդիպում մը ունենալով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Մէկ օր առաջ, ան խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի ու Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սեմիր Ժաաժաայի հետ:
Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Ժեմայէլի եւ Ժաաժաայի հետ վարչապետին ունեցած հանդիպումները յոյս ներշնչեցին երկրին մէջ երկխօսութիւնը շարունակելու:
Միւս կողմէ, Լիբանանի համար կազմուած միջազգային ատեանը յայտարարեց, թէ նախնական ամբաստանութիւնը պիտի արձակուի քանի մը շաբաթ ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.