Այս տարի 35րդ ամեակն է Քանոկա Փարքի մէջ գործող ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանին: Այս առիթով, Մարտ 26ի երեկոյեան ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ նախագահ Ռոնալտ Ռեկընի անուան գրադարանի սրահին մէջ:
1976ին միայն 19 աշակերտներով իր առաջին քայլերը նետած վարժարանը, ներկայիս ունի գրեթէ 800 աշակերտ, մօտաւորապէս 100 ուսուցիչ եւ անձնակազմի անդամներ:
Ճաշկերոյթի տոմսերուն համար, դիմել (818) 883-2428 կամ (818) 348-9348 թիւերուն, կամ pto@agbumds.org հասցէին: