ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոյին որոշումը՝ ԼՂ հարցով ենթայանձնաժողովին վերաբերեալ, կը շարունակէ մնալ հակասական, յատկապէս, որ անիկա կը հակասէ միջնորդ պետութիւններու բազմաթիւ կոչերուն, որոնք կը յորդորեն հեռու մնալ այլ կազմակերպութիւններու այնպիսի գործողութիւններէն, որոնք կրնան վնաս հասցնել բանակցային գործընթացին:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Եւրոպական խորհուրդին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ԵԽԽՎ Բիւրոյին կողմէ ընդունուած որոշումին գծով: Անոնք մանաւանդ դժգոհ են ղարաբաղեան բանակցային գործընթացին ակնյայտօրէն վնասող նշեալ որոշումէն՝ նշելով, որ այդ որոշումին բացասական հետեւանքներուն պատասխանատուն միայն ԵԽԽՎ Բիւրօն է:
Անոնք կոչ ըրած են ԵԽԽՎ ղեկավար մարմինին յարգանքով վերաբերելու բանակցային գործընթացի բնոյթին ու ձեւաչափին հետ: Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները նշած են, թէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ տարուող բանակցութիւններու մանրամասնութեանց չտիրապետող քաղաքական գործիչներու կողմէ հանրային քննարկումները չեն կրնար որեւէ իմաստալից աջակցութիւն ապահովել գործընթացին: