«Մարմարա»ն իր Փետրուար 7ի եւ 8ի թիւերով լայն տեղ տրամադրած է Թուրքիոյ ու գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի միջեւ ծագած տագնապին, որ կը շարունակէ նեղ կացութեան մատնել Անգարան: Ինչպէս հաղորդած էինք, Յունուար 28ին, գրաւեալ Կիպրոսի կարգ մը միութիւններու կողմէ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին պարզուած էին Թուրքիոյ դէմ նախատալից վերտառութիւններ, ու կարգ մը ցուցարարներ պահանջած էին, որ Թուրքիա իր ձեռքը քաշէ կիպրացի թուրքերուն օձիքէն։
Վարչապետ Էրտողան չափազանց խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տալով ու կիպրացի թուրքերը գրեթէ ձրիակեր որակելով՝ զայրացուցած է աւելի մեծ թիւով կիպրացի թուրքեր, ու շրջանի գրեթէ բոլոր թերթերը կը դատապարտեն Էրտողանն ու Թուրքիան։
Երկուշաբթի օր, գրաւեալ Կիպրոսի նախորդ նախագահ Մեհմետ Ալի Թալաթ Անգարայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Էրտողանի հետ, փորձելով մեղմացնել լարուածութիւնը:
Թուրքիոյ կառավարութեան բանբերը եւս յայտարարեց, թէ Էրտողանի զայրոյթը միայն քանի մը միութիւններու հասցէագրուած էր եւ ընդգծեց, թէ կարելի չէ Թուրքիոյ կապերը խզել գրաւեալ Կիպրոսի հետ։ Սակայն, ցոյցերը շարունակուեցան Թուրքիոյ դէմ, մինչ գրաւեալ Կիպրոսի նախագահ Տերվիշ Էրօղլու կոչ ըրաւ չվիրաւորելու Թուրքիոյ արժանապատուութիւնը:
Տագնապը ծագած էր, երբ գրաւեալ Կիպրոսի ամավարկին բացը գոցելու համար, Անգարա առաջարկած էր տնտեսական նոր սեղմումներու ծրար մը, որուն հետեւանքով շատերու ամսաթոշակները պիտի զեղչուէին մեծ համեմատութիւններով:
Գրաւեալ Կիպրոսի «Միացեալ Կիպրոս» կուսակցութեան ղեկավարներէն Ապտուլլահ Գորգմազհան կ՛ըսէ. «Մենք Անգարայի կառավարութեան ո՛չ դրամը կ՛ուզենք, ո՛չ ծրարն ու պաշտօնեան. չենք ուզեր, որ Անգարա միջամուխ ըլլայ մեր գործերուն։ Մենք կ՛ուզենք ինքնավար ըլլալ։ Մեծայարգ Էրտողանը հաւնի կամ չհաւնի, այս պայքարը պիտի շարունակուի հետզհետէ աւելի ծաւալուն կերպով։ Եթէ կը կարծէ, թէ այս երկիրը տէր չունի, կը սխալի», ազդարարելով, որ շրջանը կրնայ նոր Եգիպտոսի մը վերածուիլ:
Կիպրացի թուրքերը նաեւ կ՛ըսեն, թէ Էրտողան նոյն կեցուածքը չունի Գահիրէի ու Լեֆքոշէի (Հիւսիսային Կիպրոս) ցոյցերուն նկատմամբ։ Գրաւեալ Կիպրոսի «Աֆրիքա» թերթը հետեւեալ խորագիրը գործածեց այս մասին լուրին համար. «Էրտողան մեզի կ՛ըսէ, թէ՝ դուն ո՞վ ես, մենք ալ իրեն հարցնենք՝ հապա ան ո՞վ է», գրեց թերթը։
Կիպրացի մտաւորական Այշէ Քոճաթիւրք կը գրէ, թէ Էրտողանի խօսքերը խտրականութիւն կը ցոլացնեն։ «Ընդունելի չէ, որ վարչապետ մը իր ժողովուրդին նայի իբրեւ ձրիակեր։ Քիւրտ հայրենակիցներու նկատմամբ ցուցաբերուած խտրական քաղաքականութեան մէկ նմանը հիմա գործադրուեցաւ նաեւ Կիպրոսի թուրքերուն նկատմամբ», գրած է ան։
«Թարաֆ»ի խմբագրապետ Ահմետ Ալթան կը գրէ, թէ Կիպրոսի մէջ ցուցարարներուն թիւը 20,000էն աւելի էր, ինչ որ հսկայ թիւ մըն է, եթէ նկատի առնուի, որ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ թուրքերուն թիւը 260 հազար է: Ալթան նաեւ յոյժ քննադատելի կը գտնէ ամէն առիթով «Կիպրոսը Թուրքիոյ կը պատկանի» ըսող թուրք քաղաքական դէմքերը, որոնք այդպէս ըսելով՝ կը հաստատեն Արեւմուտքի այն պնդումը, թէ Թուրքիա բռնագրաւող է Կիպրոսի մէջ։
Այս բոլորը համոզած չեն թուիր ըլլալ Էրտողանը, որ հիմա կ՛ուզէ դատական հետապնդումի ենթարկել Թուրքիոյ դէմ նախատական վերտառութիւններ բարձրացնողները: