ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չեչեն ըմբոստ ղեկավար Տոքու Ումարով Երկուշաբթի, Փետրուար 7ին հաստատեց, որ երիտասարդ մը անձնասպանական գործողութեան առաքելութեամբ Մոսկուա ուղարկած է եւ սպառնաց յաւելեալ մահաբեր յարձակումներ գործել, եթէ Ռուսիա Չեչենիայէն չհեռանայ։ Նշենք, որ Յունուար 24ին, Մոսկուայի օդակայանին մէջ 36 զոհ եւ 180 վիրաւոր պատճառած անձնասպանական գործողութեան հարցով հետաքննիչները յայտնած էին, որ գործողութեան հեղինակը 20ամեայ կովկասցի մըն է, սակայն անոր անունը չէ հրապարակուած։
Ումարով, ստանձնելէ ետք վե-րոյիշեալ յարձակումին պատաս-խանատուութիւնը, յայտնեց, որ նման արարքներ հարկաւոր են վարչապետ Վլատիմիր Փութինի քաղաքականութիւնները լուռ կերպով ընդունողները «արթնցնելու» համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.