ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանին միջոցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի յանձնուած է նամակ մը, որուն մէջ դժգոհութիւն կը յայտնուի Եգիպտոսի տագնապին վերաբերեալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարարութեանց համար։ Նամակին մէջ զգուշացում կատարուած է Անգարային՝ չխառնուելու Եգիպտոսի ներքին գործերուն՝ մէջբերելով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի խօսքերը, որուն մէջ ան Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքին հրաժարելու կոչ կ՛ընէր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.