ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սոյն թուականի Յունուար 30ին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կատարած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի հանրապետութիւնը մտադիր է Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարել՝ ստեղծելու համար նոր օրէնսդրական վերին պալատ մը՝ Սենաթ, որ իր շարքերուն մէջ պիտի ընդգրկէ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ:
Այս լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ամբողջ Հայկական աշխարհին մէջ, իսկ արձագանգը նոյնանման չէր: Իշխանամէտ շրջանակները մեծ ոգեւորութեամբ ողջունեցին այս առաջարկը, մինչդեռ ընդդիմադիրներ խստօրէն քննադատեցին զայն: Ըստ իս, թէ՛ գովասանքը եւ թէ քննադատութիւնը վաղաժամ էին, քանի որ նախարարին յայտարարութիւնը միայն որոշ մանրամասնութիւններ կը պարունակէր առաջարկուող Սենաթին մասին:
Հետաքրքրական է այն, որ հակառակ նախագահ Սարգսեանի Սենաթ ստեղծելու մտադրութեան մասին նախարար Յակոբեանի յայտարարութեան, նախագահին մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեանը նախազգուշացուց, թէ ասիկա բազմաթիւ առաջարկներէն մէկն է, որ լուրջ քննարկման կարիք ունի: Ան աւելցուց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը բարդ եւ երկարատեւ ընթացակարգ է: Մէկ շաբաթ ետք, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանն ալ, իր կարգին, աւելի նսեմացուց սփիւռքի նախարարին յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ անիկա պիտի չքննարկուի մինչեւ յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտը, նկատի ունենալով օրէնսդիր մարմինին ծանրաբեռնուած օրակարգը:
Այս նախնական փուլին կարելի է միայն հարցեր տալ՝ մեկնելով սփիւռքի նախարարին այն պնդումէն, թէ նախքան առաջարկուող Սենաթի կառուցուածքին եւ պարտաւորութիւններուն վերաբերեալ որեւէ որոշում կայացնելը, լայն խորհրդակցութիւններ պիտի ծաւալին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Ահա շարք մը գլխաւոր հարցեր, զորս պէտք է նկատի առնեն անհատները, կազմակերպութիւնները եւ կառավարութեան պաշտօնեաները, նախքան ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելն ու Սենաթ ստեղծելը.
– Արդեօք Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիները գոհ կը մնա՞ն իրենց օրէնսդիր մարմինին մէջ սփիւռքահայերու ներկայութենէն, թէ հայ ըլլալով հանդերձ զանոնք կը դիտեն իբրեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ, որոնք կը միջամտեն իրենց ներքին գործերուն:
– Արդեօք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Սփիւռքէն ընտրուած ներկայացուցիչներու ընդգրկումը Սենաթին մէջ չի՞ դիտուիր իբրեւ Սփիւռքի վրայ Հայաստանի իշխանութիւններու անհարկի ազդեցութեան փորձ:
– Ինչո՞ւ կարելի չէ սփիւռքահայերը ընդգրկել ներկայիս գոյութիւն ունեցող խորհրդարանին մէջ, Սենաթ ստեղծելու փոխարէն:
– Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Սենաթի օրէնսդրական լիազօրութիւնը, եւ անիկա ինչո՞վ պիտի տարբերի գործող խորհրդարանէն:
– Քանի որ հայերուն մեծամասնութիւնը կը բնակի Հայաստանի սահմաններէն դուրս, արդեօք առաջարկուող Սենաթը բաղկացած պիտի ըլլա՞յ աւելի շատ Սփիւռքի ներկայացուցիչներէ, քան հայաստանցիներէ:
– Ինչպէ՞ս պիտի ընտրուին անդամները: Արդեօք անոնք պիտի ընտրուին հասարակութեա՞ն կողմէ, թէ պիտի նշանակուին կառավարութեան կամ խոշոր կազմակերպութիւններու կողմէ: Եթէ անոք պիտի ընտրուին, ապա ի՞նչ պիտի ըլլան ընտրողներուն եւ թեկնածուներուն տուեալները, ո՞վ պիտի սահմանէ չափանիշները եւ ո՞վ պիտի կազմակերպէ ընտրութիւնները:
– Եթէ Սենաթի անդմաները պէտք է ընտրուին, ապա ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացում ապահովելու համար:
– Արդեօք Սփիւռքի ներկայացուցիչները կրնա՞ն պահպանել իրենց ներկայ քաղաքացիութիւնը եւ ընդունիլ երկքաղաքացիութիւն, թէ ստիպուած են հրաժարելու օտարերկրեայ քաղաքացիութենէն:
– Արդեօք Սփիւռքի անդամները պարտաւո՞ր են Հայաստան տեղափոխուիլ՝ մշտական նստաշրջաններուն մասնակցելու համար, թէ անոնք պէտք է Հայաստան գան կարճ ժամանակահատուածներով, մասնակցելու համար միայն համահայկական հարցերուն նուիրուած ժողովներու:
– Կա՞ն արդեօք ծրագիրներ՝ համեմատական ուսումնասիրութիւն կատարելու օտար երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն մէջ սփիւռքներէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեան մասին:
– Արդեօք Սփիւռքի անկախութիւնն ու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պահպանելու համար աւելի նպատակայարմար չէ՞ր ըլլար Սփիւռքի յատուկ կառոյցի մը ստեղծումը, ինչպէս ես առաջարկած էի անցեալ տարուայ Նոյեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կայացած համաժողովի մը ընթացքին: Այդ պարագային, ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքները կ՛ընտրէին իրենց ներկայացուցիչները Համահայկական կառոյցին մօտ, որ իր կարգին, հետագային պատուիրակներ կ՛ընտրէր իր շարքերէն՝ Հայաստանի օրէնսդիր մարմինի աշխատանքներուն մասնակցելու համար:
– Արդեօք զուտ պատահականութի՞ւն էր, որ ՀՅԴ առաջնորդները Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ընդ-գրկող Սենաթ մը ստեղծելու գաղափարը հրապարակայնօրէն քն-նարկեցին, Սփիւռքի նախարարի վերջին յայտարարութենէն շատ աւելի առաջ: Հետաքրքրական է այն, որ ՀՅԴն անմիջապէս իր աջակցութիւնը յայտնեց այս նախաձեռնութեան, մինչդեռ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ անոր, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Կոնգրեսը սոյն առաջարկը անուանեց «անհեթեթութիւն»:
Ուրախալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջիվերջոյ ընդունեց, թէ անհրաժեշտ է Սփիւռքի հայերը ընդգրկել համահայկական որոշումներ կայացնելու գործընթացին եւ կառոյցներուն մէջ: Սակայն, նախքան վճիռ կայացնելը, խելամտութիւն կ՛ըլլայ սպասել ու տեսնել, թէ Հայաստանի ղեկավարները ճիշդ ի՞նչ մտադրութիւն ունին՝ Սփիւռքի ներկայացուցչութիւն առաջարկելով նոր Սենաթին մէջ: Վերջնական որոշումը պէտք է բացառապէս հիմնուած ըլլայ այն կէտին վրայ, որ արդեօ՞ք այս կամ որեւէ այլ միջոցառում կը բխի հայերուն շահերէն՝ ըլլայ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր