ԵՐԵՒԱՆ.- Վերջերս ռուսական կայքերէն մէկը, որ կը հանդիսանայ «Ուիքիլիքս»ի գործընկերը Ռուսիոյ մէջ, հրապարակած էր փաստաթուղթ մը, ուր նշուած է, թէ Հայաստանի բնապահպանութեան նախկին նախարար, ներկայիս ԱԺ Տնտեսական հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վարդան Այվազեան, ոսկիի հանքերու շահագործման արտօնութիւն տալու համար, 2005ին «Global Gold» ընկերութենէն պահանջած էր երեք միլիոն տոլար կաշառք: Ըստ փաստաթուղթին, այդ կաշառքը պէտք է ստանար ԱԺ պատգամաւոր Մուրատ Գուլոյեանը:
Այդ կապակցութեամբ, Փետրուար 10ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Վարդան Այվազեան բացատրութիւն տուաւ՝ նշելով, որ եօթը տարի է ի վեր կը շարունակուի այս խօսակցութիւնը, եւ թէ ինք ատոր մէջ միտում կը տեսնէ:
Խօսելով գոյութիւն ունեցող ձայնագրութեան մասին՝ Այվազեան ըսած է. «Թող հրապարակեն այդ ձայնագրութիւնները, եթէ ունեն ձայնագրութիւն. ինչո՞ւ են այսքան տարիներ խնայում ինձ»:
Պատասխանելով դատական դիմում ներկայացնելու հարցին՝ Վարդան Այվազեան յայտնած է, որ ինք չի գիտեր, թէ ո՛վ է իր կաշառք պահանջելու մասին լուրը յայտնողը: Անոր խօսքով, եթէ որեւէ լրատուամիջոց բացայայտէ, թէ այսինչ մարդն է այդ նման բան ըսողը, ապա ինք անմիջապէս փաստաբան կը վարձէ եւ կը դիմէ դատարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.