ՀԱՄՊՈՒՐԿ.- Հայ գիտնական, միքրօ-կենսաբան Կարապետ Անդրանիկեան պիտի գլխաւորէ Համպուրկի թեքնիք համալսարանը եւ պաշտօնապէս իր աշխատանքին պիտի ձեռնարկէ 1 Ապրիլին։ Ան ծնած է Յորդանան, կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի մէջ, ապա երկար տարիներ աշխատած է Գերմանիոյ գիտական շրջանակներէ ներս։
Համպուրկի թեքնիք համալսարանը Գերմանիոյ ամենաերիտասարդ եւ ամենայաջող համալսարաններէն մէկն է՝ հիմնուած 1980ին։ Համալսարանը ունի 5000 ուսանող եւ 1150 դասախօս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.