ՊԱՔՈՒ.- «News.Az» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականներէն Ֆիլիփ Քրաուլի, Երկուշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վստահեցուցած է, թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատանք տանիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով սկիզբ առած գործընթացը առաջ մղելու:
Քրաուլի ընդունեց, թէ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին յատկանշական խոչընդոտներ յայտնուած են Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններով սկսած գործընթացին դիմաց, սակայն աւելցուց, թէ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անցեալ շաբաթ իսկ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին շեշտած էր, որ Ուաշինկթըն իր կարելին պիտի ընէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար:
Ամերկեան այսպիսի աշխուժութիւնները ըսկսած են Օպամայի նախագահութիւնեն իվեր՝ ամեն տարի երբ կը մօտենանք Ապրիլ 24-ի ամսուան Հայոց Նահատակած Յիշատակը հարգելու։ Սակայն, միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը սովորութիւն ըրած է թուրքիոյ հետ հաշուեհարթարի նստելու առիթ՝ «Հայոց ձեղասպաննութիւնը»՝ որպէս գաւազան՛ յիշեցնելով թուրքիոյ ու զիջումներ կորզելով՝ որպէսզի նախագահ օպամա կրկին Եղծանէ ձեղասպաննութեան յիշատակը…
Այս կեղծաւորութիւններէն ե՞րբ պիտի ըսթափի միացեալ նահանքներու քաղաքական այրերը…
«Արդարութեան ուշացումը՝ Արդարութեան Մերժում է»