
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ռոզ եւ ԱլԷք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը 1997 թուականէն ի վեր շարունակական ձեւով կը մասնակցի Հարաւային Քալիֆորնիոյ սեփական դպրոցներու «Academic Decathlon»ին։ Փետրուար 5ին, «Bishop Alemany» դպրոցէն ներս տեղի ունեցած հերթական մրցումին, «Ալէք Փիլիպոս»ի աշակերտները գրաւեցին իրենց դասաւորման )Դ. խմբաւորում( առաջին դիրքը, իսկ «գերզարգացման մրցոյթ»ին (super quiz)՝ երկրորդ դիրքը։
«Academic Decathlon»ը բաժնուած է չորս խումբերու, իսկ Դ. խմբաւորումը, որուն մաս կը կազմէ «Ալէք Փիլիպոս», բաղկացած է 10 դպրոցներէ, որոնց շարքին են՝ «St. Anthony՛s», «Mary Star of the Sea», «Santa Clara», «Whittier Christian», «Bellarmine-Jefferson» եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը։
Խմբաւորումին մաս կազմող դպրոցներու աւելի քան 90 աշակերտներուն դէմ մրցելով՝ «Ալէք Փիլիպոս»ի աշակերտները լաւագոյն երեք արդիւնքներէն երկուքին տիրացան։ Այսպէս, Նաթալի Քալբաքեան տիրացաւ ոսկէ մետալին, իսկ Քրիսթին Պաթիքեան՝ պրոնզէ մետալի՝ հանդիսանալով երրորդ բարձրագոյն արդիւնքը ապահովող աշակերտը։
8 աշակերտներէ բաղկացած «Փիլիպոս»ի խումբը մրցեցաւ զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ բերանացի ներկայացում, հարցազրոյց, արուեստ, երաժշտութիւն, տնտեսագիտութիւն, լեզու եւ գրականութիւն, շարադրութիւն եւ զարգացման մրցում )այս տարուան թեման երկրաբանութիւնն էր(։
Խումբը բաղկացած էր հետեւեալ աշակերտներէն՝ Քրիս Խաչատրեան, Լիզա Գարակէօզեան )արծաթ մետալ՝ թուաբանութեան մէջ(, Արեգ Այվազեան )ոսկի մետալ՝ երաժշտութեան եւ պրոնզ՝ թուաբանութեան մէջ(, Լեւոն Պետրոսեան )ոսկի մետալ՝ երկրաբանութեան, արծաթ՝ բերանացի մրցումին եւ պրոնզ՝ թուաբանութեան մէջ(, Քրիսթին Պաթիքեան )ոսկի՝ թուաբանութեան ու երկրաբանութեան մէջ, նաեւ պրոնզ՝ հանդիսանալով երրորդը 99 աշակերտներու մէջ(, Նազելի Հեքիմեան )ոսկի՝ բերանացի ներկայացման, արծաթ՝ գրականութեան, ոսկի՝ երաժշտութեան եւ արծաթ՝ թուաբանութեան մէջ(, Հայկ Տէր Ղեւոնդեան )ոսկի՝ հարցազրոյցի, ոսկի՝ գրականութեան, ոսկի՝ ներկայացման, արծաթ՝ երաժշտութեան, ոսկի՝ պատմութեան եւ պրոնզ՝ տնտեսագիտութեան մէջ(։ Նաթալի Քալբաքեան շահեցաւ ոսկի մետալներ՝ հարցազրոյցի, գրականութեան եւ պատմութեան մէջ, արծաթ՝ արուեստի եւ տնտեսագիտութեան ու պրոնզ՝ շարադրութեան մէջ։
Նաթալի արժանացաւ նաեւ ոսկի մետալի, տրուած ըլլալով, որ մասնակցող բոլոր աշակերտներուն մէջ ամէնէն շատ մետալները խլած էր ան։
Անդրադառնալով աշակերտներու յաջողութիւններուն՝ վարժարանի տնօրէն Նազօ Աբանեան յայտնեց. «Մեր աշակերտներու յաջողութիւններով իրապէս հպարտ ենք, որովհետեւ մեր աշակերտներուն արդիւնքները ամէն տարի կը բարելաւուին։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ մեր աշակերտները կը մրցին դպրոցներու դէմ, որոնք իրենց աշակերտութեան թիւով էապէս կը գերազանցեն մեզ, հետեւաբար՝ իրենց տալով ընտրելու յաւելեալ հնարաւորութիւն»։ Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ «մեր աշակերտներու շարունակական յաջողութիւնները եւ անհամեմատելի միջոցներով օժտուած դպրոցներու հետ մրցակցութիւնը կը վկայեն, թէ մեր դպրոցը իր խստապահանջ եւ յաջող կրթական ծրագիրով, ինչպէս նաեւ շեշտուած կարգապահութեամբ՝ նախանձելի կրթական օճախի վերածուած է»։
