
ՊԱՔՈՒ, «Փանորամա».- «Pia.az» լրատուական կայքին տեղեկութիւններով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Foreign Policy» հանդէսը կարծիք յայտնած է, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող յեղափոխութիւններուն ալիքը հասնի նաեւ Ատրպէյճան:
Հանդէսը իր կարծիքը կը հիմնաւորէ ըսելով, որ այդ երկրին մէջ, առաջնորդները կաթուածահար ընելով ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու ժողովրդավարական հիմնարկները, ժողովուրդը զրկած են ընտրելու եւ իշխանութիւնը փոխելու իրաւունքէն:
«2003ին Ատրպէյճանի մէջ իշխանութիւնը հօրմէն՝ որդիին, Հայտար Ալիեւէն՝ Իլհամ Ալիեւին փոխանցուելու ժամանակ, ընդդիմութիւնը զանգուածային բողոքի ցոյցեր իրականացուց: Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձինք այժմ կը յայտարարեն, որ արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող յեղափոխութիւնները չեն կրնար ազդեցութիւն ունենալ Ատրպէյճանի վրայ: Սակայն տեղացի վերլուծաբանները կը յայտնեն, որ երկրին մէջ յեղափոխութեան համար իրական հիմքեր կան:
Գործազրկութիւնը, աղքատութեան եւ կաշառակերութեան բարձր մակարդակը եւ մենատիրական վարչաձեւը աւելի շեշտուած են հոն, քան որոշ արաբական երկիրներու մէջ: Անկախ վերլուծաբանները կը կարծեն, որ չ Ատրպէյճանի իշխող վերնախաւին մէջ ալ խուճապ կը տիրէ: