ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս հաղորդեցինք վերջին քանի մը օրերուն, Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ մամլոյ ազատութեան շուրջ վէճ մը ծագած է, նոր նշանակուած դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի կատարած մէկ յայտարարութեան հետեւանքով: Անդրադառնալով «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով հսկողութեան տակ առնուած «Օտա Թի.Վի.»ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հարցին՝ դեսպանը մօտաւորապէս ըսած էր. «Թուրքիոյ մէջ մէկ կողմէ կը խօսուի մամլոյ ազատութեան մասին, իսկ միւս կողմէ՝ լրագրողներ կը ձերբակալուին»։
Այս խօսքերը արժանացան խիստ հակադարձութեան, յատկապէս իշխող կուսակցութեան կողմէ, որ բացայայտօրէն մամլոյ ազատութեանց նկատմամբ իրեն յատուկ չափանիշները ունի: Հետաքրքրական է, որ իշխող կուսակցութիւնը շատ զգայուն է (կամ կը ձեւանայ) այս գծով քննադատութեանց հանդէպ, հակառակ այն իրողութեան, որ շարունակաբար կ՛ոտնակոխէ լրագրողներու տարրական իրաւունքները:
Այժմ վէճը ծիծաղելի մակարդակի հասած է ու թուրք պաշտօնատարներ նոյնիսկ հարց կու տան, թէ արդեօք ո՞ր մամուլն է աւելի ազատը՝ թրքակա՞նը, թէ ամերիկեանը:
Մինչ Ռիքարտոնէ կը փորձէ կացութիւնը մեղմացնել՝ ըսելով, որ ընդունելութեան մը ընթացքին այս արտայայտութիւնը ունեցած է «մտերիմ խօսակցութեան մը մթնոլորտի մէջ», եւ կ՛աւելցնէ, թէ Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու գծով, ամէն մարդ պէտք է կարող ըլլայ իր կարծիքը արտայայտել։ Սակայն Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալայ բաւարարուած չի թուիր ըլլալ: Ըսելէ ետք, թէ համակարծիք չէ դեսպանին խօսքերուն՝ ան պնդած է, թէ Թուրքիա աւելի լայն ազատութիւններ կը շնորհէ լրագրողներուն, քան Ամերիկա, «մոռնալով» թրքական բանտերուն մէջ մնացող տասնեակներով լրագրողներու եւ դատական հալածանքի ենթակայ աւելի մեծ թիւով մտաւորականներու պարագաները:
Յայտնենք, թէ վերոյիշեալ բանտարկուած լրագրողներուն, Հինգշաբթի օր միացան նաեւ «Օտա Թի.Վի.»ի երեք լրագրողներ, որոնք հարցաքննութեան ենթարկուելէ ետք ձերբակալեալ հռչակուեցան ու առաջնորդուեցան բանտ։ Անոնք կ՛ամբաստանուին «Էրկենեքոն»ի անդամակցելու, պետութեան գաղտնի փաստաթուղթերը տարածելու եւ ժողովուրդը թշնամութեան մղելու յանցանքներով։