ՌԱՄԱԼԼԱ, «Արմէնփրէս».- Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս Փետրուար 17ին յայտարարած է, թէ պաղեստինեան վարչակազմը Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ գտնուող հայկական թաղամասը կը համարէ Արեւելեան Երուսաղէմի անբաժանելի մասը եւ չի հրաժարիր անոր նկատմամբ իր նկրտումներէն:
Ըստ «The Jerusalem Post» թերթին, Ապպաս այդ նկատառումը ըրած է Երուսաղէմի ու Արեւմտեան ափի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն հետ Ռամալլայի մէջ հանդիպման մը ընթացքին:
Անցեալ ամիս, «Ճազիրա» կայանին կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթերը կը վկայէին, թէ բանակցութիւններու ընթացքին, Պաղեստինեան ինքնավարութեան ղեկավարութիւնը Իսրայէլի առաջարկած է հրաժարիլ Հին քաղաքին մէջ գտնուող հրէական ու հայկական թաղամասերուն նկատմամբ որեւէ յաւակնութենէ:
«Պաղեստինեան ղեկավարութիւնը հաւատարիմ է իր դիրքորոշումին, եւ հայկական թաղամասը կը համարէ Պաղեստինեան անկախ պետութեան մայրաքաղաքի՝ Արեւելեան Երուսաղէմի, անբաժանելի մասը», ըսած է Ապպաս քրիստոնեայ առաջնորդներուն: Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը կը ձգտի նեցուկ կանգնելու Պաղեստինի քրիստոնէական համայնքներուն եւ «բարձրացնելու անոնց դերը պաղեստինեան հասարակութեան մէջ»: