
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- ԵԽԽՎի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի նախաձեռնութեամբ վերականգնած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովին նախագահը՝ 37ամեայ պատգամաւոր Խորտի Քսուգլա ի Գոսթան, Փետրուար 24ին, «ՓանԱրմինիըն»ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգուած հակամարտութեան հարցով, ինք՝ իբրեւ միջնորդ, պիտի ցուցաբերէ անաչառ եւ մասնագիտական մօտեցում, քանի որ ան չի ներկայացներ շահագրգիռ կողմերէն մէկը: Ըստ անոր, ԵԽԽՎի մէջ հաւանաբար կան խորհրդարանի շատ այլ անդամներ, որոնք տարածաշրջանին աւելի լաւ ծանօթ են, սակայն անոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի կամ Հայաստանի հանդէպ կողմնակալ մօտեցում ունենալու համար. «Ես ունիմ փորձ, սակայն երկու կողմերէն ո՛չ մէկէն շահ ունիմ: Ասիկա եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին համար իմ ընտրուելուն պատճառներէն մէկը», ըսաւ Խորտի Ք. ի Գոսթա:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ ենթայանձնաժողովի օրակարգը կ՛ենթադրէ, որ այս տարեվերջին ներկայացուի «եզրակացութիւններու նախագիծ» մը՝ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքին մասին:
«ԼՂ հակամարտութիւնը միջազգային իրաւունքին մէջ յստակ արտայայտուած դէպք է, որ, վիճաբանութիւն է երկու երկիրներու միջեւ, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան միջեւ: Ասիկա հակամարտութիւն է երկու կողմերուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի համար, որ անկախ գործօն չէ այս գործընթացին մէջ եւ հակամարտութեան մէկ մասը կը հանդիսանայ», իր «անկողմնակալ» կարծիքը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովի նորանշանակ նախագահը:
Խ. Ք. Գոսթա աւելցուց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տարածքային հակամարտութիւն է՝ միջազգային իրաւունքի երկու սկզբունքներու միջեւ: