
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ճազիրա».- Հազարաւոր ցուցարարներ Ուրբաթ, Փետրուար 25ին փորձեցին հաւաք մը կատարել Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի դէմ, սակայն անոր հաւատարիմ ուժերը եւ ափրիկեան զանազան երկիրներէ բերուած վարձկանները ցուցարարներուն վրայ կրակ բանալով՝ կասեցուցին Կանաչ հրապարակ հաւաքուելու անոնց փորձը: Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը հրասայլերով եւ անցարգելներով փակեցին ճամբաները եւ մզկիթներուն շուրջ ապահովական գօտիներ ստեղծեցին՝ կանխարգիլելու համար ցոյցերը։ Ապահովական միջոցարումները արգելք չկրցան ըլլալ, որ հազարաւոր ցուցարարներ Թրիփոլիի կարգ մը թաղամասերու մէջ, Քազաֆիի տապալումը պահանջող ցոյցեր կատարեն։ Ապահովական ուժերու հետ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր։ Աւելի ուշ, Կանաչ հրապարակին վրայ անակնկալօրէն յայտնուած Քազաֆի, իր համակիրներուն առջեւ կարճատեւ ելոյթ մը ունենալով՝ խոստացաւ ճզմել ապստամբութիւնը՝ զինելով իր բոլոր համակիրները: Քազաֆիի որդիներէն Սէյֆուլ Իսլամ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իր ընտանիքը «պիտի ապրի եւ մեռնի Լիպիոյ մէջ»։ Արեւելեան Լիպիան ամբողջութեամբ իրենց հակակշիռին տակ առած ըմբոստները իրենց դիրքերը կը զօրացնեն. անոնք նաեւ գրաւած են օդուժի զօրանոց մը:
Մինչ այդ, Զուիցերիա սառեցուց Քազաֆիի դրամատնային հաշիւները, իսկ Լիպիոյ կառավարութիւնը որոշեց երկրի իւրաքանչիւր ընտանիքին 500 լիպիական տինար (շուրջ 400 տոլար) նուիրել։ Կառավարութիւնը նաեւ որոշեց կառավարական որոշ մարզերու աշխատաւորներուն ամսականները բարձրացնել 150 առ հարիւրով։ Ըստ ՄԱԿին, Լիպիոյ սննդեղէնի պաշարները սպառումի եզրին կը գտնուին։
Նաեւ, Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, թէ պատրաստ է յաւելեալ քարիւղ արտածելու՝ զսպելու համար Լիպիոյ արտածումներու կասեցման հետեւանքով ստեղծուած տագնապը: