ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ժամանակը հարստութիւն համարողները, իսկապէ՛ս իմաստուն մարդիկ են: Փաստօրէն ամէն ինչ ժամանակի մէջ տեղի կ՛ունենայ նիւթեղէն այս աշխարհին մէջ: Իսկ հոգեղէն աշխարհին մէջ ամէն ինչ կ՛անդրանցնի ժամանակը, որովհետեւ անժամանակ է այնտեղ ամէն բան:
Հակառակ ժամանակին այսքան «սուղ» կամ «արժէքաւոր» ըլլալուն, կեանքի մէջ կան նաեւ «ոճրագործ»ներ, որոնց թիրախը միայն ժամանակն է… Բարեկամներէս մէկը կ՛ըսէր, թէ իր տունը գողեր մտած էին, ու բջիջային հեռաձայնը տարած: Ինչքան կը պնդէի որ իր ունեցած այլ թանկարժէք առարկաներն ալ ստուգէր, թէ՝ արդեօ՞ք անոնցմէ ալ բաժին հանած են իրենց համար գողերը, բարեկամս չէր ուզեր ստուգել, վստահ ըլլալով, որ իր տունը մտնողները միայն «բջիջային հեռաձայնի գողեր» էին: Նոյնպէս ալ, ընկերային կեանքը վրդովող ոճրագործներու շարքին կան երբեմն միայն ժամանակ սպաննող «ոճրագործ»ներ:
Անգործութիւնը հիմնական պատճառներէն մէկն է այս «ոճիր»ին: Նոյնը չէ՞ երբեմն սովորական կեանքի ոճրագործներու գործունէութեան դրդապատճառը: Մէկ տարբերութեամբ, սակայն, որ առհասարակ ժամանակ սպաննող ոճրագործները ծոյլ, կամ կեանքէն յոգնած մարդիկ կ՛ըլլան: Ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել՝ «առնելիք ու տալիք չունեցող» անհատներ: Մինչ սովորական իմաստով ոճրագործները, ընդհակառակը՝ անգործ, սակայն կեանքին շատ կապուած ու նոյնիսկ նիւթապաշտ անձեր:
Ժամանակը սպաննող ոճրագործները, երբեմն իրենց ամբողջ կեանքը զուր տեղ վատնելէ ետք, փոխանակ ափսոսալու մսխուած օրերուն ու կորսուած առիթներուն համար, այս անգամ կը ջանան ուրիշներուն ալ սորվեցնել ժամանակը սպաննելու «արուեստ»ը, սեփական քաղցկեղով վարակելով տակաւին լոյծ մարմիններ ունեցող ու ժահրի դիմադրողականութիւն չունեցող տկար արարածներ:
Յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ այնքան տարածուած են անբուժելի հիւանդութիւններ, եւ քաղցկեղով տառապող հիւանդներով լեցուն են հիւանդանոցային համալիրներ, մարդկութեան ծանօթ է, որ այս անողոք հիւանդութիւնը ուր որ մտնէ, իր անդարմանելի աւերը կը գործէ: Ալ այնուհետեւ տառապանքը կը սկսի կրծել մարդկային հոգին, ու տառապողին կեանքը կը դառնայ քաշքշուք՝ մինչեւ հասնի վերջնական հանգիստին օրը, Տիրոջ երկնաւէտ ձայնով:
Նո՛յնն է անգործութեամբ վարակուած մարդուն կացութիւնը: Քաղցկեղի նման, ժամանակասպան մանրէով երբ վարակուի մարդ, ժահրը շուտով կը տարածուի անոր հոգիին ու ամբողջ էութեան մէջ, անդամալուծելով ամէն շարժում եւ ամէն դրական յառաջխաղացք: Ա՛յս է ժամանակ սպաննող ոճրագործներուն հանգստանալու կերպը, ինչպէս անբուժելի հիւանդութեամբ վարակուած մարդը կռնակին վրայ փռուած մնայ իր մահիճին մէջ, իսկ զինք դիրքափոխելու ամէն շարժում՝ անհանգստութիւն կը պատճառէ իրեն:
Ժամանակը սպաննողներ հաճոյք կ՛առնեն, երբ իրենց շրջապատին մէջ անգործութիւն տիրէ, իսկ զիրենք կ՛անհանգստացնեն ո՛չ միայն իրենց տրուած աշխատանքը, այլ մանաւանդ ուրիշներուն աշխատասիրութիւնը, իրագործած յաջողութիւնները, եւ ընկերութեան կեանքին մէջ արձանագրած վերելքը: Մտավախութիւններ են ասոնք, որոնք ծոյլը գէթ միտքով աշխատանքի կը լծեն:
Անգործութեան քաղցկեղով տառապող ծոյլը, «կռնակին վրայ փռուած» վիճակով կը սկսի մտածել ու մտահոգուիլ, աշխատողներուն աշխատասիրութիւնը թերագնահատելով: Ուստի, առանց մէկդի դնելու ժամանակի սպանութեան իր «գործ»ը, կը սկսի նոր ոճիր որոճալ, որուն զոհը այս անգամ ո՛չ թէ ժամանակն է առանձնապէս, այլ նաեւ անոր մէջ աշխատող «կեանքի բանուոր»ը:
Այսպէս կարելի է կոչել ամէն մարդ, որ իր կարողութեան ներած չափով, իր ճակտի արդար քրտինքով, իր լուման կը ձգէ այս կեանքի գանձանակին մէջ: Սակայն այս ընելով հանդերձ, աշխատասէր մարդը չի՛ կրնար խուսափիլ անգործին բամբասանքէն, որ անպայման իր անձին ուղղուած չըլլար, այլ կատարած գործին՝ յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն:
Ժամանակը սպաննող ոճրագործներուն մեծ մասը այս «աշխատանք»ով կը պարապի, երբեմն «ոստիկանութեան» աչքէն վրիպելով, ու մութին մէջ շարունակելով աւերիչ աշխատանքը: Այնպէս ինչպէս քաղաքացիական կեանքը կարգաւորողը ոստիկանութիւնն է, նոյնպէս ալ ընկերութեան կեանքը զուսպ պահողը՝ հանրային կարծիքն է: Եւ այնպէս ինչպէս երբեմն ոստիկանութիւնը կը սխալի ու անմեղ զոհեր գրոհի կ՛ենթարկուին անոր զրահապատներու շղթաներուն կեր դառնալով, նոյնպէս ալ ընկերութեան կեանքին մէջ իրենց առօրեայ աշխատանքով զբաղած ու լուռ տքնող անձեր, հանրային կարծիքին սխալ մեկնաբանութիւններուն զոհ կը դառնան, անգիտակցաբար հետեւելով ժամանակը սպաննող ոճրագործին փոխանցած թիւր ու սուտ վկայութիւններուն եւ զրպարտիչ բամբասանքներուն: Ինչ ալ ըլլան պարագաները, սակայն, քաղաքացին իր ոստիկանութենէն կ՛ակնկալէ մասնագիտական ու զգուշաւոր մօտեցում, որպէսզի պաշտպանուին քաղաքացիական իր ամէն իրաւունքները: Այս իմաստով, այնպէս ինչպէս սխալիլը ներելի չէ՛ ոստիկանութեան, եւ դուռ կը բանայ բուռն վիճաբանութեանց, նոյնպէս ալ հանրային կարծիքը զգոյշ ըլլալու է, իր մէկ ականջը փակելով ժամանակը սպաննող ոճրագործներու ստաբանութեանց:
Անգործ մարդը չի՛ կրնար անդրադառնալ, որ ժամանակը թանկագին գանձ է, որ կրնայ կորսուիլ: Անոր՝ «կորսուելու» այս պատկերն է, որ ժողովրդային խօսակցական լեզուի մէջ պատկերաւոր բացատրութեամբ հրահանգի կարգ անցած է, ըստ որում, ժամավաճառ եղող մարդը դաստիարակելով, փորձառու մարդիկ անոր կ՛ըսեն.
_ Ժամանակ մի՛ կորսնցներ:
Ժամանակը կրնայ կորսուիլ անյետադարձ: Ո՛չ ոք պիտի կարենայ ժամանակը ետ բերել, ո՛չ իսկ կասեցնել զանիկա այս կեանքին մէջ: Ամէնէն սահուն եւ լպրծուն իրականութիւնն է ժամանակը այս աշխարհի մէջ: Իսկ ժամանակէ վեր, ու թանձրական պիտի դառնան միայն աշխատասէր մարդոց իրագործումները, որոնք ժամանակը սպաննելու ոճիրով իրենց կեանքը սպաննած մարդոց պիտի նային միայն ափսոսանքով ու ծիծաղով:
_ Ժամանակ մի՛ կորսնցներ:
Նո՛յն այս խրատը պէտք է տալ նաեւ ժամանակը սպաննող ոճրագործի զոհին, քաջալերելով զայն, որ իր «ոճրագործ» քննադատներուն պատասխանելով ժամանակ չկորսնցնէ, որովհետեւ կրկնակի կորուստ պիտի ըլլայ ատիկա: Միւս կողմէ, իրագործելի այնքա՜ն աշխատանք կայ, որ իրապէս ափսո՛ս պիտի ըլլար, այդ ժամանակը «կորսնցնել», աճած ու հաստցած ճիւղը շտկելու ժամանակ տրամադրելով զուր տեղը: Անիկա պէտք է թողուլ իր ժամանակին, որպէսզի օրին մէկը իր ծանրութեան վրայ յենելով կոտրի, ու վար իյնալով բաժնուի ծառի բունէն:
_ Ժամանակ մի՛ կորսնցներ քննադատներուդ պատասխանելով, եւ միայն շինիչ աշխատանքով պարապէ՛: