ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրք ղեկավարները յաճախ կը պարծենան անով, թէ իրենք յաջողած են սնանկ տնտեսութիւն եւ ներքաղաքական լուրջ խնդիրներ ունեցող երկիրէ մը, Թուրքիան վերածել մեծ ազդեցութիւն ունեցող տարածաշրջանային հզօր պետութեան մը:
Իրապէս, Միացեալ Նահանգներէն ետք, Թուրքիան երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի ՆԱԹՕի մէջ, իսկ Ներքին ընդհանուր արտադրութեան (GDP) ծաւալով՝ անիկա աշխարհի 15րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող երկիրն է: Թուրքիան, իբրեւ ինքնակոչ հաշտարար եւ միջնորդ, յաճախ կը միջամտէ տարածաշրջանային եւ միջազգային թէժ հարցերու: Գերակայութեան այս կեցուածքը «Սուլթան» մակդիրը շնորհեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ ամէն գնով վճռակամ է վերականգնել վաղուց անհետացած Օսմանեան կայսրութիւնը:
Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնման արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքը յաճախ կրկնուող «մանդրա»ն է՝ «զեռօ խնդիրներ՝ հարեւան երկիրներու հետ», որ յաջողութեամբ չէ իրագործուած շատ յաճախ: Թէեւ Թուրքիան կրցած է իր յարաբերութիւնները բարելաւել Սուրիոյ եւ Իրանի հետ, սակայն Հայաստանի հետ հաշտեցման անոր երկերես ջանքերը լրիւ ձախողած են: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման կեղծ տպաւորութիւնը ստեղծելու անոր խճճուած փորձերը չխաբեցին ոեւէ մէկը, մասնաւորաբար՝ սփիւռքահայերը, որոնք քաջածանօթ են թրքական նման նենգ մարտավարութեան:
Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի հետ հաշտութեան Թուրքիոյ կեղծ վերաբերմունքէն խաբուած միակ ղեկավարը Արտրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: Հեգնականօրէն, Թուրքիոյ՝ «զեռօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւնը անսպասելի եւ հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ Ատրպէյճանի հետ յարուցելով նոր խնդիրներ, որոնք նախապէս գոյութիւն չունէին:
Ադրբեջանի նախագահը սաստիկ զայրացաւ, երբ իմացաւ, որ Անգարա կը պատրաստուէր ստորագրելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնցմով կը նախատեսուէր բանալ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ հաւաստիացումները, թէ սոյն արձանագրութիւնները պարզապէս Հայաստանէն զիջումներ կորզելու միջոց են, ոչ մէկ ձեւով հանգստացուցին Ատրպէյճանի նախագահը: Ալիեւ պահանջեց անյապաղ դադրեցնել համաձայնագիրը, որովհետեւ ան չէր ուզէր, որ Հայաստանի շրջափակումը վերացուի, քանի դեռ Արցախը չէ վերադարձուած Ատրպէյճանին:
Թէեւ արձանագրութիւնները ակնյայտօրէն կը բխէին Թուրքիոյ ազգային շահերէն, վարչապետ Էրտողան ընկրկեցաւ ատրպեճանական ճնշումին տակ եւ հրաժարեցաւ անոնց վաւերացումէն: Ան ինչո՞ւ ենթարկուեցաւ Պաքուի հրամաններուն եւ աւարտին չհասցուց համաձայնագիրը, որ ակներեւօրէն կ՛արտայայտէր իր երկիրին շահերը: Ահաւասի՛կ որոշ հաւանական բացատրութիւններ. նախ, Թուրքիան իրեն մատակարարուած ուժանիւթին մէկ մասը կը ստանայ Ատրպէճանէն, երկրորդ՝ Թուրքիա ապրող ատրպէյճանցիները կտրականապէս դէմ են արձանագրութիւններուն. երրորդ՝ Էրտողան գերզգայուն է այն մեղադրանքներուն նկատմամբ, թէ՝ ինք սիրաբանութիւն կ՛ընէ թշնամի Հայաստանի հետ՝ դաւաճանելով «եղբայրական» Ատրպէյճանը:
Անշուշտ, իսկական ուժեղ առաջնորդը պէտք է ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու իր երկրի ազգային շահերը ու դիմակայելու արտաքին ու ներքին ճնշումները: Հակառակ միջազգային ուղեւորութիւններու ընթացքին Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթներուն, փաստը այն է, որ իր իշխանութիւնը կայուն եւ ապահով չէ: Թէեւ ան իր արտաքին գործընկերներուն կը ներկայանայ իբրեւ հզօր երկիրի ղեկավար, սակայն ան ունի ներքին բազմաթիւ թշնամիներ, որոնք շարունակ դաւեր կը նիւթեն՝ զայն վերացնելու համար:
Անցեալ շաբաթ ի յայտ եկան նոր ապացոյցներ, որոնք բացայայտեցին վարչապետ Էրտողանի խոցելի իշխանութիւնը ու նախագահ Ալիեւի կողմէ՝ անոր թուլութիւնը շահագործելու կարողութիւնը: Արդարեւ, Կարսի նախկին քաղաքապետը յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի նախագահը յորդորած էր Էրտողանը քանդել Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութեան կիսակառոյց յուշարձանը, իսկ թուրք ղեկավարը հնազանդած էր անոր յորդորին, Կարս կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Պատճառաբանելով, թէ արձանը անճոռնի էր եւ տգեղ՝ Էրտողան պահանջած էր քանդել զայն: Կարսի նախկին քաղաքապետը Մարմարայի համալսարանին մէջ ուսանողներուն ըսաւ, որ յուշարձանը քանդելու առաջարկը ներկայացուած է Ալիեւի բացայայտ պահանջով: Հետագային, Կարսի քաղաքային խորհուրդը քուէարկած էր վիթխարի յուշարձանի քանդումին օգտին: Կուրօրէն հետեւելով Ալիեւի հրամաններուն՝ Էրտողան աշխարհի տարածքին ստուեր կը ձգէ իր համբաւին վրայ: Ոմանք Էրտողանի տհաճ արարքը համեմատեցին Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն կողմէ Պուտտայի սրբացած արձաններու ոչնչացումին հետ:
Ասիկա արտառոց իրավիճակ մըն է, երբ փոքր պետութեան ղեկավարը կրնայ է իր կամքը թելադրել աւելի հզօր հարեւանին: Երբ Ալիեւ պահանջեց չվաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, «մեծ եղբայրը» պարտաւոր եղաւ եւ իրականացուց Ալիեւ կրտսերին պահանջը: Այնուհետեւ, շփացած «կրտսեր եղբայրը» պահանջեց քանդել թրքական յուշարձանը: Այս հրամանը եւս անվերապահօրէն գործադրուեցաւ:
Եթէ Էրտողան կը կարծէ, թէ Ալիեւին զիջումներ կատարելով՝ կ՛ապահովէ Թուրքիոյ ուժանիւթի մատակարարումը, ապա չարաչար կը սխալի: Զիջում ընելը սայթաքուն զառիվայր մըն է, որ ճանապարհ կը հարթէ առաւել մեծ զիջումներու: Իմանալով, որ իր ցանկութիւնները անառարկելիօրէն կ՛իրագործուին Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ՝ Ալիեւ այժմ ա՛լ աւելի կ՛ուռճացնէ իր պահանջները: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր յաջորդ պահանջը Էրտողանէն: Որքա՞ն հեռու կ՛ուզէ երթալ հզօր «Սուլթանը», իր յանձնապաստան (գոռոզ) կրտսեր հարեւանին պահանջները բաւարարելու հարցով: Վերջիվերջոյ, ո՞վ կ՛իշխէ Անգարայի մէջ, Էրտողա՞նը, թէ Ալիեւը:
Սակայն, հայերը պատճառ չունին դժգոհելու այն բանէն, որ Ալիեւ հրահանգներ կ՛ուղղէ Էրտողանին: Թուրքիայէն պահանջելով չվաւերացնել արձանագրութիւնները՝ Ալիեւ ակամայ փրկեց Հայաստանը անխոհեմ պայմանագիրէ, իսկ Կարսի յուշարձանը քանդելու անոր յորդորը՝ Էրտողանին ծաղրանքի առարկայ դարձուց ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան