ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Այս օրերուն, երբ ժողովրդային կամքի ազատ արտայայտութեան նկատմամբ հակադիր միջոցառումներու ականատես կը դառնանք արաբական աշխարհին մէջ, ուր տասնամեակներով իրենց երկիրներուն իշխած մենատէրեր, մէկ կողմէ տեղի կու տան ժողովրդային ցոյցերու ճնշումին դիմաց, իսկ միւս կողմէ՝ կը շարունակեն բռնի ուժով իրենց կամքը պարտադրել իրենց ժողովուրդին վրայ, ժողովրդավարութեան իտէալը նկատուող Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատաւորներու իրաւունքներու ոտնակոխման ականատես կը դառնանք շարք մը նահանգներու մէջ:
Օհայոյի մէջ նահանգային պաշտօնեաներու միութեան միասնաբար բանակցելու իրաւուքնը խլելու նախաքայլէն ետք, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին լուսարձակի տակ գտնուող Ուիսքանսընի Ծերակոյտը Չորեքշաբթի գիշեր վաւերացուց նման բանաձեւ մը, որուն մէկ տարբերակը նահանգային խորհրդարանը արդէն իսկ վաւերացուցած էր:
Նահանգին 14 դեմոկրատ ծերակուտականները, որոնք աւելի քան երեք շաբաթէ ի վեր հեռացած են նահանգէն, որպէսզի Ծերակոյտը չկարենայ այս բանաձեւը քուէարկութեան դնել, անակնկալի մատնուեցան, երբ հանրապետականները բանաձեւին միայն այդ բաժինը քուէարկութեան դրին, որուն համար բաւարար մեծամասնութիւն ունէին: Աշխատաւորներուն իրաւունքները սահմանափակող եւ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներուն կամքը ոտնակոխող բանաձեւը 1ի դէմ 18 քուէներով վաւերացուեցաւ, սակայն նահանգի դեմոկրատ ղեկավարութիւնը ապօրինի կը համարէ այս քայլը եւ օրինական քայլերու պիտի դիմէ՝ գործընթացը կասեցնելու համար: