ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ափրիկէի ու Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական փոթորիկը տակաւին չհանգստացած՝ ահա բնութիւնը եւս ցոյց կու տայ արհաւիրքներ յառաջացնելու իր ուժը:
Լիպիոյ մէջ յանուն ժողովրդավարութեան նահատակուող քաղաքացիներուն օժանդակելու ճանապարհներ փնտռող միջազգային հանրութիւնը, աղէտահար ճափոնցիներուն ձեռք երկարելու պարտաւորութեան տակ կը գտնէ ինքզինք:
Քաղաքական փոթորիկը մարդոց ձեռակերտն է, բռնատիրութեան ու ժողովրդավարութեան ուժերու ահեղ բախումներու արդիւնք: Բախումներ, որոնցմէ կարելի էր խուսափիլ, եթէ մարդկային ընտանիքը վաղուց ու միասնակամօրէն արտայայտէր իր անհանդուրժողականութիւնը՝ մարդու կողմէ ուրիշ մարդու դէմ գործադրուած բռնութիւններուն:
Բնութեան պատճառած աւերը Աստուծոյ ու ճակատագիրին վերագրելու ընկալեալ սովորութիւնը վերանայելու ժամանակն է կարծէք, ու այստեղ ալ մարդկային մեղսակցութեան գիտակցութիւնը պէտք է մեզ որոշ եզրակացութիւններու առաջնորդէ:
Այո, հեռաւոր Ճափոնի երկրաշարժին ու ծովու հրէշային չափերու ալեկոծումներուն պատճառը մարդկային համատարած անբարոյութեան բերած պատուհասը չէ, ոչ ալ յայտնութեան ժամանման ազդանշանն է, որ կը հնչէ Ծայրագոյն արեւելքէն:
Երկրաշերտերու բնական շարժումներուն հետ այս եւ նախորդող ու գալիք բոլոր երկրային աղէտներուն ծագման մէջ, մարդկային հետզհետէ աճող դերակատարութեան հետքերը պէտք է տեսնել, ու համապատասխան եզրակացութիւններ կատարել՝ արագօրէն:
Աշխարհը կործանելու անխուսափելի դաւադրութեան մէջ կարծէք բոլորս ալ մեր բաժինը ունինք, մեր ներդրումը կ՛ընծայենք այդ անկանգնելի գործընթացին: Մասնակցութիւն կը բերենք մեր ապրելակերպով, մեր սպառողական մշակոյթով, մեր անտարբերութեամբ, մեր անպատասխանատուութեամբ, մեր տգիտութեամբ:
Բնութիւնը երէկ Ճափոնէն աղաղակեց, թէ՝ ա՛լ կը բաւէ, այդ ծառը մի կտրէք, օդը մի ապականէք, մոլորակը մի՛ այլասերէք: