
– Յունուար ամսուան ընթացքին ամենաշատ աշխատատեղեր ստեղծած նահանգներու ցանկին վրայ, Քալիֆորնիա 5րդ տեղը գրաւած է՝ իր աշխատուժին վրայ աւելցնելով 22,600 հոգի: Առաջին քառեակը բաղկացած է յաջորդաբար հետեւեալներէն՝ Թեքսաս, Միշիկըն, Օհայօ եւ Իլինոյ: Նոյն ամսուան ընթացքին, 24 նահանգներու մէջ անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է, իսկ 16 ուրիշներու մէջ համեմատութիւնը անփոփոխ մնացած է: Անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է Նեւատայի մէջ (14.9էն 14.2ի), սակայն նահանգը կը շարունակէ ունենալ անգործութեան ամենաբարձր համեմատութիւնը: Հակադիր բեւերին վրայ, Հիւսիսային Տաքոթայի մէջ անգործութեան համեմատութիւնը միայն 3.8 տոկոս է: