
«Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Մարթին Շուլց, անդրադառնալով Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վերջերս կատարած յայտարարութիւններուն՝ յայտնած է. «Էրտողան տարօրինակ անձնաւորութիւն մըն է, որ կ՛առաջնորդուի փանթուրանական գաղափարներով: Եւրոպական Միութեան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ, ան աչքի կը զարնէ իր ոչ կառուցողական մօտեցումով», ըսած է Շուլց նշելով, որ Թուրքիան բացարձակապէս հակում չունի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարելու։ «Թրքական իշխանութիւնները գործնականին մէջ չեն իրականացներ անհրաժեշտ բարեփոխումները։ Ընդհակառակը, լրագրողներու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին։ Հիմնական խնդիրները չլուծելու պատճառով, շատ բացասական մթնոլորտ կը ստեղծուի Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ», նշած է ան։ Նշենք, որ 10 հազար գերմանաբնակ թուրքերու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Էրտողան յայտարարած էր. «Մեր երեխաները պէտք է գերմաներէն սորվին, սակայն նախ եւ առաջ, պէտք է լա՛ւ թրքերէն գիտնան», ընդգծելով, որ թուրքերը պէտք չէ ձուլուին: