ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան Եւրոմիութեան հարցերով աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ Երեքշաբթի, Մարտ 15ին Ուաշինկթըն պիտի երթայ՝ կանխելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ հայկական որեւէ բանաձեւ օրակարգի բերելու վտանգը։ Այս նախաձեռնութիւնը աւանդական դարձած է ամէն գարուն, երբ կը մօտենայ Ապրիլ 24ը։
Պաղըշ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Քոնկրեսի Թուրքիոյ հարցերով խմբակի անդամներուն հետ ու անոնց անգամ մը եւս պիտի բացատրէ, թէ ի՛նչ ժխտական արդիւնք ձեռք կը բերուի, եթէ նման բանաձեւ մը օրակարգի բերուի։
Այս տարի, Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոսին չկայ եւ այդ պատճառով, «վտանգ»ը մեղմացած կը նկատուի Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակներուն կողմէ։
Միւս կողմէ, «Նիուզ.ամ» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիան 2010ին Միացեալ Նահանգներու մէջ 3.3 միլիոն տոլար ծախսած է Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարին համար: Ըստ ամերիկեան արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներուն, այդ գումարը բաժնուած է Թուրքիոյ համար լոպիական գործունէութիւն իրականացնող եւ յատկապէս թիւ 252 բանաձեւին դէմ պայքարած 7 կազմակերպութիւններու, որոնք են՝ «Կեփհարթ խմբակ»ը (1,424,113 տոլար), «Տիքսթայն Շափիրօ» (535,500 տոլար), «Քեսփիըն» (168,000), «Մըրսըր» (50,000), «Ֆլայշմըն Հիլըրտ» (590,859), «30 Փոյնթ Սթրեթիճիզ» (270,000) ու «Սիլվըր Ըսոշիէյթց» (270,000):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.