
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մարտ 15ին, Իրան «անընդունելի» նկատեց սէուտական ուժերու Պահրէյն մուտք գործելը, եւ Պահրէյնի կոչ ուղղեց ժողովրդավարութեան ձգտող ցուցարարներուն խաղաղ կերպով հակազդելու։ Մօտաւորապէս հազար սէուտցի զինուորներ Երկուշաբթի օր մուտք գործեցին Պահրէյն։
Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, թէ Սէուտական Արաբիոյ այս քայլը կրնայ Իրանի հետ լարուածութիւնը բարձրացնել վտանգաւոր մակարդակներու։
Պահրէյն, հակազդելով Իրանի յայտարարութեան՝ տուն կանչեց Իրանի մօտ իր դեսպանը։
Միւս կողմէ, Պահրէյնի թագաւորը երկրին մէջ երեք ամիս տեւողութեամբ արտակարգ դրութեան կացութիւն յայտարարեց, մինչ հազարաւոր պահրէյնցիներ ցոյց կը կատարէին Մանամայի մէջ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիմաց՝ բողոքելով այդ երկրին զինուորական միջամտութեան դէմ։ Արեւելեան Սեթրա քաղաքին մէջ երկու ցուցարարներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ պահրէյնեան ապահովական ուժեր յարձակում գործեցին ցուցարարներու վրայ։