
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Թիւով աւելի մեծ եւ աւելի ծանր զէնքերով հակառակորդներ դիմագրաւող լիպիացի ըմբոստները Երեքշաբթի, Մարտ 15ին կորսնցուցին Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող իրենց վերջին կեդրոնը՝ Զուարան, մինչ կը փորձէին դանդաղեցնել Մուամմար Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերուն արշաւը դէպի արեւելք։
Քազաֆիի ուժերը, որոնք Երեքշաբթի օր օդէն, ցամաքէն ու ծովէն կը յարձակէին ըմբոստներու դիրքերուն վրայ, սկսած են մօտենալու արեւելքի մէջ ըմբոստներու գլխաւոր քաղաքին՝ Պենկազիի՝ գրաւելով Աժտապիան, ծանրօրէն ռմբակոծելէ ետք: Անոնք աւելի կանուխ վերագրաւած էին Պրեկան:
Փարիզի մէջ, Լիպիոյ տարածքին թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու բանակցութիւնները անելի մատնուեցան, եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ նշեց, որ գետնի վրայ զարգացումները աւելի արագ կ՛ընթանան քան դիւանագիտական ջանքերը։
«Եթէ անցեալ շաբաթ զինուորական ուժ օգտագործած ըլլայինք, թերեւս ի վնաս ըմբոստներուն տեղի ունեցող շրջադարձը տեղի չէր ունենար», ըսաւ ան։
Քազաֆիի ուժերը կը շարունակեն Թրիփոլիէն 125 քիլոմեթր հարաւարեւելք գտնուող եւ երկրին երրորդ մեծագոյն քաղաքը համարուող Միսրաթան պաշարման տակ պահել։