ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Ի հարկին, երբ երկրին արդարադատութեան համակարգին գործերուն միջամուխ ըլլալը չի բխիր իշխանութեանց շահերէն, Թուրքիոյ նախագահը եւ վարչապետը հպարտօրէն կը յայտարարեն, թէ երկրին արդարադատութեան համակարգը ամբոջովին անկախ եւ ինքնագլուխ կը գործէ եւ երկրին օրէնսդիր կամ գործադիր իշխանութիւնները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին անոր վրայ: Սակայն, իրականութիւնը յաճախ ինք միջամուխ կ՛ըլլայ՝ այս պնդումներուն հակառակը փաստելով:
Արդարեւ, թրքական «Միլիիյէ»չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդը 76 դատաւորներու եւ դատախազներու պաշտօններու փոփոխութիւն կատարած է անցնող շաբաթավերջին. անոնց շարքին՝ Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութեան նուիրուած յուշարձանը քանդելու որոշում տուած դատաւորներուն պաշտօնը բարձրացած է, իսկ քանդումին դէմ որոշում տուած դատաւորը նուազ կարեւոր պաշտօն մը ստացած է՝ ցոյց տալով, որ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը որքա՛ն «անկախ եւ ինքնագլուխ» կը գործէ: