Գրողն Ու Հոգեւորականը
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Դժուար, շատ դժուար է ինծի համար, բարեկամ գրողի մը գրական երկարամեայ վաստակը գնահատելու փորձը կատարել ու անոր հոգեկան աշխարհը պեղել, երբ խնդրոյ առարկայ անձը հոգեւորական է կոչումով եւ ըմբոստ՝ նկարագիրով։ Գրական փիլիսոփայական տարիներու փնտռտուքներս ի վերջոյ զիս հասցուցած են սա հիմնական ճշմարտութեան, թէ բոլոր ասպարէզներուն մէջ, մարդուս նկարագիրը ամէնէն խորը կոփողը, կերտողը ու անոր վրայ անջնջելի հետք ձգողը, հոգեւորական ու զինուորական կոչումներն են։ Այդ երկուքին հոգեբանական կապանքէն կեանք մը ամբողջ կարելի չէ ձերբազատիլ։
Հայր Տաճատի պարագային պէտք է նաեւ աւելցնել անոր նկարագրային ըմբոստ էութիւնը, որ զինք անդադար մէկ հոգեվիճակէ միւսը կը նետէ։
Յիսուսեան հայրերէն ստացած դաստիարակութիւնս մէկ կողմէ, եւ Ափրիկէի խորերը եւրոպացի միսիոնարներու հետ գրեթէ առօրեայ շփումներս, արմատական փոփոխութեան ենթարկեցին հոգեւորականի ընկալումս, որ ծիսակատարութիւններով չի վերջանար, այլ հոգեւորականէ մը ակնկալուած առաքելութեան կամ «միսիոն»ի գիտակցութեամբ գործելու պատրաստակամութեամբ կը զատորոշուի։ Ափրիկէի խորերը, ականատեսը եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս առաքելատիպ քրիստոնեայ կղերը իր երիտասարդութիւնը կը զոհէ չքաւորին ու լքեալին հասնելու ու անոնց արցունքը սրբելու, անոնց զաւակներուն ձրի ուսում ջամբելու, վաղուան յոյսը վառ պահելու մարդկային անտեսուած ու բոլորէն լքուած խլեակներուն մօտ։ Տասնամեակներ առաջ, Ափրիկեան Ցամաքամասը հարուածող արհաւիրքին ուրուականը տեսած ու ոտնաձայնը լսած էի, եւ իրապաշտօրէն զանոնք պատկերած նոյն թեման շօշափող հատորներուս մէջ, ուր «Միսիոնար»ը եւ «Իտալական հացի պատմութիւն» պատմուածքները ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ։
Երբ ներկայ ելոյթս կը ձեւաւորէի, լրատուական միջոցները զգայացունց լուր մը հաղորդեցին, թէ Արարատեան թեմէն մէկը «Պենթլի» մը նուիրած է իր շրջանի սրբազան առաջնորդին։ Եղբա՛յր, ինչո՞ւ այսպիսի քայքայիչ լուրերը գրական մեր երեկոներուն կը զուգադիպին։ Խելքը գլուխը հաւատացեալ մը թող ոտքի կանգնի ու խորհրդանշական կապը ցոյց տայ հայ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնին ու «Պենթլի»ով տեղափոխուելու հարկադրանքին միջեւ. Քրիստոսի խաչափայտին ու փշէ պսակին, Անոր բաժին ինկած Գողգոթային ու «Ռոլզ Ռոյս»ին միջեւ։ Ու մտածել՝ թէ ամէն օր հարիւրաւոր հայեր, տամուկ աչքերով, ակամայ հայրենի հողը կը լքեն, երկրէն ներս տիրող անգործութեան ու ընկերային անարդարութիւններու պատճառով։
Խոստովանիմ, շանթահարիչ այս լուրը կարդալէս ետք, աչքերուս մէջ անհամեմատօրէն մեծցաւ մեր այն կղերը, որ գիտակցօրէն կ՛արհամարհէ նիւթն ու աշխարհիկ կեանքը։ Իմ համեստ կարծիքով, Հայ եկեղեցւոյ մէջ կոչումներու նուազումը կամ կարգաթողութեան խորքային պատճառը, կարգ մը բայրձրաստիճան եկեղեցականներու մօտ տիրող նիւթապաշտութեան կամ իշխանական ապրելակերպին կարելի է վերագրել, ապա՝ Հայաստանի անկախացումով զգալի դարձած՝ գիւղէ գիւղ ու աւանէ աւան քարոզչական ու առաքելական կեանքի նուիրուելու սուր պահանջքին, երբ մեր երիտասարդ կղերէն կ՛ակնկալուի, Արեւմտեան աշխարհի յարաբերաբար պարարտ թեմերը ձգելով՝ Հայաստանի աղքատ, յետամնաց գիւղերուն ու աւաններուն մէջ առաքելութեան լծուիլ ու քրիստոնէական մեր սուրբ հաւատքը քարոզել, ամբողջ ութսուն տարի համայնավարութեան աղբիւրէն ջուր խմած ու անաստուած «ռեժիմ»ի տակ հիւծած հայ ժողովուրդին, ինչ որ մորմոններն ու միւս աղանդաւոր քարոզիչները անտրտունջ կը կատարեն։
Թող ներողամիտ ըլլան հոգեւորական մեր եղբայրները։ Այստեղ մտաւորական բարձրորակ հաւաքոյթ է, ուր գրականութեան ու գեղեցիկը արարելու կողքին, մեր ժողովուրդը տագնապեցնող ցաւերը լրջութեամբ կը քննարկուին։ Այնպէս, ինչպէս ժամանակին մեր հանճարեղ վիպասանը՝ Ռաֆֆին, իր քրոնիկներով կը քննադատէր իր ժամանակուան, կրօնաբարոյական յոռի երեւոյթները։ Երբ քիչ յետոյ հայր Տաճատին հոգեւոր ու զուտ գեղարուեստական գործերու քննարկման անցնինք, հայ եւ ինչու չէ նաեւ օտար կղերը տագնապեցնող վերոնշեալ հարցերու պրիսմակէն ու կիզակէտէն պիտի մօտենանք անոնց, առանց մոռնալու, թէ հոգեւորականն ալ մեզի նման միսով-ոսկորով կերտուած մարդ է, օրն ի բուն հոգեկան ու ֆիզիքական նոյնանման տագնապները կը դիմագրաւէ ու հեռու է իրեն վերագրուած գերմարդու կարողութենէն։
Հոգեւորական մը գերմարդ կը դառնայ միայն, կը կրկնեմ՝ միայն Աստուծոյ կողմէ անոր տրուած շնորհներով։ Այդ սրբութիւնը «քոնթէյնըր»ով ու «Պենթլի»ի տեսքով վերէն չ՛առաքուիր, այլ օրն ի բուն ամէն տեսակ զոհողութիւններու գնով, գերմարդկային ճիգերով, աղօթքով ու զրկանքով ձեռք կը բերուի։
Հոգեւորականը մեր կեանքին մէջ այն լուսաւոր դէմքն է, որ մարդկային իր տկարութիւնները շալակած՝ գիտակցօրէն ու անձնուիրաբար կը ծառայէ մարդկային ընկերութեան այն շերտերուն, որոնց դաժան ու աժանագին դատումներուն նշաւակը կը դառնայ երբեմն։ Գոնէ մենք՝ գրող մտաւորականներս, որպէս դատաւոր չմօտենանք անոնց տառապանքին, այլ որպէս անոնց ճակատագրակից խաչեղբայրը։
Գալով հայր Տաճատ Եարտըմեանին գրած երեսունէ աւելի կրօնական ու զուտ գրական ստեղծագործութիւններուն, որոնց խոշոր մէկ տոկոսը դարձեալ ընթերցեցի՝ հայր սուրբը իր գործերուն մէջ ողն ու ծուծով նորարար մը կը ներկայանայ, եւ հասարակ ընթերցողին համար յաճախ անհասկնալի կը մնայ իր պոէզիան։ Առիթով մը, գրական «սիմփոզիոմ»ի մը, կը յիշեմ ակնարկած ըլլալ արդի հայ բանաստեղծութեան կարգ մը ներկայացուցիչներու գործերուն մէջ տիրող խրթնաբանութեան ու այդ գործերը «ֆրիուէյ»ներու երկայնքին ուղեղաթափ եղող, ամերիկեան խուճապահար կեանքի յորձանուտին բռնուած ընթերցողին կողմէ չփնտռուելու իրողութեան։
Նորարարութեան հետեւող արդիաշունչ մեր բանաստեղծները հասկնալու համար, Վահէ Օշական պիտի կարդացուի շաբաթէ շաբաթ, Գրիգոր Պլըտեանը՝ Կիրակիէ Կիրակի, իսկ հայր Տաճատ Եարտըմեանի բանաստեղծական փորձերը՝ հոգեգալուստէ հոգեգալուստ… իմաստութեան կրակէ լեզուակը մեր գլխուն իջնելէ ետք։
Հայր սուրբին վերջին գործը, որ այս երեկոյ քննարկումի առարկայ պիտի դառնայ, «Հաղորդութիւն» խորագիրին տակ կը ներկայանայ ընթերցողին, եւ բարեբախտաբար բանաստեղծական միւս երկերու ոճով չէ գրուած։ Նախ փորձ մը՝ մեկնաբանելու համար Հաղորդութեան իմաստը։ Ձեզմէ անոնք, որոնք կրօնաշունչ դաստիարակութիւն ստացած են, գիտեն ու կը բնորոշեն, թէ հացն ու գինին, որ Ս. պատարագի միջոցին կը սրբագործուի, կը կերպարանափոխուի, կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մարմինը։ Ատոր կողքին կան նաեւ հաղորդութեան բառարանային իմաստները։ Մարդոց միջեւ շփում, կապ ու յարաբերութիւն ստեղծել, իսկ հաղորդուիլը՝ սուրբ հաղորդութեան մերձենալ ու մասնակցիլ կը նշանակէ։ Այս գիրքի խորագիրին պարագային նաեւ՝ բաժնել իրարու ցաւը։
Ոմանք հայր Տաճատին ներկայ գործին ծանօթանալէ ետք, մեզի հետ պիտի համաձայնին, թէ «Խոստովանանք» ալ կարելի էր խորագրել Նարեկի Ողբը յիշեցնող չափածոյ այս գործը։ Այդ ուղղութեամբ հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել հեղինակին բացատրութիւնը։
8Օական թուականներու սկիզբն էր, երբ առիթը ունեցայ հայր Տաճատ Եարտըմեանին ծանօթանալու։ Գրեթէ նոյն շրջանին Վիեննայէն կը ժամանէր հայր Բարսեղ Ֆերհաթեան ու մտաւորական այդ շրջանակին կը միանային խմբավար Էտվարդ Հօշարեան, Պոլիսէն նոր ժամանած դերասանապետ Միսաք ու Անթա Թորոսեանները, մտաւորական երիատարդներու հոյլ մը եւ Ափրիկէի խոցն ու բոցը շալկած այս գրողը։ Ու մեր միջեւ գործակցութիւն ծլարձակելով՝ Տիրոջ օրհնութեամբ պտղաւորուեցաւ։
«Մխիթարեան մշակութային ակումբ»ի կազմութեան յաջորդեց մեր խոնարհ յարկին տակ գումարուած

«Վերելք» ամսագիրին հիմնադիր ժողովը։ Տաուն Թաունի մեր եկեղեցին ու համալիրը դարձան երիտասարդական մեղուաբոյն։ Հայ կաթողիկէ համայնքը իր ոսկեդարը սկսաւ ապրելու ու եկեղեցւոյ համալիրը փոքր սկսաւ երեւելու շաբաթական մեր ձեռնարկներուն ու մշակութային գործունէութեան։ Տիրող եղբայրասիրական ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտին մէջ հասունացաւ նաեւ գաղափարը Վենետիկի ու Վիեննայի Մխիթարեան ուխտերու գործակցութեան եւ ամբողջական միութեան։ Օր մըն ալ սփիւռքահայ մամուլին մէջ խրախուսիչ հաղորդագրութիւն մը լոյս տեսաւ՝ Մխիթարեան զոյգ միաբանութիւններու ապագայ գործակցութիւնը աւետող։
Հայր Տաճատ մարդը, գրողն ու մտաւորականը լաւագոյնս հասկնալու համար, նախ պէտք է Մխիթարեան շարժումին տեղը սահմանել ազգային, մշակութային եւ եկեղեցական մեր կեանքէն ներս։ Եւ այդ մէկը կարելի է ընել՝ հարց տալով.
– Ի՞նչ պիտի կորսնցնէր հայ ժողովուրդը, եթէ երեք դարեր առաջ, Մխիթար Սեբաստացին չանսար երկնային ձայներու, եթէ նախախնամութիւնը չառաջնորդէր անոր քայլերը Օսմանեան եւ պարսկական զուլումին տակ իր ինքնութիւնը կորսնցնող, խաւարի ու տգիտութեան մէջ խարխափող հայոց աշխարհէն դէպի Ատրիականի լուսաւոր ափերը՝ Սեւանայ կղզիէն դէպի լոյսի նոր փարոս դառնալիք միւս կղզին՝ Ս. Ղազարը։
Առանց վարանումի եւ առանց պատմական ճշմարտութեանց դէմ մեղանչելու, կրնանք յայտարարել, թէ Մեծն Մխիթար Սեբաստացի, հայրենասէր իր Միաբանութիւնը ոտքի հանելով եւ իր հետեւորդներուն մէջ թրծելով ամբողջական հայութեան ծառայելու ոգին՝ դարերու վրայ երկարաձգուող իր գործունէութեամբ ու անսակարկ նուիրումով մեր երկրորդ Լուաւորիչը հանդիսացաւ:
Ցարդ ոչ ոք փորձուած է Մխիթարեաններու կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը ուրանալ։ Այդ ուխտեալները, վանքերու նեղ խուցերուն մէջ մէյ մէկ մշտավառ ջահի վերածուելով՝ հիւծեցին իրենց կեանքը՝ դարեր ամբողջ լուսաւորելու համար հայ միտքը:
Եւ ամէնէն կարեւորը, անոնք մէյ մէկ ախոյեաններ հանդիսացան համահայկականութեան։ Եթէ չըլլար Մխիթարեաններու մօտ ամբողջ ազգին բացուելու, ամբողջ հայութիւնը գրկելու առողջ ոգին, գուցէ անոնք չդառնային բոլորէն սիրուած ու գնահատուած կրօնական ու մշակութային պատկառելի ուժ։
Միութենական պատմական այդ քայլին մէջ մենք կը տեսնէինք ժամանակի պահանջներուն շեշտակի նայելու իրատեսութիւնը։
80ական թուականներուն, մենք հաւատացած էինք, թէ սոյն գործակցութիւնը ճամբայ պիտի հարթէր աւելի լայն ու մեծ իրագործումներու, ինչու չէ նաեւ, շատ մօտաւոր ապագային՝ Հայ եկեղեցւոյ ամբողջական միութեան, ի փառս Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան։
Այդ կը ստիպէր ժամանակը եւ այդ կը թելադրէր խոհեմութիւնը։
Ներկայ ելոյթովս ուզեցի հայ մտաւորականութիւնը իրազեկ դարձնել, թէ ինչպիսի՞ հայրենապաշտ մթնոլորտի մէջ կոփուած են հայր Տաճատները։ Այսօր կարելի չէ հայր Տաճատի գրական-մշակութային գործունէութեան անդրադառնալ՝ անոր Մխիթարեան անցեալը մոռացութեան տալով։ Գուցէ անոր անցեալն է, որ զինք առինքնող դարձուց Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին, եւ հայր Տաճատի կրօնաբարոյական ատաղձն է, որ հասկնալի կը դարձնէ բազմաշերտ իր գրականութիւնը ու լոյս կը սփռէ հոն շօշափուած թեմաներուն վրայ։
Առանց յաւակնութեան, յանձն առի վերլուծելու սփիւռքահայ մտաւորականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն՝ բազմատաղանդ գրող, քննադատ, գրաբառագէտ ու նորարար բանաստեղծ Տաճատ վրդ. Եարտըմեանի նոր գործը՝ «Հաղորդութիւն»ը։
Հայր Տաճատի նման ինքնատիպ գրողի մը գործը վերլուծելու համար, պէտք է ասպարէզով քննադատ ըլլալ: Որպէս պարզ ընթերցող, հայր Տաճատին գրականութեան վրայ հիացող եւ Եարտըմեանի ժամանակակից գրող մօտեցած եմ այս գործին։ Ու կարելի չէ Եարտըմեանի մասին խօսիլ, անոր հրատարակած նոր հատորին անդրադառնալ եւ չծանրանալ ու չծառանալ ազգային մեր կեանքէն ներս հետզհետէ տիրական դարձող կեղծ բարոյապաշտութեան դէմ։ Ըսած եմ ու կը կրկնեմ, թէ մեր սերունդի խիղճին կը ծանրանար պարտականութիւնը՝ Նոպէլեան ապագայ հայածին մրցանակակիրներուն առջեւ հարթելու յաղթանակի ուղիներ։ Մեզի կ՛իյնայ նաեւ պարտքը արմատախիլ ընելու անոնց յաջող երթը խափանող խութերը, առնականացնելու հայերէն լեզուն՝ ձերբազատելով զայն ներքինիացնող տիրացուական «ֆեթիշ»ներէն։
«Արուարձաններ»ուն երկրորդ գլխուն մէջ, հայ գրողն ու միտքի մարդը զգաստացնող, ախտաճանաչումի յանդուգն փորձ կը կատարէ Վահէ Օշական, որ իմ եւ հայր Տաճատին նախասիրած սփիւռքահայ արդի հեղինակը եղած է։ Անիկա իրեն յատուկ խորհրդանշական պատկերներով, վերը նշուած «ֆեթիշ»ներով ու մտաւորական ցածորակ մակարդակով տագնապող գրողը կը սաստէ.
«Ապրիլ, կտրել ժանգոտ շղթաները՝ բանտի պատին օղակուած, քակել, նետել կաշիները ելետրական աթոռին, ոտքի կայնիլ. պայթեցնել դրան նիգը՝ դուրս խոյանալ աւանդական նրբանցքներէն,
Հազարամեայ վրիժառու կարօտով, մէկ-մէկ բանալ միւս խուցերը, քաշել, հանել դիմակները երկաթէ, կապանքները փրցնել,
Ծեծով, կիցով դուրս վռնտել
Պահակ, մահակ, հնամենի տնօրէն,
Բակ հաւաքուիլ, ցոյց ընել, կրակի տալ ամէն ինչ, որ արեգակը կը խափանէ եւ բոցերու ցոլքին մէջ,
Փորձել ապրիլ լոյսին ցաւն ու հրճուանքը.
Այո՛, բարեկամներ, պէտք է…
Դուրս խոյանալ, աւանդական նրբանցքներէն… ու կրակի տալ ամէն ինչ, որ արեգակը, իմա՝ յառաջդիմութիւնը, կը խափանէ…»:
Տարիներ առաջ, երբ նոր ծանօթացեր էի հայր Տաճատ Եարտըմեանին ու յաճախ միատեղ գրական մշակութային ձեռնարկներ կը յաճախէինք, օր մը կնոջս ու հայր Տաճատին հետ Իրանահայերու հին սրահը մտանք՝ մշակութային ձեռնարկի մը. միայն առաջին շարքը դեռ պարապ աթոռներ մնացեր էին։ Կարգադիր յանձնախումբէն մեզ դիմաւորող անծանօթ երիտասարդը հայր Տաճատին սքեմէն հմայուած՝ բնական էր զինք առաջին շարքը առաջնորդէր, մենք ալ սրահին խորերը կնոջս հետ, սուս ու փուս պարապ նստարան կը փնտռէինք։ Յանկարծ վէճ մը ծագեցաւ կարգադիրին ու երիտասարդ վանականին միջեւ։ Հայր Տաճատ քաղաքավարօրէն կը գոչէր. «Կը մերժեմ առջեւի շարքը նստիլ, երբ հայ գրողը, որուն գործերը դպրոցական նստարանիս վրայ կարդացեր եմ, ետեւի շարքերը կը շպրտուի»։ Ու խօսքին տէրը մնալով՝ անիկա եկաւ ու մօտս նստաւ։ Վստահօրէն հայր սուրբը մոռցած է այդ դէպքը… իր այդ պոռթկումին հետեւանքով, օրին անչափահաս զաւակներս զինք «Հայր Տաճար» վերամկրտեցին:
Այո, սիրելիներ, հայր Տաճատին մօտ անհանդարտ, ըմբոստ այդ գիծը նշմարած եմ մշակութային-գրական մեր գործակցութեան առաջին օրերէն իսկ։
Եարտըմեան գրո՛ղը, մտաւորակա՛նը, իմաստասէ՛րը, յարատեւ որոնումի մէջ է։ Յարատեւ պայքար ու կռիւ՝ խոշտանգուած մարդուն գոյութիւնը հարուածող անիրաւութիւններու դէմ։ Բարդ հոգեվիճակներու մարդն է ան, վկայ՝ գրական իր գործերը, որոնց գլխաւոր առանցքը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատալիքներուն վրայ խարսխուած գոյութենական փնտռտուքը ու մեր կեանքի իմաստաւորումը:
Գիտակցութեան հոսքը իր մօտ խութեր չի ճանչնար, ոչ ալ՝ սահմանաքարեր։ Գուցէ այդ պատճառով ալ, իր կարգ մը գործերուն մէջ կ՛անտեսէ, կարիքը չի զգար կէտադրական, օրինաչափական սահմանափակումներու:
Այդ է պատճառներէն մէկը, որ հայր Տաճատին զուտ գեղարուեստական գործերը, թիւով հինգ՝ «Դռնակ թիւ մէկ», «Թամբան», «Սահմանագիծ», «Հողը», «Մայթը», բացառելով վեցերորդ գործը՝ «Հաղորդութիւն»ը, ընդհանրապէս բնականէն աւելի լարում կը պահանջեն ընթերցողէն ու դժուարաւ կը կարդացուին։
Գալով «Հաղորդութիւն» գործին, որ 2003 թուականի Նոյեմբեր 2էն Դեկտեմբեր 25ի միջեւ աղօթքի ու խոստովանութեան «ֆորմաթ»ին տակ գրուած է, գիրքը կազմող 31 գլուխները, ըստ հեղինակին, սպասման սրտայոյզ, մտամոլոր այն օրերուն զուգադիպած էին, երբ հայր սուրբը վերջնական պատասխան կը սպասէր Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն, Սուրբ Էջմիածնայ մականին տակ ծառայելու բարեպաշտ հայ ժողովուրդին։ Պահը շատ կարեւոր է ախտորոշելու համար հոգեկան այն խոր տագնապը, այն տառապանքն ու անստուգութեան զգացումը, որ կ՛արտացոլայ հայր Տաճատի իւրաքանչիւր բառէն ու տողէն։ Գրքոյկին նախաբանը կամ սրտի խօսքը գրած է Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ պատկերաւոր բացատրութեամբ «աղօթող վարդապետը» կը կոչէ հեղինակը. «Եւ որքան հաղորդուիս անոնց խորհուրդով եւ հոգիով, այնքան իւրաքանչիւր աղօթք թարգմանը պիտի հանդիսանայ ներաշխարհիդ մէջ խմորուող զգացումներուդ եւ ապրումներուդ», կը խորհրդածէ Յովնան սրբազան:
Եւ յիրաւի, մեր աչքերուն պատկերուողը՝ ծնկաչոք աղօթող, տիրոջմէն գութ ու շնորհ աղերսող, իր մտորումներով մեզի ժամանակակից հայ հոգեւորականն է ան։ Եւ սրտաբուխ այդ աղերսանքը կարելի չէ անջրդի սրտով ու չոր աչքերով կարդալ, կարելի չէ չհամակուիլ ու չյուզուիլ ատկէ, քանի մը կաթիլ արցունք չթափել ընդհանուրի մեղքերու հաշւոյն, ու գէթ որպէս գրական ստեղծագործութիւն կարդալ այդ, որովհետեւ գրողն ալ, իր կարգին, աղի արցունքով, ցաւով ու տառապանքով երկնած է «Հաղորդութիւն» գործի 138 էջերուն մէն մի տողը։ Շատ դիւրին պիտի ըլլար հայր Տաճատին այս գործը Նարեկի Ողբին նմանցնելը, որպէսզի գործին ծանօթ չեղողներ իրազեկ դառնան «Հաղորդութիւն»ի էութեան: Յիշողութիւնս թարմացնելու համար, Նարեկի Ողբը դարձեալ աչքէ անցուցի։ Համեմատութիւնները յարգելով հանդերձ, նմանութիւնը գոյ է զոյգ հեղինակներու՝ հոգեւորականի կարգով եւ մարդկութեան ցաւերն ու անոնց մեղքերը շալկելու պատրաստակամութեամբ։ Հոն ալ կանգ պիտի առնէր չակերտեալ նմանութիւնը։
«Կ՛աղաչեմ ու կը պաղատիմ քեզի, Տէ՛ր, տես պրկուած հոգեվիճակս, տե՛ս թէ այդքան ալ դիւրին չէ կեանքի փոխանցում մը կատարել, կամ բարի երազ մը իրականացնել…», խոնարհութիւն արտացոլող այս տողերով կը սկսի հայր Տաճատ իր երկը։
Իսկ Նարեկը իր նշանաւոր Ողբը՝ հետեւեալ աղօթք-զրոյցով.
«Եւ քանզի խօսել սկսեցի քեզ հետ,
Որ կենդանի շունչն ունես ձեռքիդ մէջ բազմամեղ հոգուս,
Սարսում եմ սաստիկ տագնապով իրօք ու դողդողում եմ երկիւղից ահա,
Զի յիշելն անգամ քու անխուսափելի եւ անաչառ դատաստանի մասին,
Ուր պիտի մեղքերն իմ կշտամբուեն, ո՛վ արարիչ երկնի եւ երկրի,
Ահաւոր է եւ անպարփակելի, ու վեր ամէն սահմանումից…»:
Հայր Տաճատի պարագային, աղօթող վարդապետը ժամանակի զգացողութիւնը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի՝ «Հաղորդութեան» երրորդ բանաստեղծութեամբ զայն խոստովանանքի ու աղօթքի մակարդակին հասցնելով։
«Ո՞ւր ես, Տէր, ո՞ւր ես…,- կ՛աղերսէ բանաստեղծը,- որովհետեւ կը զգամ, թէ աղերսանքս անգամ անհաղորդ է քեզի, ո՞ւր ես, երբ փոթորիկէս խենթացած՝ ծունկի ինկած կ՛աղաչեմ քեզի…»:
Նարեկեան ողբով՝ հայր Տաճատ կը շարունակէ.
«æուրդ տուր ինծի Տէր,
Քու ջուրդ տուր ինծի, Աստուա՛ծ,
որպէսզի ակօս-ակօս
բացուին բեկուած բիբերը հոգիիս։
Յոգնած եմ Տէ՛ր,
այս աշխարհի ջուրերէն,
Եւ Քեզմէ հեռու
մնացեր եմ անհամ թակարդը
անապականութիւններուն,
æուրդ տուր ինծի Տէր,
որ ես ճանչնամ քեզ,
որ դատարկ սափորս լեցնեմ
ու վերստին ծնիմ ես։
Կ՛ամչնամ Քեզմէ,
Ո՛վ տիեզերքի Արարիչ
Ներէ ինծի եւ հաշտեցուր զիս Քեզի»:
Ու քիչ մը անդին, փիլիսոփայութեան բարձունքները հասած իր պատկերաւոր ոճով ան կը շարունակէ…
«Տէր Յիսուս Քրիստոս,
Ամօթէս գետինը մտեր եմ,
Այնքան կեղտ, ցաւ ու արիւն կայ
Ինծի շնորհած Քու պատկերիդ վրայ»:
Աղօթող վարդապետը ամօթէն բուռ մը դարձած մեր եւ իր հաշւոյն Հաղորդութիւն թիւ 13ով կը շարունակէ իր ողբ՛ը, մե՛ր ողբը, ամբողջ նիւթապաշտ մարդկութեան ողբ՛ը:
«Խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուած,
Հոգիս այսօր խաղաղութիւն չունի,
Մինչեւ որ քու մէջդ հանգչի։
Որովհետեւ,
Գոռոզութեամբս գլորեցայ,
Յաւակնութեամբս խեղճացայ,
Ամբարտաւանութեամբս թշուառացայ,
Մեծամտութեամբս տկարացայ,
Պարտութեամբս փոշիացայ,
Եսասիրութեամբս դժբախտացայ,
Ինքնագովասանքէս փճացայ,
Մեղկութեամբս հիւծեցայ,
Ընչաքաղցութեամբս աղքատացայ,
Ունայնասիրութեամբս պատժուեցայ,
Եւ մեղսագործութեամբս հողացայ…»:
Եւ այսպէս կարելի է շարունակել «Հաղորդութիւն» կոչուող ոսկեհանքին պեղումը։ Դեռ մարդս զգաստացնող շատ միտքեր կան այնտեղ, սակայն ինծի տրամադրուած ժամանակը չեմ ուզեր չարաշահել։
Այս երեկոյ ներկայ գրասէրներուդ հետ կը շնորհաւորեմ աղօթող սիրելի վարդապետը եւ հոգեւորական, գրական, մշակութային իր գործունէութեան մէջ անդրագոյն յաջողութիւններ կը մաղթեմ։ Արուեստով յագեցած այս տիպի գործերով պիտի ջլատենք մորմոններու եւ միւս աղանդաւորներու գրոհը Հայաստան աշխարհ։ Հայոց հոգիներու համար կռիւը տարբեր հարթութիւն տեղադրուած է, ու հայր Տաճատներու տաղանդին ու նուիրումին պէտք ունի Հայ եկեղեցին՝ հասնելու համար մտաւորական այն խաւին, որ կը կարծէ, թէ պարապ փամփուշտ արձակելով պիտի պարտութեան մատնէ նիւթապաշտութիւնն ու Եհովայի վկաները։ Հայր Տաճատին այս գործը, կարճ բացատրականով մը 10,000 տպաքանակով պիտի հրատարակուի, եւ իբրեւ «antidote»՝ հայ հաւատացեալներուն բաժնուի: