Հայոց Մեծ Եղեռնի 91րդ տարելիցին առթիւ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 25ին, «Յիշատակ Մեռելոց»ի օրը, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Առաւօտեան ժամը 10ին ժամերգութիւն, իսկ ժամը 11ին՝ պատարագ:
Պատարագը պիտի մատուցանէ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Արարողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւորականները:
Օրուան հոգեւոր պատգամը պիտի փոխանցէ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Արարողութեան աւարտին, հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն պիտի կատարուի մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգիներուն համար:
Հաւատացեալներ սիրով կը հրաւիրուին միասնաբար աղօթելու եւ ոգեկոչելու Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.