
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, կազմակերպութեամբ «Արփա» Հայաստանի համար վերլուծական ուսումնասիրութեանց եւ ծրագրումի հիմնարկին, դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403), որ նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու մէկ մասին համար հաստատուած Եգիպտոսի Փօր Սայիտ քաղաքի գաղթակայանին:
Վերապրողներուն համար հազուագիւտ ապաստանարաններէն մէկը հանդիսացած այս վրանաքաղաքին մասին պիտի դասախօսէ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան:
Մինչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուէր, Մուսա Տաղի հերոսամարտին շնորհիւ փրկուած, եւ ֆրանսական ու բրիտանական մարտանաւերով Եգիպտոս հասած հայորդիներուն համար հաստատուած էր սոյն գաղթակայանը, Սեպտեմբեր 1915ին: Գաղթականները հոն մնացած են մինչեւ 1919 թուական:
Հայերէնով մատուցուելիք սոյն դասախօսութեան ընթացքին, փրոֆ. Շէմմասեան մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ իւրայատուկ այս գաղթակայանին հաստատման, անոր կառավարման ու տեղացի հայերուն եւ ոչ հայերուն ցուցաբերած վերաբերմունքին ու օժանդակութեանց մասին:
Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան պատմութեան մասնագիտութեամբ իր դոկտորի կոչումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ու ներկայիս վարիչն է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական բաժինին: Անոր մասնագիտութեան գլխաւոր ոլորտներն են՝ Մուսա Տաղը եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողները: 2010ին, ան արժանացած էր Հայաստանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան շքանշանին՝ հայ մշակոյթը տարածելու իր աշխատանքներուն համար: