ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու եւ հաւանաբար այլ երկիրներու մէջ եւս, քաղաքացիները ամէն միջոց կը փնտռեն՝ նուազագոյն տուրքը վճարելու համար, միաժամանակ պետութենէն լաւագոյն սպասարկութիւնները ակնկալելով, առանց հարցնելու, թէ պետութիւնը ուրկէ՞ պիտի գոյացնէ այդ սպասարկութեանց հարկաւոր գումարները: Արդէն իսկ վիպապաշտականէն անդին անցնելով՝ անտրամաբանական կը նկատուի այն իտէալական համոզումը, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է աշխատի իր կարողութեան չափով, միաժամանակ սպառելով այնքան, որքան իրեն հարկաւոր է, եւ ոչ անկէ աւելի:
Տուրքերու արդար բաժանումը երկրի մը տարբեր խաւերուն վրայ ոչ միայն ընկերային տեսակէտէն կրնայ նպաստաւոր ըլլալ քաղաքացիներուն, այլ աւելի ամուր հիմերու վրայ կրնայ դնել անոր տնտեսութիւնը՝ նուազեցնելով ճգնաժամերուն եւ դասակարգերու միջեւ բախումներուն հաւանականութիւնը:
Սակայն այս արդար բաժանումը սովորաբար տեղի չունենար, որովհետեւ տուրքերու բաժանումը կը կատարուի հսկայ ընկերութեանց հետ մօտիկ կապեր ունեցող քոնկրեսականներու կողմէ, որոնցմէ մէկը՝ Վըրմանթէն անկախ սակայն սովորաբար դեմոկրատներու հետ քուէարկող ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ, վերջերս սկսած է աղմուկ բարձրացնելու, որովհետեւ անարդարութիւնը հասած է չափազանց մակարդակի, այս օրերուն, երբ դաշնակցային, նահանգային ու տեղական իշխանութիւնները ընկերային սպասարկութեանց ծախսերը կը կրճատեն:
Սենտըրզ հրապարակած է տուրքերէն խուսափելու ամենալաւ միջոցները գտած հսկայ ընկերութիւններուն ցուցակը, որուն մէջ կան «Exxon Mobil», «Bank of America», «General Electric», «Chevron», «Boeing», «Valero», «Goldman Sachs», «Citigroup», «ConocoPhillips» եւ «Carnival Cruise Lines» ընկերութիւնները: «General Electric»ի՝ «Ճի.Ի.»ի պարագային, ընկերութիւնը անցեալ տարի 14.2 միլիառ տոլարի շահ ապահոված է, սակայն ոչ մէկ սենթ տուրք վճարած է դաշնակցային կառավարութեան՝ շահագործելով ամերիկեան տուրքերու օրէնքներուն ընծայած փախուստի միջոցները, որոնք օրէնսգիրքին մէջ վստահաբար տեղադրուած են հսկայ ընկերութեանց թելադրանքով: Յատկանշական է նաեւ, որ ընկերութիւնը 975 պաշտօնեաներով տուրքերու բաժանմունք մը ունի, եւ ընկերութեան պատկանող «Էն.Պի.Սի.» կայանը կը նախընտրէ «Ճի.Ի.»ի այս «մեծ իրագործումին» մասին լրատուութիւն չկատարել: