ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Մարտ 30ին, ԵԱՀԿի նախագահը՝ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Օտրոնիոս Ազուպալիս, անգամ մը եւս կոչ ըրաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ արձակազէնները հեռացնեն սահմանային գօտիէն, ցաւ յայտնելով, որ անցեալ ամիս կատարած իր այս առաջարկը մերժուած էր Երեւանի ու Պաքուի իշխանութեանց կողմէ: Ան աւելցուցած է, թէ Կովկասի մէջ որոշ բարեկարգումներ ու դէպի ժողովրդավարութիւն քայլեր կ՛առնուին, սակայն գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները դէմ կը կանգնին անոնց յառաջխաղացքին: Ան յուսադրիչ համարեց Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպումը, որուն ընթացքին առնուազն գոյացած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու աշխատանքներուն մէջ «յառաջդիմութիւն ապահովելու լուրջ հիմք մը»:
ԵԱՀԿի նախագահը կրկնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը որոնող ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը չի կրնար տագնապը ինքնագլուխ կերպով լուծել, այլ պարզապէս կրնայ տագնապը լուծելու առաջարկներ եւ ծրագիրներ ներկայացնել հակամարտ կողմերուն: «Ոչ ոք կրնայ տագնապը լուծելու գործընթացը առաջ մղել, եթէ այդ մէկը իրականացնելու քաղաքական կամք գոյութիւն չունենայ», եզրակացուցած է ան: