
ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Ազգ».- Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն կը տեղեկացնեն, թէ Նոյեմբեր 28-30ին, Էջմիածինի մէջ կայանալիք ԱՊՀ երկիրներու միջկրօնական խորհուրդի նիստին պիտի մասնակցի նաեւ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն:
Տեղեկատուութեան մէջ չէ մանրամասնուած սակայն, թէ նիստի ընթացքին ինչպիսի՞ հարցեր պիտի քննարկուին. այնուամենայնիւ, չի բացառուիր նոյն ծիրէն ներս երկու երկիրներու կրօնական առաջնորդներուն հանդիպումը:
Ատրպեճանական աղբիւրները, սակայն, կը պնդեն, թէ Փաշազատէի Հայաստան այցելութիւնը տակաւին անորոշ է: Արդարեւ, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Ռահիմա Տատաշեւա յայտարարած է, թէ այս այցելութեան մասին խօսելու դեռ շատ կանուխ է: