
ՔՈԼՈՄՊԸՍ, Օհայօ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Մարտ 31ի երեկոյեան, Օհայոյի նահանգապետը ստորագրեց նահանգային խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ մէկ օր առաջ վաւերացուած այն օրէնքը, որ կը սահմանափակէ նահանգային 360,000 պաշտօնեաներուն միասնաբար բանակցելու իրաւասութիւնները, եւ կ՛արգիլէ միութիւններուն գործադուլները:
Օրէնքին ընդդիմացող դեմոկրատները որոշած են զայն բեկանելու համար հանրաքուէ մը իրականացնել յառաջիկայ Նոյեմբերին:
Օրէնքը նման է Ուիսքանսընի մէջ վաւերացուած բանաձեւին, որուն գործադրութիւնը ներկայիս սառեցուած է նահանգային դատարանի մը կողմէ, անոր ընդդիմացող դեմոկրատներուն կողմէ բացուած դատի մը պատճառով: