«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, որ որոշած է «քաղաքացիական անհնազանդութեան» դիմել, այս անգամ շարժման անցաւ դպրոցներու մէջ աշակերտներու պարտադրուած երդումին դէմ։ Կուսակցապետ Սելահետին Տեմիրթաշ պաշտօնապէս պահանջեց, որ իր աղջիկը դպրոցին մէջ զերծ մնայ ամէն օր այդ երդումի արարողութեան մասնակցելու ստիպողութենէն՝ զայն մարդկային իրաւունքներու դէմ առնուած քայլ համարելով:
«Աղջիկս, որ իր մայրենի լեզուով ուսումի իրաւունք չունի, ամէն օր կը ստիպուի կարդալ «երդում» կոչուած պատճէն մը, որ ցեղապաշտ ասութիւններով լեցուն է. ուստի, այսուհետեւ ան պիտի չընդունի, որ ամէն օր կարդայ այդ ցեղապաշտ պատճէնը, զոր ես կը դիտեմ որպէս մարդու իրաւունքներու խախտում։ Կը պահանջեմ, որ այսօրուընէ սկսեալ ջնջուի երդումի արարողութիւնը եւ աղջիկս զերծ մնայ այսպիսի երդում մը կարդալու ստիպողութենէն», գրած է Տեմիրթաշ, Տիարպեքիրի կրթական տնօրէնութեան յղուած իր աղերսագիրին մէջ։
Յիշեցնենք, որ դեռ քանի մը օր առաջ, «Հիւրրիյէ»չի աւագ խմբագիր Էրթուղրուլ Էօզքէօք, «Գալֆայեան» վարժարան այցելութեան ընթացքին տեսած էր պատէն կախուած «Երանի անոր, որ թուրք եմ կ՛ըսէ» վերտառութիւնը եւ գրած էր, որ փոքրամասնական դպրոցի մը մէջ այսպիսի վերտառութիւն կախելը անտեղի է, ու առաջարկած էր, որ անոր փոխարէն գրուի՝ «Երանի անոր որ Թուրքիոյ քաղաքացի եմ կ՛ըսէ» ասութիւնը։
Ուշագրաւ է, որ վերջերս որոշ ազատամիտ գրողներ սկսած են գանգատներ ներկայացնելու այնպիսի ազգայնապաշտ լօզունգներու դէմ, որոնք երկրին մէջ արմատացած են տասնամեակներէ ի վեր։