ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ դեսպանատունը անհանգստութիւն յայտնած է երկիրի ընդդիմադիրներուն կողմէ Պաքուի կեդրոնը, Ապրիլ 2ին խաղաղ բողոքի ցոյց կատարելու փորձերը կանխարգիլելու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կառավարութեան քայլերուն, ինչպէս նաեւ նախքան նախատեսուած ցոյցը՝ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները ձերբակալելու առնչութեամբ։
Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է յարգելու երկիրի սահմանադրութեամբ, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց վերաբերեալ միջազգային համաձայնագիրներով ամրագրուած իրաւունքները՝ հաւաքներու ազատութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ձերբակալուած ընդդիմադիրներուն համար կազմակերպելու բաց եւ թափանցիկ դատական նիստեր, եւ անոնց համար ապահովել համապատասխան իրաւաբանական խորհրդատուութիւն։
Ատրպէյճանի ոստիկանութեան տուեալներով, Ապրիլ 2ի ցոյցին ընթացքին 75 հոգի ձերբակալուած է։ Ընդդիմութեան ղեկավարները կը պնդեն, որ ձերբակալուածներուն թիւը կը հասնի 200ի։