ՊՈԼԻՍ, «Փանորամա».- Անցեալ շաբաթ, Արժանթինի դաշնակցային դատարանը բաւարարած էր Գրիգորի Հայրապետեանի հայցը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ: Գրիգորի Հայրապետեան 2000ին դիմած էր արժանթինեան դատարան՝ պահանջելով պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան, 100 տարի առաջ անհետք կորսուած իր 50 ազգականներու ճակատագիրին համար:
Այս առթիւ, թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթին համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է արժանթինեան դատարանին որոշումը դատապարտող յայտարարութեամբ մը:
Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ նման զարգացումներ չեն կրնար ծառայել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման, թուրքերու եւ հայերու՝ անցեալը միասին գնահատելու ու երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղած երբեմնի բարեկամութիւնը վերականգնելու ջանքերուն: