ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 5ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակ մը յղած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ բացատրութիւն պահանջելով Ապրիլ 1էն 3, Ստեփանակերտի մէջ կայացած միջազգային խորհրդաժողովի մը մասնակցած կիպրացի թուրք քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեան մասին:
Պաքու կը պնդէ, թէ նման այցելութիւններ պէտք է կատարուին իր արտօնութեամբ:
Ըստ «Ռենկում» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ գործող Հանրապետական թրքական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Քութլայ Էրք եւ գերագոյն ատեանի անդամ Էմինա Չոլաք մասնակցած են բրիտանական կազմակերպութեան մը կողմէ կայացած խորհրդաժողովին՝ քննելով Լեռնային Ղարաբաղի ու գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի տագնապներուն նմանութիւններն ու տարբերութիւնները: