ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Թուրքիան, իբրեւ ժողովրդավար երկիր ծախել փորձողներուն գործը աւելի եւս դժուարացնելով՝ Թուրքիոյ ընտրական բարձրագոյն խորհուրդը Երկուշաբթի, Ապրիլ 18ին հրապարակեց վճիռ մը, ըստ որուն, Յունիս 12ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութեանց պիտի չկարենան մասնակցիլ 12 անկախ երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնցմէ եօթն անդամ են քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրադավարութիւն կուսակցութեան:
Գիտակցելով, որ դժուարութիւն պիտի ունենայ յաղթահարելու խորհրդարան հասնելու համար 10 տոկոսի սահմանը՝ սոյն կուսակցութիւնը որոշած էր ընտրութեանց ներկայանալ անկախ թեկնածուներու միջոցաւ:
Արգիլեալ թեկնածուներէն են ներկայ երեսփոխաններ Կիւլթեն Քըշընաքն ու Սեպահաթ Թունճել, ինչպէս նաեւ յայտնի քիւրտ քաղաքական գործիչներ Լէյլա Զանան, Հաթիպ Տիճլէն եւ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւն, որոնք անցեալին բանտարկուած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու չհաստատուած ամբաստանութիւններով: Յիշեցնենք, թէ Զանան Եւրոխորհրդարանի մարդկային իրաւանց պաշտպանի մրցանակը ստացած էր: Ան մօտաւորապէս 10 տարի բանտարկուած մնալէ ետք, 2004ին ազատ արձակուեցաւ:
Ներկայիս Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը կը քննէ ընտրութեանց չմասնակցելու հաւանականութիւնը, բողոքելու համար այս որոշումին դէմ: Կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ խստօրէն դատապարտեց ընտրական բարձրագոյն խորհուրդի որոշումը եւ աւելցուց, թէ որոշումը իբրեւ «աղէտ» պիտի արձանագրուի Թուրքիոյ դատական ու քաղաքական պատմութեան մէջ, աւելցնելով, թէ «մէջքէ վար հարուած»ի նմանող այս որոշումը «պետական դաւադրութիւն» մըն է: Կուսակցութիւնը առաջարկեց խորհրդարանական արտակարգ նիստ մը գումարել՝ քննելու համար այս հարցը:
Երեքշաբթի օր որոշումին դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր), Վանի ու նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ: Ըստ «Ա.Էֆ.Փէ.»ի, առնուազն 20 ցուցարարներ ձերբակալուած են ու քանի մը տասնեակ ուրիշներ՝ վիրաւորուած:
Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, թէ «թրքական ժողովրդավարութիւն» կոչուող այս այլանդակ դրոյթը հիմնուած է այն հասկացողութեան վրայ, որ քաղաքական կեանքին մասնակցելու իրաւունք ունենալու համար, նախ պէտք է համաձայն ըլլալ երկրի կառավարութեան հետ: Այլախոհները դէպի լեռներ մղելու աւելի լաւ միջոց կա՞յ: