ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20ին պիտի սկսի քննարկելու Եմէնի տագնապը, որ արդէն թեւակոխած է իր երրորդ ամիսը։ Դիւանագէտներ կը յայտնեն, թէ ՄԱԿի քաղաքական հարցերու վարչութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին, որ իր նիստի աւարտին Եմէնի վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ»։
Միւս կողմէ, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Երկուշաբթի օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ հանդիպում ունեցան Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ներկայացուցիչներուն հետ։
Կիրակի օր Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած սոյն նախարարներուն եւ Եմէնի ընդդիմութեան ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումը յատկանշական արդիւնք մը չէր տուած:
Նշենք, որ ընդդիմութիւնը շեշտած է Սալեհի իշխանութենէն անյապաղ հեռացման կարեւորութիւնը։
Նաեւ, Եմէնի իշխող կուսակցութենէն հրաժարած նախարարներ եւ երեսփոխաններ յայտնեցին, թէ Արդարութիւն եւ կառուցում անունով նոր համախմբում մը կազմած են։ Անոնք կոչ ըրին երկրի բոլոր հատուածներուն, որ համախմբուին, եւ գնահատեցին Եմէնի տագնապի լուծման համար Ծոցի արաբական երկիրներուն ջանքերը, ինչպէս նաեւ հաստատեցին նախագահ Սալեհի հեռացման ընդդիմութեան պահանջին կարեւորութիւնը։
Հարաւային Եմէնի մէջ, նախագահին հրաժարականը պահանջող ցուցարար մը սպաննուեցաւ Երեքշաբթի օր եւ քանի մը ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ապահովական ուժեր ցուցարարներուն վրայ կրակ բացին։