ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԽՕՍՔԸ
Կեանքիս այս հանգրուանին, ընթերցողներուս հետ ես ալ հարց պիտի տայի, թէ ինչո՞ւ գրուեցաւ այս վէպը։ Շիտակը, կը դժուարանամ համոզիչ պատասխան մը գտնել արդարօրէն կատարուած հարցադրումին։
Իրօք, յաճախ հեղինակի մը գրած գիրքերու հրատարակութիւնը զաւակներու ծննդեան կը նմանցնեն։ Ինչպէս զաւակներու ծննդոցին, նոյնպէս ալ գրուած ու հրատարակուած իւրաքանչիւր գիրքի ետին, յատկապէս հայ գրողի պարագային, չըսեմ տրամա ու ողբերգութիւն, բայց գոնէ դիպուած մը կամ յուզիչ պատմութիւն մը ծրարուած է։
Ցարդ, խուսափած եմ գիրքերուս ետին պահուած դրուագներուն մատչելու եւ անոնց մասին որեւէ ակնարկութիւն ընելու, կեդրոնանալով նորը գրելու մարտահրաւէրին վրայ, քան թէ՝ հինը եղերերգելու։ Գուցէ օր մը ժամանակ ու սիրտ գտնեմ քանի մը կարճ նախադասութիւններով անդրադառնալու գիրքերուս ծննդոցին։
Ներկայ հատորը, ինչպէս արդէն կռահեցիք, փլանաւորուած չէր։ Կը փորձէի կիսատ մնացած գործերս ամբողջացնել, օրինակ «Ֆրիվէյ» եւ «Փասփոր»չ վէպերուս երկրորդ հատորները։ Յատկապէս, Յակոբ Կարապենցին մէկ նամակը ընթերցելէս ետք, ուր տաղանդաւոր ընկերս ինծի կը թելադրէր, որ մասնաւորապէս Ֆրիվէյներս կիսատ չթողում, համապարփակ այդ գործին մէջ տեսնելով Սփիւռքահայ վէպը։
Գրական երկարամեայ կեանքիս ընթացքին յաճախ պատահած է, որ երկու երեք գործ միատեղ երկնեմ։ Սակայն երկու տարի առաջ անցուցած ուղեղային կաթուածը, ենթագիտակիցիս մէջ ահազանգ հնչեցնելու ծառայեց, որ հակառակ երիտասարդ ու չարքաշ արտաքին երեւոյթիս, իմ ալ երկրաւոր գոյութիւնս, սերնդակիցներուս նման՝ խցուող երակի մը քմայքէն կախուած էր։ Եւ ես լուրջի առի բնութեան հնչեցուցած ահեղ այդ զանգը։
Ու հազիւ գրական առօրեայ զբաղմունքներուս վերադառնալու երկչոտ որոշումը արի, սկսայ տասնամեակներէ ի վեր թողլքուած արխիւս կարգի բերել, անշուշտ հոն յայտնաբերած գերդաստանիս նախաեղեռնեան ու իմ մանկութեանս լուսանկարները բաւական աղօտ յիշատակներ արթնցուցին մէջս ու հոգեկան-մտաւորական աշխարհս տակն ու վրայ ըրին։ Սակայն բառիս բուն առումով, «Առաքելութիւն Մարաշ» գործին դայեակն ու քաթալիստը հանդիսացաւ երկուորեակ եղբայրս, երբ օր մը բաժակ մը խմիչքի վրայ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կը խրտչէի ազգատոհմիս Գողգոթան վիպագրելէ։
Փիէռը, գրել սկսած օրէս զիս քաջալերող ու յաճախ խստաբիբ քննադատի դերը ստանձնած՝ ու կարեւորագոյնը՝ ամէնէն հաւատա- րիմ ընթերցողներէս մէկը հանդիսացած է։ Եւ ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը պահեմ, յաճախ օգտուած եմ իր ակնարկութիւններէն։ Ափրիկէ մէջ առաջինը ինք կ՛ըլլար գրածներս ընթերցողը ու խրախուսողը։ Երկուորեակ եղբայրս իր կարգին, ջղուտ հրապարակագրի ասթար ունէր, սակայն երգն ու երաժշտութիւնը նախընտրած է ու չէ շարունակած հրապարակագրական ապերախտ աշխատանքը։
Եւ քանի որ իմ սերունդիս տղոց ամբողջ կեանքը գրեթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրուած էր, իմ կարգիս, այդ թեմայով ահագին գրականութիւն կարդացած եմ, Եղեռնը, ներսով դուրսով ինծի ծանօթ թեմայ եղած է, հակառակ անոր, որ նախորդ երկու հատորներով «Փասփոր»չ եւ «Մերսի Պոքու Ասպետական Ֆրանսա» միայն մասնակիօրէն անդրադարձած եմ ատոր։ Վերջերս ալ «Աստ հանգչի օր ու արեւ չտեսած հայու ակնոցը…» պատմուած քիս մէջ ուղղակի շօշափած եմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Երբոր Ափրիկեան խոլարշաւ կեանքս սկսաւ ու կանուխէն եղբօրս հետ գործատէր դարձանք, շուրջերնիս եւրոպացի ու ամերիկացի սպիտակամորթ հուրի փերիներ կը դառնային։ Յաճախ շաբաթավերջերը, երբ պարելու եւ ժամանցի համար դուրս կ՛ելլէինք ու գիշերային վայրեր կ՛այցելէինք, այդ օրուան բոցիս հետ, երկու բաժակ խմելէ ու երկու ոտք պարելէ ետք, աղջկան ակնկալած սիրային արայայտութիւններու ավալանշին փոխարէն, կ՛ելլէի քեմալականներու կողմէ խոշտանգուած մանկութիւնս կը վերյիշէի ու յանկարծ տրտմելով, խեղճ աղջիկներուն հետ կողք կողքի նստած ցեղասպանութեան թեման կ՛արծարծէի։ Եւ այդ մէկը կ՛ընէի ենթագիտակցօրէն, շատ բնական կերպով։
Երբ իրերյաջորդ հատորներս սկսան լոյս տեսնել, փորձեցի ցեղասպանութեան թեմայէն հեռու մնալ ինչքան, որ այդ մէկը անկարելի թուար հայ դատականի մը։
1993ին Լիբանան մեկնեցայ հիւանդ մայրս խնամելու։ Մօտ տարի մը մնացի հոն վերյիշելով մանկութիւնս ու ցեղասպանութենէն ճողոպրած թաղեցի հերոսներս։ Զոյգ մը գործեր ծնան այդ ժամանակաշրջանին՝ «Մերսի պոքու ասպետական Ֆրանսա»ն եւ «Ողջո՛յն՝ յաւերժական Լիբանան» հատորները։ Իսկ հիւանդի անկողնէն մօրս պատմածները գրի առի յետագային գործածելու եւ օր մը ազգատոհմիս պատմութիւնը վերականգնելու համար։ Սակայն տունէ տուն փոխադրութիւններու ատեն ամէն ինչ տակն ու վրայ եղաւ։ Ցարդ չեմ կրցած գտնել այդ շրջանի օրատետրս։
Մինչ այդ փորձեցի վերականգնել յիշողութիւնս ու Եղեռնի պատմական ծանօթութիւններս։ Երբ «Փասփոր»չ վէպին կը ձեռնարկէի, Կլենտէյլ Գոլէճէն ներս՝ Լեւոն Մարաշլեանին դասընթացքներուն հետեւեցայ ամբողջ երեք ամիս։ Իսկ երբոր «Միշըն թու Մարաշ»ը սկսայ գրել, բարեկամիս՝ Մարաշի հայրենակցական միութեան նախկին ատենապետ՝ փրոֆ. Օննիկ Քէշիշեանին դիմեցի, որ հօրս ծննդավայրին հետ կապուած պատմութեան հայող քանի մը հատորներ թելադրէր։ Ելաւ ինծի «Մարաշի Առիւծները» հատորը փոխ տուաւ։ Պատմական տեղեկութիւններու ու ականատեսի վկայութիւններու ոսկեհանք մըն էր Ճոնաթան Քէրրի անգլերէն այդ հատորը։ Երբ իմացայ, որ ցարդ ոչ ոք թարգմանելու փորձ կատարած էր այդ գործը, պարտականութիւնը զգացի անձամբ նախաձեռնելու։ Իսկ մտաւորական ու գրական քննադատ բարեկամս՝ Երուանդ Գոչունեան, սիրով յանձն առաւ կատարելու խմբագրական դժուարին աշխատանքը։
Ճիշդ է որ «Մարաշի Առիւծներ»ուն պոչին փակելով տարի մը յետաձգուեցաւ այս գործը, սակայն մէկի տեղ երկու հատոր հրապարակ նետելը կ՛արժէր վճարուած գինը…
«Միշըն թու Մարաշ» ներկայ գործին իբրեւ վէպ կամ տոհմագրութիւն չմօտեցայ։ Ինչպէս Հայաստան, գրողներու համագումարին իմ ելոյթիս մէջ շեշտած էի, այլեւս հինգ վեց հարիւր էջերով վէպերուն օրը անցած է։ Հայ գրողը իր վէպը սպիտակ պաստառի համար պիտի գրէ ու սցենարի նման խճճէ պատկերներով ու աքշընով (գործողութիւններով-Խմբ.) կամ ալ հետաքրքրական, ֆանթաստիք գործողութիւններով։
Ներկայ հատորը մօտ 175 էջերէ կը բաղկանայ։ Տոհմագրութեան կողքին թափ տուած եմ երեւակայութեանս ու վտանգաւոր գործողութիւններով յագեցած է ամէն մէկ գլուխ։ Ներկայիս, ծանօթ իրողութիւն է, որ հոլիվուտեան սցենարները ութսուն էջերու սահմանին մէջ կը մնան, եւ թէ հեղինակ մը այս պարագային շատ բան ըսելու մոլուցքին զոհ պիտի չերթայ, ինչպիսին էր «Արարատ» ժապաւէնին պարագան։ Յաճախ նկատած ենք որ դիպավէպ մը իր պարզ վիճակին մէջ աւելի նպատակին կը հասնի քան խճողուած։
Ի մանկուց խօսեցեալներու ռոմանթիկ պատմութեան հետ վէպը առաջ տանող հերոսներն են փեսային քաջասիրտ մայրը, հարսին դեղագործ ու խորապէս հայրենասէր հայրը, որբանոցի տնօրէն սպանական ազնուական ծագումով միսիոնար վարդապետը եւ մասնաւորապէս ֆրենսիսքէն ուխտէն հայազգի հայր Փասքալ Մալճեան, միս ու ոսկորով հերոս վարդապետ մը, որուն թուրքերը «պոմպաճը փափազ» մակդիրը տուած էին եւ իրօք, օսմանեան դատարանը զինք մահուան դատապարտած էր, հայ յեղափոխականներու եւ ըմբոստներու հետ իր գործակցութեան համար։
Վերջապէս, գուցէ այս գործը իր ներկայ ֆորմաթին մէջ չհրատարակուի։ Անգլերէնի թարգմանուելով, րէժիսէօր մանչս, «Վարդանանց» իր ծրագրին յաջողութենէն վերջ գուցէ սպիտակ պաստառ հանէ «Միշըն թու Մարաշը»։
Շնորհակալութիւններս եղբօրս՝ Փիէռին, որ ինչպէս վերը ըսի, այս գործին դայեակը հանդիսացաւ։ Շնորհակալութիւններս՝ Օննիկ Քէշիշեանին եւ Երուանդ Գոչունեանին իրենց եղբայրական վերաբերմունքին ու բերած նպաստին համար։ Եւ մասնաւորապէս շնորհակալութիւն ընտանիքիս անդամներուն՝ իրենց համբերութեան ու հասկացողութեան համար։
ՀԵՂԻՆԱԿԸ
Էզաճը Աւագ Էֆէնտիին եւ իր նորահարսին ճամբայ ելլելէն քիչ ետք, Եէնիճէ Գալէյի Ֆրենսիսքէն միսիոնարական վանքի պարիսպներու ետին՝ Փատրէ Կարսիային գրասենեակը հաւաքուած էին, որբանոցի տնօրէնուհի՝ Մարիա Խանըմը, Ենիճէ Գալէցի արհեստաւոր գործարար մը եւ Ֆրենսիսքէն ուխտէն՝ հայր Փասքալ Մալճեան, որուն Թուրքիոյ տարածքին մահմետական խուժանը «Պօնպաճը Փափազ» մակդիրը տուած էր։
Ներկաները, վանահօր մահոկանիէ անթիկ գրասեղանին շուրջ բոլորուած էին, երբ Փատրէ Կարսիաս, կանգնած տեղը խուճապի մատնուած մարդու տագնապով, ենիճագալէցի արհեստաւորին դարձաւ՝
-Գալո՛ւստ Աղա, հաճիս Մալճեան վարդապետին կրկնէ քիչ առաջ ինծի տեղեկացուցածդ։
Գալուստ աղան տատամսոտ, մէկ օտար միսիոնարին ուղղեց նայուածքը, մէկ որբանոցի տնօրէնուհիին խիստ, սարսափահար դէմքին, ապա՝ հայր Մալճեանին, որուն առասպելական քաջութեան մասին Մարաշի շուկայի գռիհներուն կրկնուող ժողովուրդային բանահիւսութեան քաջածանօթ էր։
-Փատրէ՛, այս առաւօտ չլուսցած,- ըսաւ Գալուստ աղա,- երբ Մարաշէն վերադառնալու համար ճամբայ ինկանք, ուր մանչուս հետ գացած էինք ձեռագործ մեր ապրանքները շուկայ իջեցնելու, վերադարձին Էրման գետի կամուրջին չհասած, թուրք զափթիէյի հագուստին տակ ծուարած աւազակներ մեզ կանգնեցնելով թալանեցին մեր հում ոսկիէն եւ վաճառած ապրանքին փոխարժէք հանդիսացող հնչիւն մեճիտիէներէն… վախվխալով պատմեց ոսկերիչ Գալուստը,- Աստուծոյ փառք կու տանք որ, շարունակեց ան,- երիտասարդ տղուս կեանքին վնաս չհասցուցին ու մեր ձիերն ալ չառեւանգեցին… հետեւցուց հայ ոսկերիչը, լացն ու յուզումը զօրով զսպելով։
Հայր Մալճեան նստած տեղէն կատղած ցուլի նման ոտքի ցատքելով՝
-Գալու՛ստ աղա, ըսէ՛ քանի՞ հոգի էին այդ սրիկաները…
Գալուստ աղան շուարեցաւ։ Անոր ահ ու սարսուռ պատճառողը հայազգի միսիոնարն էր, որուն մէջքէն կախուած փայտեայ խաչին ու կրօնաւորի սքեմին տակ, թուրքերը կը հաւատային, թէ խանչէր (դաշոյն-Խմբ.) եւ ատրճանակ կախուած էր, մարաշցի ականատեսներ եղեր էին… Այդպէս կ՛ուզէր հաւատալ ժողովրդային լեկէնտը (առասպելը-Խմբ.), արիւնալի այդ միւս դէպքէն ի վեր։ Եւ դեռ այս պահուս անոր աչքերէն փայլատակող վրէժի զգացումը կը զրահէր հայ արհեստաւորը իր ցեղին մօտ յաճախ ճնշուած առնական յանդգնութեամբ։
-Պոնպաճը փափազ էֆէնտի, -ըսաւ ոսկերիչ Գալուստը, լեզուական սահանքով, յանկարծ անոր «պոնպաճը Փափազ»ի մակդիրը յիշելով,- ծպտեալները երկուս էին, իսկ տասնեակ մը զինեալներ ալ կարծեմ ժայռերու ետին պահուըտած էին…
Էզաճըն եւ իր նորահարսը ժամը քանիի՞ն ճամբայ ելան,- հարց տուաւ հոգեւորականի կապային տակ պահուըտած դիւցազնը, կատղած ցուլի վրէժխնդրութեամբ։
-Կարծեմ չլուսցած, վա՛ղ առաւօտուն…,- պատասխանեց իր էութեամբ ցնցուած որբանոցի տնօրէնուհին։
Ու յանկարծ, կայծակնային արագութեամբ դէպի դուռ թռաւ ան,- ես գացի… Էզաճըյին գլուխը ֆելեգէթ մը չեկած,- մռնչելով։
Առանց աւելորդ բացատրութիւն տալու վանքին բակը կապուած ձին նետուեցաւ հայր Մալճեան ու հապճէպով իջաւ բերդաքաղաքին հայկական շուկան, ուր երեք երիտասարդ հայ ձիաւորներ, պատրաստ՝ անոր ազդանշանին կը սպասէին։ Ծպտեալ հայ երիտասարդ ֆէտայիները հետեւեցան իրենց հոգեւորական առաջնորդին։ Ու չորս հայ ձիաւորներ քառասմբակ բռնեցին Մարաշի ուղղութիւնը։
…
Մինչ այդ…
Թուրք «զափթիէ»ները իրարու վրայ կուչ եկած՝ զոյգ ճամբորդներու աչքերուն առաջ, գրեթէ մերկացուցին Աւագ Էֆէնտիին կառապանը։ Անոնց կոպիտ վերաբերմունքը, երիտասարդ դեղագործին մէջ հայրենապաշտ ըմբոստն ու յեղափոխականը արթնցուց։ Սակայն այդ ըմբոստն ու հայրենապաշտը ոչ իսկ «քէօր» դաշոյն մը ունէր ինքնապաշտպանութեան համար։ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին քրիստոնեային ու մասնաւորապէս հայուն արգիլուած էր զէնք կրելը։ Իսկ այս պահուս իր աչքերուն առջեւ կը նուաստացնէին իր անմեղ ցեղը եւ դեռ հայհոյանքներու տարափով ու «կեաւուր» անուանարկումով իբրեւ թէ «սիլախ» ու «ճեփխանէ» կը փնտռէին անտաշ կառապանի եւ օրհնաբեր ասպարէզի տէր խաղաղ քաղաքացիներու մօտ։
Նորահարս Մարին, գլուխը երիտասարդ իր ամուսնոյն կուրծքին դրած՝ սարսափէն կը դողար ու կ՛արտասուէր՝ սրտառուջ լացը հազիւ զսպելով։ Ի վերջոյ, ներքնազգեստով թողուցին կառապանը՝ մօտակայ ծառի մը կոճղին կապուած։
Իսկ իր կարգին, Աւագ Էֆէնտի սատիստիք զափթիէին մօտենալը տեսնելով՝ արգահատանքով, զզուանքով լեցուեցաւ:
-Ծօ ձեռքս ատրճանակ մը չունիմ, որ սա զզուելիները կիւլլեմ ու շան սատակ ընեմ…, խորհրդածեց ան։
Չէ, այս մարդուկները խաղին օրէնքը յարգողը չէին։ Ասոնց նպատակը օրէնքը յարգել տալ չէր, դեղագործ մտաւորական մարդու մօտ ի՞նչ զէնք, ի՞նչ զինամթերք ու «ճեփխանէ»… ցնդեր են, ինչ են։ Աւագ Էֆէնտիին տարօրինակ թուեցաւ հրապարակով մարդ մերկացնելու թուրք զափթիէ կոչեցեալներու անհեթեթ ու անօրէն վերաբերմունքը։
Ինքզինք հաւաքելով, տարիքաւոր ոստիկանին՝ «Նէ օլիօրսընըզ, պէն թիւրք վաթանտաշլարա գարտաշըմ կիպի պախան չոք պելլի պիր էզաճը եըմ, թոփնան, թիւֆէնքնէն իշիմ եոգթուր եահօ՛…» ըսելով՝ գայլերու գլխուն փորձեց Աւետարան կարդալ Աւագ Էֆէնտին։
-Հատէ պախալըմ, չոխ տրտրլանմա,- գոռաց երեսէն մուր վազող թուրք զափթիէն,- է՛նն շու քարոսատան…
-Էլլերին հաւայա գալտըր, կեաւո՛ւր,- հրահանգեց ան։
-Զափթիէ էֆֆէնտի, այիփ տըր, գատըմըն էօնիւնտէ պանա սէօվմէ…
-Ուլան կեաւուր… եոխսա պանա իշիմի մը՞ էօյրէթէճէգսըն,- ըսաւ եւ բնաւ չսպասուած շառաչիւն ապտակ մը քաշեց դեղագործի երեսին, մինչ այդ երիտասարդ զափթիէն, Աւագ Էֆֆէնտիին գրպանները կը խուզարկէր ու կը պարպէր իրենց պարունակութենէն՝ ոսկեդրամ մեճիտիէներէն, ոսկեծոծ կայծհանէն, գրպանի ժամացոյցէն, թանկարժէգ գրիչէն ու ձեռքի ամուսնական մատանիէն։
Հակառակ երիտասարդ իր տարիքին, դեղագործը, «ասանկ պատարագներ շատ տեսած էր…», եւ կասկածները սկսան միս ու ոսկոր հագնելու։ Եղածը «պաշըպոզուք»ներու կողմէ բացայայտ կողոպուտ էր… իսկ իրենց չար բախտէն, ընդհանրապէս բանուկ այդ ճանապարհը, կէս ժամէ ի վեր անցնող դարձող չկար։ Եւ հոգը չէր, եթէ զինք բոլորովին մերկացնէին իր ունեցուածքէն, այնքան ատեն, որ ձեռք չդպցնէին իր նորահարսի շուշանաբոյր մարմինին ու չխոշտանգէին զայն, ինչպէս սովալլուկ գազաններ։
Մինչ այդ, հնազանդելով ներքին ձայնին՝ նորահարս Մարին, որուն վրայ լպիրշ նայուածքներ կը նետէր երիտասարդ զափթիէն՝ «հիմա կարքը քեզ յօշոտելու պիտի գայ…» ըսելու պէս, մէկ-մէկ հանելով ձեռքի ապարանջաները, ինչպէս նաեւ վիզէն կախուած «պեշիպիրլիկ»ը՝ սկսաւ երիտասարդ զափթիէին կողմը շպրտել զանոնք, շան բերանը ոսկոր նետելու տրամաբանութեամբ։
Խստամրութ զափթիէն արդէն բաճկոնը հանել տուած էր պարարտ գրպանով իր երկրորդ զոհին վրայէն, ու երեսէն մուր վազեցնելով՝ հրահանգեց անոր.
-Փանդալոնը «էնտիր», կեաւո՛ւր…
Ճիշդ այդ պահուն…
Մալճեան վարդապետն ու անոր զինակիցները ձիով Էրմէն գետէն կէս ժամ հեռաւորութեամբ գտ-նուող Աթէշ սահմանակից գիւղը փոթորիկի պէս մտան եւ ուղղակի կառապան Թաթէոսին տունը արշաւեցին։
-Մեր ձիերը շտապով ախոռդ պիտի թաքցնես եւ ձիաքարշ քու կառքդ մեզի փոխ պիտի տաս…,- հրահանգեց հայածին Փատրէն ,- ու հայտէ աճապարէ… գոչեց ան կառապան Թաթէոսին, Էզաճըյին եւ միւսներուն կեանքը վտանգի տակ էր։ 55 տարու հայր սուրբը իր երիտասարդ զինակիցներուն ցուցաբերած ճկունութեամբ կառքին առաջամասը նետուեցաւ թուրք զափթիէները խաղի բերելու։ Ասպետահոգի վարդապետը, ճամբան որոճած ու մտայղացած էր մինչեւ ակռաները զինուած թուրք չարագործները խաղի բերելու ամբողջ սցենարը։
Քառասմբակ ժամացոյցի դէմ սրնթաց կէս ժամ քշելէ ետք կառքը, հեռուէն գետակին յորդուն կառկաչը լսուեցաւ։
-Կամաց, գրեթէ հասանք…- ըսաւ ան մօտը նստած մօրուքաւոր կռուողին, որ գլխու լայնեզր փափախովը ծածկած էր դիմագիծը ու փերուշան կառապանի հովեր տուած ինքնիրեն։ Ապա ետեւ դառնալով՝
-Դուք ալ պաթթանիայով լաւ մը ծածկուեցէ՛ք ու ատրճանակները պատրաստ «Եա Յիսուս, եա Քրիստոս» ազդանշանիս սպասեցէ՛ք զափթիէներու զինակիցներուն վրայ կրակելու եւ զանոնք լռեցնելու համար։
Հեռուէն կամուրջին գլուխը, ճամբու ծայրամասին՝ կանգնած տեսան դեղագործը փոխադրող կառքը։ Իսկ երեսէն մուր վազող զափթիէն նշմարեց անայլայլ մօտեցող կառքը եւ չհաւատաց տեսածին։ Կառապանին մօտը հայ փափազ մը աժդահայի պէս ոտքի կայնած էր ու արծաթափայլ խոշոր խաչ մը բռնած՝ գլխուն վերեւ։ Զափթիէները յանկարծակիի գալով՝
-Ուշախլար, եալլա պաքալըմ Էրմէնի Փափազընը տա թէսլիմ ալաճայըք, գոչեց տարիքոտը եւ կիսամերկ կալանեալները դեղագործին կանգնած կառքին յառաջամասը հրեց հրացանի կոթով։
Փափազին կառքը տեսիլանման, անայլայլ կը մօտենար եւ հայ կղերականին բարձրացուցած փայլուն խաչը իր ցոլքերը կ՛արձակէր աւազակներուն գազազած աչքերը շլացնելով։
Զափթիէն զէնքը վարդապետին ուղղեց։ Այդ պահուն անիկա՝ «Եա Յիսուս, եա Քրիստոս» հազիւ շշնչաց, զոյգ մը հայ զինեալներ ուրուականի նման նետուեցան կառքէն վար, մինչ այդ մարաշցի դիւցազն Տէր Մալճեան, գողականներու շէֆին ուղղեց սքեմին տակ պահուած ատրճանակը եւ անոր փողէն արձակուած վեց կապառները, կարծես կարդացին տիրոջ միտքը… չշեղեցան իրենց թելադրուծ թիրախէն, շանսատակ ընելով ղեկավար զափթիէն։ Իսկ կառապանը իր կարգին, անոր օգնականին հաշիւը տեսաւ համազարկ բանալով անոր ուղղութեամբ։ Մինչ այդ ժայռի ետին պահուըտած աւազակա խումբին անդամները, խուճապի մատնուելով ու իրենց պետին «իւլէշի» պէս փռուիլը տեսնելով, քանի մը աննպատակ գնդակ արձակելէ ետք, իրենցմէ վարժ ու գերիվեր ուժերու ընդդիմութեան հանդիպած ըլլալով, փախուստի ճամբան բռնեցին։
Կառապանն ու Աւագ Էֆէնտին այլայլած պատահած հրաշքէն, իրենց ներքնազգեստներով եկան Փատրէն ողջունելու ու հայ կռուողներուն իրենց սրտաբուխ խօսքը փսփսալու։ Մարին նստած տեղը ամօթէն ու ահէն անդամալոյծ եղած, բարձրաձայն զԱստուած ու անոր արժանաւոր ծառան կը փառաբանէր։
Հայ զինեալները սատկած զափթիէներու դիակները մօտակայ ժայռի ետին քաշելէ ետք անոնց գրպանները պարպեցին դեղագործին ու իր կնոջ գոհարեղէններէն ու ոսկի դրամէն, ու եկան տիրոջը յանձնելու։
-Աստուած եավրիկիս, Երանուշիս երեսը նայեցաւ,- գոչեց ան երախտագիտութեամբ, ձեռքերը երկինք բարձրացնելով։
-Աւագ Էֆէնտի՛ խաչեցեալը հայուն խորհրդանիշն է,- ըսաւ Փատրէն,- իսկ քրիստոնէական ամուր մեր հաւատքը՝ ամէնազօր զրահը… Անիկա ձեռքը մէջքէն կախուած խաչին երկարելով… իսկ այդ հաւատքն ու մարդկային մեր արժանապատուութիւնը պահպանելու համար,- քիչ առաջուան կրակոցէն սքեմին մէջքին բացուած ծակէն ատրճանակին փողը ցոյց տալով, -երբեմն լաւ կ՛ըլլայ որ հաւատքին ընկերանայ ինքնապաշպանութեան բնազդն ու հրանօթը…- աւելցուց ան ու իր կտրիճներուն գլխու շարժումով հրահանգեց բան մը չպատահածի պէս, մինչեւ Մարաշի շուկան դեղագործին ապահովութեանը հսկել։
-Յայտէ քալեցինք, օն առաջ…