ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Դարեր շարունակ հայ ազգը թուրքիոյ մէջ, մինչեւ 1915 տուած է հազարաւոր անուանի եւ տաղանդաւոր բժիշկներ, որոնք կատարելով Հիբոկրատեան երդումը՝ նուիրուած են ոչ միայն իրենց ազգակիցներուն, այլ համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի՝ թուրք պետութեան, իշխանաւորներուն, բանակին եւ ժողովուրդին: Անոնք աշխատած են իրենց մտքի ամբողջ պաշարով եւ բժշկական գիտութեամբ՝ հիւանդ մարդուն ցաւերը ամոքելու, տառապանքը սփոփելու եւ կեանքը փրկելու, առանց խտրութիւն դնելու հիւանդ մարդուն պատկանելիութեան: Անոնց մարդասիրական ծառայութիւնը սահմաններ չէ ունեցած: Հիւանդին ազգութիւնը, կրօնքը, ընկերային վիճակը եւ սեռը մէկդի դնելով՝ հայ բժիշկները Թուրքիոյ մէջ բուժած են հիւանդ մարդը, քաջ գիտնալով, որ հիւանդութիւնը կը հարուածէ բոլոր մարդկութիւնը անխտիր: Անոնք կատարած են իրենց մարդկային, քաղաքացիական եւ բժշկական պարտականութիւնները լիովին ամբողջ թուրքիոյ տարածքին: Անոնք մնացած են պատնէշի վրայ եւ եղած են լաւագոյն ու փնտռուած բժիշկները՝ նախանձ արթնցնելով իրենց գործակից թուրք բժիշկներուն մօտ:
Եղեռնէն առաջ հայ բժիշկները վկայուելէ ետք Թուրքիոյ եւ կամ արտասահմանի մէջ, ապա հաստատուելով իրենց ծննդավայր Թուրքիոյ մէջ, գործած են որպէս օրինաւոր հպատակներ Օսմանեան կայսրութեան, կատարած են իրենց պարտականութիւնները յաչս պետութեան եւ թրքական հայրենիքին, մատուցած են իրենց մարդասիրական ու բժշկական ծառայութիւնները երկրին բոլոր հպատակներուն՝ առանց խտրութեան: Անոնք վերցուցած են կարեւոր պաշտօններ Պոլսոյ Կայսերական վարժարանին եւ զինուորական բարձրագոյն հիւանդանոցներուն մէջ որպէս դասախօսներ, դարմանող բժիշկներ, վիրաբոյժներ եւ գիտական ուսումնասիրողներ: Անոնք բերած են իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը թրքական բանակի բժշկական ծառայութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ բժշկութեան վերելքին:
Հայ բժիշկներէն շատերը ղրկ-ուած են կռուի դաշտ ի խնդիր Օսմանեան հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հոն քաջաբար թափած են իրենց արիւնը: Անոնցմէ շատերը գործած են որպէս թաղապետական բժիշկներ թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ եւ դարձած են արքունիքի եւ իշխանաւորներու անձնական բժիշկները: Մեծ թիւով հայ բժիշկներ արժանացած են պետական բարձրագոյն շքանշաններու եւ բարձր պատիւներու՝ Օսմանեան հայրենիքին մատուցած իրենց ծառայութիւններուն համար:
Թուրքիոյ մէջ գործող հայ բժիշկներուն մեծամասնութիւնը Եղեռնէն առաջ վարած են պահպանողական քաղաքականութիւն, սակայն գտնուած են որոշ թիւով հայ բժիշկներ, որոնք յանդգնօրէն խօսած են եւ գործած ի շահ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ու եղած են ազգային եւ կուսակցական ղեկավարներ, յեղափոխականներ, ազգային ազատագրական շարժումի ռահվիրաներ եւ զոհուողներ:
Այսուհանդերձ թուրքիոյ մէջ գործող հայ բժիշկները անբաժան չմնացին հայ ժողովուրդի գողգոթայէն: æարդարար թուրքը չխնայեց հայ բժիշկին՝ անոր, որ ամբողջական նուիրումով ծառայած էր հայրենիքին եւ թուրք ժողովուրդին: Անոնք թուրքիոյ ամբողջ տարածքին համախմբօրէն դատուեցան եւ նահատակուեցան:
Եղեռնի առաջին օրերուն հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան, տարագրուեցան եւ անմարդկայնօրէն չարչարուեցան թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալնուն եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն համար: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմեցին հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը եղան որպէս թրքավայել վարձատրութիւն հանդէպ հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ թուրքիոյ բժշկութեան ոլորտի հիմնական սիւները:
Գրիգոր Զօհրապ իր ձերբակալումէն մի քանի օրեր առաջ իր օրագիրին մէջ գրած է. «Պատահեցաւ ինչ որ պիտի պատահէր, երէկ գիշեր ոստիկանութիւնը շատ մը ձեռբակալութիւններ ըրաւ հայերէն. բոլոր գլխաւոր դաշնակցականները… յետոյ շատ մը բժիշկներ եւ դեղագործներ»:
Երդումնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողեցին հայրենիքի նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղան դահճապետները իրենց գործակից պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: æարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուեցան մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն:
Այս թուրք բժիշկ դահճապետներուն պարագլուխներն էին, տոքթէորներ՝ Նազիմը, Պէհաէտտին Շաքիրը, Սիւլէյման Փաշան, Ֆազիլ Պեքրին, Մեհմետ Հասանը, Ահմետ Միտհաթը, Մեհմետ Ռաշիտ Պէյը, Թեւֆիք Ռուշտին, Ֆեթհին, Ալի Սայիպը, Համիտ Սուատը, Ֆաիքը եւ տասնեակ մը ուրշներ:
Հոս երախտապարտութեամբ պէտք է յիշենք, որ եղած են բացառութիւններ թուրք բժիշկներուն մէջ, որոնք գործած են իրենց բժշկական կոչումին եւ Հիպոկրատական ուխտին համաձայն: Անոնք պաշտպանած են իրենց գործակից հայ բժիշկներէն ոմանք եւ քննադատած են ու դատապարտած են թուրքիոյ կեդրոնական իշխանութեան գործընթացը եւ Ապրիլեան ջարդերը:
Հայ բժիշկներուն ձեռբակալութիւնները թուրք իշխանութեան կողմէ ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր այնպէս, ինչպէս եղած էր հայ ժողովուրդի ընտրանիինը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդինը:
Նահատակ հայ բժիշկներու ամբողջական եւ ճշգրիտ վիճակագրութիւնները չունինք: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք որոշ վիճակագրութիւններ Թէոդիկէն, տոքթ. Գասպար Կարոյեանէն, Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեանէն եւ կարգ մը այլ աղբիւրներէ:
1919ի Պոլսոյ հայ բժշկական Միութեան վիճակագրութիւններուն համաձայն, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած են 64 բժիշկներ, 15 բժշկական ուսանողներ, 14 ատամնաբուժներ, եւ 73 դեղագործներ: Ասոնց կողքին 52 հայ բժիշկներ մահացած են եղեռնի օրերուն թրքական բանակին մէջ եւ կամ հիւանդանոցներու մէջ զանազան հիւանդութիւններու վարակումով: Վարդապետ Պալաքեան գրած է. «Հարիւրէ աւելի հայ բժիշկներ սպաննուեցան իրենց արհեստակից թուրք բժիշկներու նախանձին, ատելութեան եւ նենգամտութեան զոհ երթալով»: Ինչպէս ըսուեցաւ նախապէս, այս վիճակագրութիւնները ամբողջական չեն եւ կրնանք ըսել, որ մեր նահատակ բժիշկներուն, ատամնաբոյժներուն, դեղագործներուն եւ հիւանդապահուհիներուն թիւերը ըլլալու են շատ աւելի մեծ:
Թէոդիկ կը նկատուի կարեւորագոյն վկաներէն մէկը Մեծ Եղեռնին: Ան մեծ դժուարութիւններով հաւաքած է նահատակ երեւելի անձնաւորութիւններու կենսագրութիւնները եւ որպէս մասնակից ու ականատես Մեծ Եղեռնին, թուղթին յանձնած է իր տեսածն ու լսածը՝ բորենակերպ թուրքերու կատարած լրբութիւններն ու ոճրագործութիւնները: Ան Այաշ փոխադրուած է Օգոստոս 1915ին: Թէոդիկ ապրած է 25 ամիսներ բանտի մութ նկուղներուն եւ աքսորի ճամբաներուն վրայ, սակայն ան ազատած է եւ վերադառնալով Պոլիս՝ շարունակ գրած է իր յուշերը, ապրումները, վկայութիւնները եւ մտածումները, ինչպէս նաեւ հայ մարդուն տառապանքին մասին: Ան մահացած է Փարիզի մէջ 1928, Մայիս 24ին:
Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեան՝ հեղինակը «Հայ Գողգոթան»ի երկու հատորներուն, ապրած է հայ գողգոթան եւ ինքն ալ թուղթին յանձնած է Հայոց Ցեղասպանութեան իր կենդանի վկայութիւնները՝ 1921-1923 տարիներուն վերաբերեալ:
«Հայ Գողգոթան» հարազատ պատկերն է Հայ մարտիրոսագրութեան: Ան իրապաշտօրէն կը ներկայացնէ Հայ Եղեռնագործութիւնը:
Տոքթ. Կարոյեան ինքն ալ որպէս մասնակից եւ ականատես Հայկական Ցեղասպանութեան ու մանաւանդ որպէս վերապրող, ուզած է թուղթին յանձնել իր յուշերը, տեսածն ու լսածը՝ մարդակերպ գազան թուրքերու կատարած զազրելի ոճիրները եւ բարբարոսութիւնները: Ան հրատարակած է իր «Մեծ Եղեռնի Նահատակ Հայ Բժիշկները» գիրքը 1957ին, Պոսթոնի մէջ, որպէս ազգային պարտականութիւն: Ան կատարած է հսկայական աշխատանք իր գիրքին պատրաստութեան եւ հրատարակութեան համար: Տոքթ. Կարոյեան ըսած է. «Պատմական ծաղկաքաղ մը ըրի հայ թէ օտար հեղինակներու սակաւաթիւ նորագոյն հրատարակութիւններէն, որոնց վրայ աւելցուցի խոնարհաբար իմ անձնական յուշերը, հայ տարագիրներէ քաղած տեղեկութիւններս, իբր նախկին զինուորական բժիշկ մը Ճեմալ Փաշայի բանակին, եւ իբր ականատես մը 1916 Յուլիսին դէպի Սուէզ գերման-թրքական երկրորդ ձախող արշաւանքին»: Տոքթ. Կարոյեանի օգտագործած աղբիւրներու ցանկը կարելի է տեսնել այս գրութեան վերջաւորութեան:
Այժմ կը ներկայացնեմ մեր նահատակ բժիշկներուն ցանկերը եւ կենսագրութիւնները՝ համաձայն իմ ուսումնասիրութեանս:
Ա.- ՆԱՀԱՏԱԿ ԲԺԻՇԿՆԵՐ
1. Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան: Ծնած է Սուազ, Դեկտեմբեր 25, 1862ին: Վկայուած է Մէօրսի երկրագործական վարժարանէն, Ֆրանսա, 1881ին: Վերադարձած է Պոլիս՝ 1883ին եւ աշխատած է Պոլսոյ երկրագործական նախարարութեան մէջ:
1887ին կը վերադառնայ Փարիզ եւ կ՛ուսանի բժշկութիւն: Կը վկայուի 1893ին եւ շուտով կը վերադառնայ Պոլիս ու կը նշանակուի օժանդակ բժիշկ Պոլսոյ Ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ: 1899ին կը ստանձնէ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը: Համիտեան շրջանին երկու անգամ կը ձերբակալուի, սակայն ազատ կ՛արձակուի՝ Ֆրանսական դեսպանատան միջամտութեամբ: 1900ին կը հասնի Մարսիլիա եւ հոն կը մնայ հինգ տարի: 1905ին Գահիրէ կը հաստատուի եւ հոն Պօղոս Նուպար Փաշայի հետ կը հիմնեն «ՀԲԸՄ»ը: 1908ին կը վերադառնայ Պոլիս: Ան եղած է հանրածանօթ հմուտ բժիշկ, հեղինակաւոր ազգային անձնաւորութիւն, ազգայնամոլ, ազգային երեսփոխան եւ Օսմանեան խորհրդարանի անդամ: Ունեցած է բժշկական ծաւալուն երկասիրութիւններ: Արժանացած է պատուանշաններու՝ Ֆրանսական կրթական նախարարութենէն: Տոքթ. Տաղաւարեան կը ձերբակալուի 13 Ապրիլ, 1915ին՝ հայ ցեղին ընտրանիին հետ, կը բանտարկուի եւ կ՛աքսորուի Այաշի բանտը: Կարճ ժամանակ մը ետք Խաժակի, Ակնունիի, Զարդարեանի, Մինասեանի եւ Ճանկիզեանի հետ կը ղրկուի Տիգրանակերտ: Տոքթ. Տաղաւարեան կը նահատակուի Ուրֆայի մօտերը Յուլիս 21, 1915ին:
2. Տոքթ. Կարապետ Փաշայեան Խան: Ծնած է Պոլիս, 1864ին: Բժիշկ վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1888ին: Պաշտօնով ղրկուած է գաւառները՝ Բալու եւ Մալաթիա, ուր զբաղած է նաեւ ազգային գործերով: Ան ձերբակալուած է 1890ին, Կամախի մէջ, իբր յեղափոխական խումբեր կազմակերպող ու բանտարկուած է Սուազի բանտը, ուր մահուան դատապարտուած է: Բանտարկուած շրջանին բուժած է դատաւորին աչքը եւ փրկած է զայն կուրութենէ: Այս արարքին հետեւանքով ան ազատ արձակուած է 1891ի Մարտին եւ հաստատուած է Շապին Գարահիսար, ուր նշանուած է օրիորդ Թորքոմեանի հետ: Տոքթ. Փաշայեան 1892ին դարձեալ ձերբակալուած է եւ երեք տարի բանտերու մէջ մնալէ ետք նորէն մահուան դատապարտուած: Օրիորդ Թորքոմեանի՝ Անգլիոյ դեսպանին տիկնոջ մօտ միջամտութեամբ, տոքթ. Փաշայեան ներում ստացած է ու հաստատուած Պարսկաստան, ուր ապրած է 7 տարիներ: Հոն եւ նշանակուած է շահին պալատական բժիշկ եւ դարձած ազգային գործիչ: 1903-1906 ապրած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր հաստատած է ՀՅԴի Լսարանը եւ «Կամպէթթա» տպարանը, ուրկէ հրատարակուած է «Հորիզոն» թերթը: 1907ին վերադարձած է Պարսկաստան, Պէնտէր Կէզ քաղաքը, ուր ծառայած է վեց տարիներ եւ արժանացած բարձրաստիճան տիտղոսի եւ պատուանշաններու ու կոչուած՝ «Խան»: 1908ին վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ ընտրուած պետական երեսփոխան Սվազէն: 1912ին ան կ՛ընտրուի Ազգային երեսփոխան: Տոքթ. Կարապետ Փաշայեան ունի բժշկական եւ գրական երկոտասնեակ մը ուսումնասիրութիւններ: Իր գրական գործերուն մէջ ամէնէն յատկանշականը եղած է սիրավէպ մը, որ կոչուած է «Մարիա թէ Հայկանոյշ»: Ունի երկրորդ վէպ մը՝ «Աղջկան մը յիշատակարանը» անունով: Տոքթ. Փաշայեան ձերբակալուած է 1915ին եւ ուղղուած Այաշի բանտը: Ան կը նահատակուի Խուրշիտ չաւուշի ձեռքով, Այաշի բանտին մօտերը, 1915ի գարնան: Խուրշիտ չաւուշ նկարագրած է իր արարքը՝ «ես տոքթ. Փաշայեանին աչքերը նախ փորեցի, ապա վիզը կտրեցի եւ ահաւասիկ անոր ոսկի շղթան ու ժամացոյցը»:
3. Տոքթ. Ռուբէն Չիլինկիրեան, գրական անունը՝ Ռուբէն Սեւակ: Ծնած է 15 Փետրուար 1885ին, Մարմարայի մօտ Սելիւրի գիւղաքաղաքը:
Պէրպէրեան վարժարանին մէջ արդէն կը յայտնուին իր գրական յատկութիւնները՝ երգելով հայրենիքի ազատութեան սէրը: Բժիշկ կը վկայուի Լոզանի համալսարանէն 1911ին: Լոզանի մէջ կ՛ամուսնանայ գերմանացի Հելէն Վան Պրաամի հետ եւ կը մասնակցի ազատագրութեան պայքարին: Տոքթ. æիլինկիրեան կը վերադառնայ Պոլիս, 1914ին, ուր կը դիմաւորուի որպէս բժիշկ եւ բանաստեղծ: Ան կը ձերբակալուի Ապրիլ 11-12, 1915ին եւ կ՛առաջնորդուի Չանղըրի երբ արդէն ինք իր զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէր Մաքթի Քէօյ: Չանղըրիի մէջ կը պայքարի թուրքերուն կողմէ կազմակերպուած կրօնափոխութեան արշաւին դէմ: Հոն կը դարմանէ Չէթէճի Արապաճը Իսմայիլի աղջիկը: Իսմայիլ իր տան մէջ կը փորձէ համոզել Սեւակը որ ընդունի իսլամութիւնը, որպէսզի խնայուի իրեն մոլուցքով կատարուած ջարդերը: Ան Սեւակին ցոյց կու տայ իր տան խորհրդաւոր նկուղները եւ մութ անկիւնները ու ապա ազդարարութեամբ 24 ժամ պայմանաժամ կու տայ Սեւակին, որպէսզի կատարէ իր թելադրանքը: Անշուշտ Սեւակ վճռականօրէն կը մերժէ եւ տեղի չի տար:
1915ի Օգոստոսին, Սեւակ, Վարուժանի եւ չորս հայ այլ աքսորեալներու ընկերակցութեամբ, ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Այաշ: Անոնց փոխադրութիւնը կ՛ըլլայ 5 զինեալ հեծեալ ոստիկաններու հսկողութեամբ: Չանկըրը-Էնկիւրի ճամբուն վրայ քիւրտ Իսմայիլի ոճրագործ չէթէները զինաթափ կ՛ընեն 5 հեծեալները, իսկ անզէն հայ աքսորեալները բոլորը կը մերկացնեն, անոնց ձեռքերը կը կապեն եւ անտառ մը կ՛ուղղեն: Ծառի մը կապելէ ետք՝ չէթէները վայրագութիւններով կը սպաննեն հայ աքսորեալները ու կը թաղեն զանոնք փոսի մը մէջ անյայտացնելու համար անոնց դիակները:
Սեւակի գրական բանաստեղծական եւ մատենագրական աշխատասիրութիւնները բազմատեսակ եղած են: 1910ին լոյս կը տեսնէ իր «Կարմիր Գիրքը», որուն կը յաջորդէ «Վերջին Հայերը»: Իսկ իր գլուխ գործոցը նկատուած է «Լեմանի Լիճը» բանաստեղծութիւնը:
4. Տոքթ. Խաչատուր Տէր Մանուէլեան: Ծնած է Խարբերդ: Բժիշկ վկայուած է Փենսիլվանիոյ բժշկական համալսարանէն՝ 1903ին: Մասնագիտացած է վիրաբուժութեան մէջ եւ աշխատած՝ Նիւ Եորքի մէջ: Ծննդավայր վերադարձած է մօրը փափաքով եւ իր անձնական դարմանատունը բանալէ ետք Մեզիրէի մէջ՝ ամուսնացած է 1913ին: Ան ծառայած է թրքական բանակին մէջ եւ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Նշանակուած է Կարմիր Մահիկի հիւանդանոցի բժիշկ, ուր օգտակար դարձած է իր տարաբախտ ազգակից հիւանդներուն: Տոքթ. Տէր Մանուէլեան ձերբակալուած է Յուլիս 1915ին, հակառակ Ամերիկեան հպատակութիւն ունենալուն եւ՝ բանտարկուած: Ան տարագրուած է Մալաթիա եւ նահատակուած այնտեղ:
5. Տոքթ. Գաբրիէլ Անսուրեան: Ծնած է Մալաթիա 1885ին: Ուսանած է Կարինի Սանասարեան վարժարանին մէջ եւ վերադառնալով Մալաթիա դարձած է փնտռուած ուսուցիչ եւ տեղւոյն ՀՅԴ կոմիտէի անդամ: Ան շուտով լծուած է ինքնապաշտպանութեան գործին: 1910ին մեկնած է Պէյրութ եւ ուսանած է բժշկութիւն՝ տեղւոյն Ֆրանսական բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1914ին: Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած է Պէյրութի մէջ եւ աքսորուած է Մալաթիա: Պէյրութի կայարանին մէջ տոքթ. Գասպար Կարոյեան բաժնուած է իրմէ անխօս եւ արցունքոտ: Մալաթիոյ բանտին մէջ ան ենթարկուած է աննկարագրելի գազանային անգթութիւններու եւ նահատակուած է երիտասարդ տարիքին՝ 1915ի ամրան:
6. Տոքթ. Յակոբ Տէր Յովհաննէսեան: Ծնած է Էոտէմեզ, 1890ին: Բժիշկ վկայուած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանէն: Եղած է ճարտասան բեմախօս եւ մօտիկ ընկերը տոքթ. Գաբրիէլ Անսուրեանին: 1913ին կը կատարէ պատգամաբերի պաշտօնը Սիմոն Զաւարեանի սգահանդէսին, որ տեղի ունեցած է Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ: 1915ի գարնան ձերբակալուած է եւ շղթայակապ փոխադրուած Իզմիրի բանտը: Որպէս կուսակցական. բանտին մէջ կ՛ենթարկուի զանազան տեսակի չարչարանքներու: Տոքթ. Տէր Յովհաննէսեան 60 կուսակցականններու եւ մտաւորակներու հետ կ՛աքսորուի եւ կը նահատակուի բոլորին հետ Իսլահիէի մէջ, 29 տարեկանին:
7. Տոքթ. Լեւոն Արսլանեան: Ծնած է հայ կաթողիկէ ծնողքէ Խարբերդ-Մեզրէ, 1867ին: Բժիշկ վկայուած է 1905ին, Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն: Ունեցած է 6 եղբայրներ որոնցմէ չորսը եղած են բժիշկներ: Ան գործած է պետական զանազան հաստատութիւններու մէջ: 1915ին Տրապիզոնի առողջապահական տնօրէն տոքթ. Ալի Սայիպ, որ կոչուած է «երեխաներ թունաւորող», կը փորձէ տիրանալ տոքթ. Լեւոնին կնոջ՝ Նոյեմիին. ուստի տոքթ. Սայիպ թակարդ կարգադրութեամբ մը Էրզրումի զինուորական հիւանդանոցի բժիշկ կը նշանակէ տոքթ. Արսլանեանը, որպէսզի զինք հեռացնէ կնոջմէն եւ ինք տիրանայ Նոյեմիին: Տոքթ. Արսլանեան կ՛ոււղուի դէպի Էրզրում իր եղբօր՝ տոքթ. Հրանդին հետ, սակայն անոնք ճամբու ընթացքին Կիւմիւշխանի մէջ կը ձերբակալուին եւ կ՛առաջնորդուի՛ն դէպի ախոր մը, ուր երկուքն ալ կը խողխողուին եւ կը նահատակուին: Ապա տոքթ. Ալի Սայիպ ամէն միջոցներու կը դիմէ տիրանալու համար Նոյեմիին, սակայն ապարդիւն:
Այս իրողութան դիմաց, Նոյեմին, ձերբազատուելու համար ոճրագործ Սայիպի ճիռաններէն, կ՛որոշէ վերջ տալ իր կեանքին ու իր մարմինը կը յանձնէ Սեւ ծովու ջուրերուն:
8. Տոքթ. Հրանդ Արսլանեան: Ծնած է Մեզրէ, 1886ին: Իր եղբօրը՝ Ռուբէնին հետ, կը մեկնի Պէյրութ եւ կ՛ուսանի Պէյրութի Ֆրանսական Բժշկական համալսարանը: 1914ին կ՛այցելէ՛ իր ծննդավայրը եւ թրքական զօրակոչին ենթարկուելով կը ղրկուի Կարնոյ ճակատը, իբր բժշկական օգնական: Հոն ան կը հիւանդանայ եւ դարմանումի կ՛ենթարկուի: Հրանդ, ուժասպառ եւ հիւանդ, ապաքինման համար արձակուրդով կը մեկնի Տրապիզոն իր Լեւոն եղբօրը քով: Կարճ ժամանակ մը վերջ, ինքն ալ իր եղբօր՝ տոքթ. Լեւոն Արսլանեանի հետ կը նահատակուի տոքթ. Ալի Սայիպի կարգադրութեամբ՝ Էրզրումի ճամբուն վրայ՝ Կիւմիւշխանի մէջ:
9. Տոքթ Կիրակոս Ազարեան: Ծնած է Խարբերդ, 1878ին, Աֆարեան ծնողքէ: Իր փոքր տարիքին, հօրը մահով, մայրը կ՛ամուսնանայ Աշոտ Ազարեանի հետ: 1897ին Ամերիկա կը հաստատուի եւ կուսանի Շիքակոյի եւ Սենթ Լուիզի բժշկական համալսարաններուն մէջ: Վկայուելէ ետք, 1911ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը Խարբերդ, ուր կ՛ամուսնանայ օրիորդ Զապէլ Ազարեանի հետ: Դարձեալ կը մեկնի Սէնթ Լուիզ, ուր կը մասնագիտանայ աչքի հիւանդութիւններու մէջ: Շուտով կը վերադառնայ Խարբերդ եւ 1914ին կը դառնայ զինուորական բժիշկ՝ Կարնոյ ճակատին վրայ, ուր կը գործէ վեց ամիս: Տոքթ. Ազարեան կը ձերբակալուի Կարնոյ մէջ եւ կը բանտարկուի, ապա կ՛աքսորուի Մուշ 250 այլ հայ անձնաւորութիւններու հետ: Բոլորն ալ կը գնդակահարուին Քոփ լերան մօտերը:
10. Տոքթ Լեւոն Պարտիզպանեան: Ծնած է Խարբերդ, 1887ին: Իր հայրը՝ տոքթ. Ղուկիանոս Պարտիզպանեան երկար տարիներ եղած է քաղաքապետարանի բժիշկ: Տոքթ. Լեւոն Պարտիզպանեան վկայուած է Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1914ին: Ան Եղած է Գատը Գիւղի ՀՅԴ կոմիտէի գործօն անդամ եւ «Ազդարար»ի արտօնատէրը՝ «Ազատամարտ»ի դադարման շրջանին: Թուրք բանակին մէջ հարիւրապետի աստիճանով ծառայելու ընթացքին կը ձերբակալուի զինուորական համազգեստով ու իր գաղափարակից ընկերներով կը նահատակուի Այաշի մօտերը՝ 28 տարեկանին:
11. Տոքթ. Պեննէ Թորոսեան: Ծնած է Խարբերդ 1880ին: Իսկական անունը՝ Պետրոս Մանուկեան: Բժիշկ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1910ին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնագիտանալէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս ու կը ստանձնէ Հնչակեան կուսակցութեան մէջ ղեկավար պաշտօն: Կը ձերբակալուի Յունիս 17, 1915ին եւ 20 այլ հնչակեաններու հետ կախաղանի վրայ կը նահատակուի Սուլթան Պայազիտի հրապարակին վրայ:
12. Տոքթ. Նշան Նահիկեան: Ծնած է Խարբերդ 1883ին, զաւակը տէր Աբրահամ քահանային, որ կացինահար սպաննուած է թուրքերուն կողմէ: 1903ին կը մեկնի Պէյրութ եւ կ՛ուսանի բժշկութիւն տեղւոյն Ֆրանսական Բժշկական համալսարանին մէջ: Կ՛աւարտէ 1909ին եւ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը: Պէյրութի մէջ ուսանողութեան շրջանին, 1905ին, կանդամակցի ՀՅԴ կոմիտէին: Խարբերդի մէջ կը դառնայ աչքառու դաշնակցական գործիչ: Պետութիւնը զինք կը ղրկէ Հասան Գալէ որպէս զինուորական բժիշկ, սակայն շուտով կը հիւանդանայ եւ կը վերադառնայ Խարբերդ: Ապաքինումէն ետք կրկին կը ստանձնէ իր բժշկական պաշտօնը եւ 1915ի Ապրիլին կը ձերբակալուի զինուորական տարազով իր գործած զինուորական հիւանդանոցին մէջ, ուր զինք զինաթափ ընելէ ետք կը բանտարկեն Խարբերդի Մեզրէի կեդրոնական բանտը: Տոքթ. Նահիկեան կը նահատակուի 1915ի Օգոստոսին, 32 գաղափարակից ընկերներով, որոնք բոլորն ալ կը նետուին հասարակաց փոսի մը մէջ:
13. Տոքթ. Յարութիւն Վեզնէեան: Ծնած է Խարբերդ, 1883ին: Ան 1907ին կը վկայուի որպէս բժիշկ Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն եւ շուտով կը կար-գուի Խարբերդի թաղապետական բժիշկ: Կ՛ամուսնանայ 1912ին Արաքսի Խարբուդլեանի հետ:
Տոքթ. Վէզնէեան կը ձերբակալուի Խարբերդի մէջ եւ բանտարկուելէ ետք, կը տարագրուի դէպի Մալաթիա: Ան կը նահատակուի 32 տարեկանին Սուազի մօտերը:
14. Տոքթ. Տիգրան Հալաճեան: Ծնած է Կիւրին 1882ին: Բժիշկ կը վկայուի 1912ին՝ Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն եւ շուտով կը վերադառնայ իր ծննդավայրը ու կ՛ամուսնանայ օր. Էլիզա Պօչոյեանի հետ: Կը ղրկուի Կարնոյ ճակատը որպէս զինուորական բժիշկ եւ ապա Շապին Գարահիսար: Տոքթ. Հալաճեան 1915ին կը գործէ Երզնկայի Ազիզիէ զինուորական հիւանդանոցին մէջ՝ 8 այլ հայ բժիշկներու հետ: Հիւանդանոցի հարիւրապետ Շեւքէթ դաւադրութեամբ մը սպաննել կու տայ տոքթ. Հալաճեանը:
15. Տոքթ. Պերճ Մինասեան: Ծնած է Պոլիս, 1887ին: Աւարտած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանը՝ 1912ին: Զօրակոչուելով կը ղրկուի Պիթլիս որպէս զինուորական բժիշկ: Շրջան մը ետք պաշտօնով զինք կը ղրկեն Երզնկա՝ զինեալներու հսկողութեամբ, սակայն ճամբու ընթացքին զինեաները կը սպաննեն զինք եւ կ՛իւրացնեն իր ժամացոյցը, ատրճանակը եւ 30 թրքական ոսկին:
16. Տոքթ. Սարգիս Մումճեան: Ծնած է Խարբերդ՝ 1875ին: Բժիշկ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1898ին: Մասնագիտացած է վիրաբուժութեան մէջ՝ Ամերիկայի Պալթիմոր եւ Եէյլ բժշկական համալսարաններուն մէջ: 1901ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը գործէ որպէս մասնագէտ վիրաբոյժ: Տոքթ. Մումճեան կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի Մալաթիա ու հոն կը նահատակուի:
17. Տոքթ. Սարգիս Սէրթլեան: Ծնած է Կարին, 1880ին: Վկայուած է Փարիզէն, 1910ին, որպէս մասնագէտ աչքի հիւանդութիւններու: Վերադառնալով Պոլիս՝ կը հաստատէ իր անձնական դարմանատունը: Զօրակոչուելով կ՛ուղարկուի Երզնկա, որպէս զինուորական մասնագէտ բժիշկ: Ձերբակալութենէն մէկ օր առաջ կը դիմէ իր գործակից Գերմանացի բժիշկներուն որպէսզի օգտակար դառնան իրեն, սակայն ապարդիւն: Տոքթ. Սէրթլեան կը ձերբակալուի եւ Ս. Ստեփանոսի մէջ քարկոծուելով կը նահատակուի Երզնկայի փողոցներուն վրայ՝ Յուլիս 5, 1915ին, 35 տարեկան հասակին:
18. Տոքթ. Արմենակ Սէրայտարեան: Ծնած է Սուազ 1880ին: Վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական հիւանդանոցէն 1907ին: Շուտով կը վերադառնայ Սուազ եւ կը սկսի աշխատիլ, սակայն զօրակոչին զինք կ՛ուղարկեն Թոքաթ, որպէս զինուորական բժիշկ: Հոն զինուորագրութեան հրամանատար Քէօր պին պաշիի հրամանով կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի: Ան շուտով ազատ կ՛արձակուի, սակայն բանտէն հազիւ դուրս ելած՝ թուրք ոստիկաններ անոր զինուորական համազգեստը կը հանեն ու կը սպաննեն զինք: Տոքթ. Սէրայտարեան կը նահատակուի 35 տարեկանին՝ բախտակից ունենալով բժիշկներ Էմինեան՝ Մարզուանէն եւ Մ. Փանոսեան՝ Թոքաթէն:
19. Տոքթ. Խաչատուր Տէօվլէթեան: Ծնած է Կեսարիա 1868ին: Վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն եւ մասնագիտութեան համար մեկնած Ամերիկա՝ Փենսիլվանիոյ բժշկական համալսարանը: Վերադառնալով իր ծննդավայրը՝ կը ծառայէ Սեբաստիոյ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Տէօվլէթեան կը նահատակուի Սուազի մօտ, Տերին Տերէի մէջ, Յուլիս 14, 1915ին Սուազի արիւնարբու կուսակալ Մուամմերի հրահանգներով:
20. Տոքթ. Ստեփան Միլքիսեդեան: Ծնած է Պրուսա, 1867ին: Վկայուած է Պոլսոյ կայսերական զինուորական վարժարանէն՝ 1890ին: Զօրակոչին կարգուած է վիրաբոյժ՝ Պրուսայի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Կը ձերբակալուի եւ կը ղրկուի Պանտըրմայի բանտը, ուր կը դատապարտուի 10 տարուան բանտարկութեան: Տոքթ. Միլքիսեդեան կը նահատակուի կախաղանի վրայ Օգոստոս 4, 1915ին՝ ուրիշ չորս բախտակից ընկերներու հետ:
21. Տոքթ. Սուրէն Նշանեան: Ծնած է Կեսարիա, 1880ին: Վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1907ին: Կը ձերբակալուի Էնկիւրիի մէջ, սակայն իր յառաջացած յօդացաւերուն պատճառով կը փոխադրուի Կեսարիա: Տոքթ. Նշանեան ունեցած է ազգային գործունէութիւն, նպաստած է հայ զարթօնքին եւ աշխատակցած է հայ թերթերուն: 1915ի Սեպտեմբեր 5ին՝ կախաղանի վրայ իր «մեղքերը» կը քաւէ:
22. Տոքթ. Տիգրան Գասապեան: Ծնած է Բիւթանիոյ Գընճըլար գիւղը, 1883ին: Վկայուած է Պոլսոյ կայսերական զինուորական վարժարանէն՝ 1908ին: Ծառայած է թրքական բանակին մէջ, որպէս զինուորական բժիշկ: Տոքթ. Գասապեան նահատակուած է 1915ին՝ Կալեցիայի ճակատը, տոքթ. Աբէլ Կիւլպէպկեանի հետ:
23. Տոքթ. Արմենակ Հայրանեան: Ծնած է Տեւրէկ, 1881ին: Հայրը՝ Կարապետ Հայրանեան, արժանացած է Փաշայութեան տիտղոսին: Տոքթ. Արմենակ վկայուած է Ժընեւէն՝ 1908ին: Մասնագիտացած է վիրաբուժութեան մէջ, Պերլին, Գերմանիա: Ամուսնացած է Պերլինի մէջ՝ Ադամեան վաճառականի աղջկան հետ: 1913ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, դարմանելու համար իր մայրը: Զօրակոչին կը ծառայէ իբր վիրաբոյժ՝ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Հայրանեան կը դառնայ Սեբաստիոյ ՀՅԴ ԿԿի լաւագոյն դէմքերէն մէկը: Տոքթ. Պաղտասար Վարդանեանին հետ կը հասնին իրենց գաղափարակից ընկերոջ Մուրատի լեռնային թաքստոցը եւ կը բուժեն Մուրատը, որ հետագային կը հասնի Սեւ ծով եւ ապա Կովկաս: Երկու բժիշկները իրենց վերադարձին կը ձեռբակալուին եւ արիւնարբու ոճրագործ Մուամմերի հրահանգով կը նահատակուին թուրք զինուորներու ձեռքով՝ Սուազի մօտերը:
24. Տոքթ. Ստեփան Միսքճեան: Ծնած է Պոլիս, 1852ին: Վկայուած է Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանէն որպէս վիրաբոյժ-մանկաբարձ 1878ին:
Ծառայած է Օրթաքէոյի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին: Տոքթ. Միսքճեան կը ձերբակալուի Պոլսոյ մէջ իր դեղագործ եղբօր հետ: Երկուքը միասին կ՛աքսորուին եւ կը նահատակուին Էնկիւրիի մօտերը՝ 1915ի գարնան:
25. Տոքթ. Վահան Պարոն Վարդեան: Ծնած է Օրտու-Կիրասոն: Ան կ՛որբանայ իր հօրմէն եւ մայրը կ՛ամուսնանայ ուսուցիչ Կ. Երէցեանի հետ: Վահան 1908ին Պէյրութ կը հասնի Կ. Երէցեանի կարգադրութեամբ եւ օժանդակութեամբ ու հոն կ՛ուսանի Ֆրանսական բժշկական համալսարանին մէջ: Կը վկայուի 1912ին: Տոքթ. Վարդեան վերադառնալով Թուրքիա՝ կը հաստատուի Պրուսայի Եէնի Շէհիր գիւղը եւ կը ծառայէ բանակին մէջ: Ան կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի Տիգրանակերտի բանտը, ուր չարչարանքներով կը նահատակուի արիւնարբու կուսակալ չերքեզ տոքթ. Ռեշիտ Պէյի հրահանգով:
26. Տոքթ. Վահան Ղազարեան: Ծնած է Մարսուան, 1875ին: Վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշ-կական համալսարանէն՝ 1907ին: Ուսանողութեան շրջանին հետեւած է հայ գրականութեան եւ մամուլին ու եղած է «Բժիշկ» պարբերաթերթին տնօրէն խմբագիրը: Տոքթ. Ղազարեան դաւադրութեամբ կը սպաննուի Իզմիր-Ֆօզայի մօտերը:
27. Տոքթ. Մինաս Կարապետեան: Ծնած է Կեսարիա-Կեմերէկ, 1867ին: Վկայուած է Շիքակոյի բժշկական համալսարանէն: Վերադառնալով իր ծննդավայրը՝ կ՛ամուսնանայ եւ կը նշանակուի Քիւրէ քաղաքի թաղապետական բժիշկ: Տոքթ. Կարապետեան թուրք իշխանութեան պարտադրանքով հայ զանգուածին հետ ընտանիօք կը տարագրուի Տէր Զօրի անապատները, ուր կը նահատակուի իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ:
28. Տոքթ. Թորոս Պապիկեան: Ծնած է Սուազ, 1881ին: Վկայուած է Պէյրութի Ֆրանսական բժշկական համալասարանէն՝ 1910ին: Պէյրութի մէջ կ՛ամուսնանայ ծանօթ առեւտրական Մարաշցի Հազարապետեանի աղջկան հետ: Վերադառնալով իր ծննդավայրը՝ կը ծառայէ որպէս զինուորական բժիշկ թրքական բանակին մէջ: Տոքթ. Պապիկեան կը ձերբակալուի Յունիս 1915ին եւ կը բանտարկուի, ապա կը տարագրուի Տրապիզոն եւ հոն կը նահատակուի:
29. Տոքթ. Միսակ Պաղտասարեան: Ծնած է Երզնկա, 1870ին: Վկայուած է Ֆրանսայէն՝ 1910ին: Վերադառնալով Երզնկա կը ծառայէ Կարինի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Պաղտասարեան կը ձերբակալուի հիւանդանոցին մէջ եւ կը բանտարկուի Կարինի մէջ: Ան կը տարագրուի Երզնկա եւ հոն կը նահատակուի:
30. Տոքթ. Սիմոն Քիւփելեան: Ծնած է Մարաշ, 1885ին: Վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն: Շուտով կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը ծառայէ թրքական բանակին մէջ: Տոքթ. Քիւփելեան կը ղրկուի Պաղտատի ճակատը եւ հոն կը նահատակուի:
31. Տոքթ. Պօղոս Հիսարլեան: Ծնած է 1887ին: Վկայուած է Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանէն: 1912ին՝ որպէս զինուորական բժիշկ կը ղրկուի Կարին: 1915ին իր ընտանիքը կը տարագրուի դէպի Տէր Զօր: Այս միջոցին ան կը դիմէ իր մեծաւորներուն որպէսզի ընտանիքին հետքը գտնէ: Ուստի տոքթ. Հիսարլեան կը ղրկուի Սեբաստիա, սակայն ուղեւորութեան ընթացքին կը ձերբակալուի եւ չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք կը նահատակուի Խարբերդի եւ Երզնկայի միջեւ՝ 1915ի ամրան:
32. Տոքթ. Պաղտասար Վարդանեան: Ծնած է Սեբաստիա եւ վկայուած է Պէյրութի Ֆրանսական բժշկական համալսարանէն՝ 1906ին: Իր եղբայրը՝ Վահան Վարդանեան, վկայուած է նոյն համալսարանէն որպէս դեղագործ: Երկու եղբայրները Պէյրութի մէջ կը գործեն ՀՅԴ շարքերէն ներս: Երկուքը միասին կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը: 1915ի Ապրիլին Վահան կը ձերբակալուի եւ կը նահատակուի քաղաքէն քիչ մը անդին: 1915ի Մարտ 15ին, տոքթ. Պաղտասար Վարդանեան իր գաղափարակից ընկերոջ՝ տոքթ. Ա. Հայրանեանի հետ, գաղտնօրէն կ՛այցելեն իրենց գաղափարակից ընկերոջ Մուրատին լեռնային թաքստոցի մը մէջ եւ կը բուժեն զայն: Վերադարձին երկուքն ալ կը ձերբակալուին եւ կը նահատակուին:
33. Տոքթ. Պօղոս Փալապըյըգեան: Ծնած է Պոլիս, 1885ին եւ վկայուած է Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1912ին: Ան կը նշանակուի թաղապետական բժիշկ Արճրշ-վանի մէջ: Տոքթ. Փալապըյըգեան կը ձերբակալուի իր հրամանատարին հրահանգով եւ կը նահատակուի Բաղէշի եւ Մուշի միջեւ:
34. Տոքթ. Արուանդ Սարաֆեան: Ծնած է Օրթաքէօյ Եալովա, 1888ին, եւ վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն: Որպէս զինուորական բժիշկ կը ղրկուի Սուրիոյ ճակատը, ուր կը վիրաւորուի ոտքէն եւ կը դարմանուի Դամասկոսի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Սարաֆեան կը մահանայ հիւանդանոցին մէջ, 1917ին՝ թուրք բժիշկներու անհոգութեան պատճառով:
35. Տոքթ. Թորոս Նազլեան: Ծնած է Կեսարիա եւ վկայուած Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1906ին: Ան իբրեւ յեղափոխական կը ձերբակալուի Կեսարիոյ մէջ, 11 այլ կուսակցականներու հետ: Տոքթ. Նազլեան եւ իր գաղափարակից 11 ընկերները կը նահատակուին կախաղանի վրայ Յուլիս 31, 1915ին:
36. Տոքթ. Լութֆի Լեւոն Հալէպլեան: Ծնած է Այնթէպ, 1884ին եւ վկայուած է որպէս վիրաբոյժ Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1909ին: Ան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ 1914ին կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ՝ նշանակուելով բժշկապետ Երզնկա շրջանի Մեզէ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Հալէպլեան կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի, ապա կ՛աքսորուի ու 1915ի Յուլիսին Բաբերդ չհասած Քոբ լերան վրայ կը նահատակուի Տիգրանակերտցի տոքթ. Յովհաննէս Թէրզեանի հետ միասին:
37. Տոքթ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ծնած է Պոլիս եւ վկայուած է Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանէն: Որպէս զինուորական բժիշկ, կը ղրկուի Վան, ուր կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի: Տոքթ. Գարակէօզեան զինաթափ ըլլալէ ետք բանտին մէջ անգութօրէն կը խողխողուի եւ կը նահատակուի Ճեւտէթ պէյի հրահանգով՝ Ապրիլ 15, 1915ին:
38. Տոքթ. Մինաս Եարմանեան: Ծնած է Թոքաթ եւ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1904ին: Վերադառնալէ ետք իր ծննդավայրը կը ղրկուի Երզնկա եւ կը նշանակուի զինուորական բժիշկ Ազազիէ հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Եարմանեան կը ձերբակալուի հիւանդանոցին մէջ բժշկապետ ջարդարար տոքթ. Սանի Եաւերի որոշումով եւ կը նահատակուի հիւանդանոցի պատին տակ՝ Յունիս 1915ին՝ դահիճի ականատեսութեամբ:
39. Տոքթ. Միսաք Փանոսեան: Ծնած է Թոքաթ, 1890ին եւ վկայուած է Պէյրութի Ֆրանսական բժշկական համալսարանէն՝ 1911ին: Վերադառնալով իր ծննդավայրը՝ կը նշանակուի զինուորական բժիշկ Թոքաթի զինուորական հիւանդանոցին մէջ, գործակից ունենալով բժիշկներներ Ա. Խէրայտարեանը եւ Էմինեանը: Երեքը միասին կը ձերբակալուին, զինաթափ կ՛ըլլան տեղւոյն զինուորական հրամանատար Քէօր պին պաշիի որոշումով եւ կը նահատակուին կախաղանի վրայ:
40. Տոքթ. Յարութիւն Գաւաֆեան: Ծնած է Իզմիր եւ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1911ին: Վերադառնալէ ետք իր ծննդավայրը, կը ծառայէ Երզնկայի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Գաւաֆեան կը ձերբակալուի հրամանատար ջարդարար տոքթ. Սանի Եաւերի հրամանով եւ կը նահատակուի հիւանդանոցի շրջաբակին մէջ:
41. Տոքթ. Յովհաննէս Թէրզեան: Ծնած է Տիգրանակերտ, 1883ին եւ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1910ին: Պէյրութի մէջ կը գործէ ՀՅԴ շարքերէն ներս եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պէյրութի մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան: Ան իր գաղափարական սնունդը առած է Սիմոն Զաւարեանէն: Վերադառնալէ ետք իր ծննդավայրը կը ստանձնէ կուսակցական պատասխանատուութիւններ եւ մինչեւ իր մահը կը մնայ Տիգրանակերտի ԿԿի գործօն անդամ: Իր նախաձեռնութեամբ կը բացուի «Յառաջդիմական» վարժարանը՝ զարկ տալու համար հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային պատկանելիութեան ու ինքնագիտակցութեան: 1915ին ան կը մեկնի ճակատ եւ կը գործէ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Թէրզեան կը ձերբակալուի Յուլիս 1915ին՝ տոքթ. Լ. Հալէպլեանի հետ: Երկուքը միասին կը նահատակուին Բաբերդ Խոփի մօտերը:
42. Տոքթ. Հմայեակ Քէշիշեան: Ծնած է Մարաշ, 1887ին եւ վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1915ին: Որպէս բժիշկ կը ղրկուի թրքական չորրոդ զօրաբանակ, Քէլթիկի մօտերը: Տոքթ. Քէշիշեան եւ իր գործակից 18 հայ բժիշկները կը ձերբակալուին եւ կը գնթակահարուին իրենց հրամանատարին որոշումով եւ գնդակներով:
43. Տոքթ. Խաչեր Քէշիշեան: Հայրը տոքթ. Հմայեակ Քէշիշեանի, վկայուած է Պոլիսէն որպէս բժիշկ եւ դեղագործ: Ան Մարաշի մէջ ճանչցուած է որպէս «Հեքիմ Խաչեր» եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցած է իր ազգակիցներուն եւ թուրք ժողովուրդին՝ մինչեւ 1920: Մարաշի չէթէական կռիւներուն ընթացքին Յունուար 26,1920ին տոքթ. Խաչեր Քէշիշեան եւ իր տան մէջ խմբուած 70 հայորդիները հաւաքաբար կը սպաննուի՛ն թուրք զինեալներու կողմէ:
44. Տոքթ. Գալուստ Նաճարեան: Ծնած է Մարաշ, 1856ին եւ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն՝ 1888ին: Ան կը վերադառնայ Մարաշ եւ կը գործէ որպէս բժիշկ մինչեւ 1895, ապա կը մեկնի Սկովտիա-Էտիմպուրկ եւ կը մասնագիտանայ վիրաբուժութեան մէջ: Վերադառնալով իր ծննդավայրը՝ կը ծառայէ Մարաշի Գերմանական հիւանդանոցին մէջ: Ան կը նահատակուի իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ՝ Մարաշի աղէտին, 1920ին:
45. Տոքթ. Ընծայեկ Տէր Ստեփանեան: Ծնած է Մարաշ, 1892ին եւ վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1916ին, Սարգիս Ազատեանի եւ Սամուէլ Գանձապետեանի հետ: Ան կը ղրկուի Դամասկոսի զինուորական հիւանդանոց, ուր կը գործէ որպէս զինուոր-բժիշկ: Զինադադարէն ետք կը վերադառնայ Մարաշ: Տոքթ. Տէր Ստեփանեան կը նահատակուի Փետրուար 11, 1920ին, թուրք զինեալներու գնդակով:
46. Տոքթ. Գարեգին Իպրանոսեան: Ծնած է Էսքի Մատէն եւ վկայուած է Պոլսոյ կայսերական բժշկական վարժարանէն: Այաշի մէջ կը ծառայէ որպէս թաղապետական բժիշկ: Տոքթ. Իպրանոսեան կը ձերբակալուի իր հօր հետ եւ երկուքը կը ղրկուին Էնկիւրիի բանտը: Հայր ու զաւակ կը տարագրուին անյայտ վայր մը եւ ճամբու ընթացքին երկուքը միասին կը նահատակուին թուրք զինեալներու ձեռքով:
47. Տոքթ. Ոսկան Թօփալեան:
Ծնած է 1880ին եւ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան բժշկական համալսարանէն: Վերադառնալէ ետք կը հաստատուի Տիգրանակերտ: 1908ին թրքական սահմանադրութեան հռչակումին, խանդավառուած ազատութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներէն՝ ան կ՛անդամակցի Իթթիհատ Թարաքքի կուսակցութեան եւ կը դառնայ տեղւոյն կուսակցութեան քարտուղարը: Տոքթ. Թօփալեան շուտով կը հրաժարի այդ կուսակցութենէն եւ իր դէմ կը կազմէ թուրք թշնամի մեծ խումբ մը: Ան որպէս զինուորական բժիշկ կը ղրկուի Երզնկա, ուր կը նահատակուի 1915ին:
48. Տոքթ. Ներսէս Շահպաղլեան: Ծնած է 1882ին եւ վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն՝ 1912ին: Շուտով կը նշանակուի բժիշկ-վիրաբուժ Մուշի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: 1915ի աշնան, Մուշի քաղապետական թուրք բժիշկը հրացանը ուսին կ՛ուղուի տոքթ. Շահպաղլեանի տունը, ուր սանդուխներուն վրայ կը սպաննէ զայն որպէս հաւատաւոր քաղաքացի եւ գործակից:
49. Տոքթ. Արթին Պէյ Հալուաճեան: Ծնած է Տիգրանակերտ, 1865ին եւ վկայուած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանէն: Ծառայած է թուրք զինուորական հիւանդանոցներու մէջ եւ արժանացած է «Գայմագամ Պէյ» տիտղոսին՝ իր ծառայութիւններուն համար: Ան կը ղրկուի իբր բժշկապետ իր դեղագործ եղբօրը հետ Կովկասի ճակատը, ապա՝ Խարբերդ: Տոքթ. Հալուաճեան ճամբուն վրայ կը կողոպտուի թուրք չէթէճիներու կողմէ եւ վայրագօրէն կը սպաննուի ու իր մարմինը կը նետուի Տեւէ Պոյնիէն վար:
50. Տոքթ. Մաքսուտ Աբիկեան, Մարզուանցի. նահատակուած է Սուազ՝ 32 տարեկանին.
51. Տոքթ. Սարգիս Ազոյեան, ծնած է Ատանա. նահատակուած՝ Հալէպ, 60 տարեկանին.
52. Տոքթ. Նշան Աճէմեան, ծնած է Թոքաթ. նահատակուած է Երզնկա.
53. Տոքթ. Այվազեան, նահատակուած է Սղերդ.
54. Տոքթ. Արտաշ Արսլանեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակուած է 26 տարեկանին.
55. Տոքթ. Լեւոն Թորգոմ Բարթողեան, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Սուազ.
56. Տոքթ. Վահան Գաւաֆեան, ծնած է Իզմիթ. նահատակուած է Երզնկա.
57. Տոքթ. Ելմասեան ծնած է Սէւէրէկ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
58. Տոքթ. Էմիժեան ծնած է Սուազ. նահատակուած է Զիլէ.
59. Տոքթ. Էմինեան, Մարզուանցի, նահատակուած է Թոքաթ.
60. Տոքթ. Յակոբ Թաճերեան ծնած է Տիգրանակերտ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
61. Տոքթ. Մինաս Թիւլպէնտճեան ծնած է Աթազար. նահատակուած է Պաղտատ՝ 45 տարեկանին.
62. Տոքթ. Թորգոմեան, Պոլիսէն, նահատակութեան վայրը անյայտ.
63. Տոքթ. Նորայր Խաչատուրեան ծնած է Երզնկա. նահատակուած է Թերջան.
64. Տոքթ. Գրիգոր Կիւլպէնկեան, ծնած է Տիւրիկ. նահատակուած է Տրապիզոն՝ 28 տարեկանին.
65. Տոքթ. Աբէլ Կիւլպէնկեան, նահատակուած է Կալեցիայի ճակատը՝ տոքթ. Տիգրան Գասապեանի հետ.
66. Տոքթ. Ճեւահիրճեան, Պոլիսէն, նահատակութեան վայրը անյայտ է.
67. Տոքթ. Ճլճլեան, ծնած է Մալաթիա. նահատակուած է 45 տարեկանին.
68. Տոքթ. Մարգարեան, նահատակութեան վայրը անյայտ է.
69. Տոքթ. Մելիքեան, շրջանաւարտ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, 1907ին. նահատակուած է Քղիի մօտ.
70. Տոքթ. Յակոբ, Սղրդցի, նահատակութեան վայրը անյայտ է.
71. Տոքթ. Թորոս Նազեան, Կեսարիացի, կախաղան հանուած է.
72. Տոքթ. Սուրէն Նշանեան, Կեսարիացի, կախաղան հանուած է.
73. Տոքթ. Յովհաննէս Նազլեան ծնած է Թոքաթ. նահատակուած է Քոփ՝ 38 տարեկանին.
74. Տոքթ. Սահակ Չօլագեան, Արաբկիրցի. նահատակութեան վայրը անյայտ.
75. Տոքթ. Անիկտոս Չօպանեան, ծնած է Սամաթիա. նահատակուած է Խարբերդ՝ 30 տարեկանին.
76. Տոքթ. Նշան Պագալեան, Տիգրանակերտցի. նահատակուած է Խնուսի մէջ.
77. Տոքթ. Պաղտասար Պաղտասարեան, ծնած է Երզնկա. նահատակուած է Կարին.
78. Տոքթ. Խաչիկ Պարկիզակեան, նահատակուած է Էնկիւրի.
79. Տոքթ. Նշան Տէր Վահրամեան, նահատակուած է 35 տարեկանին.
80. Տոքթ. Յովհաննէս Տօնիկեան ծնած է Ամասիա. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
81. Տոքթ. Ղազարոս, Խարբերդցի, նահատակուած է Կարինի մէջ՝ 38 տարեկանին.
82. Տոքթ. Արմենակ Սէրայտարեան, Սուազցի. նահատակուած է 35 տարեկանին Թոքաթ, տեղւոյն հրամանատար Քէօր պին պաշիի հրամանով.
83. Տոքթ. Վահէ, սպաննուած է Կարնոյ մէջ, թուրք տոքթ. Զիայի ձեռքով: Ոճրագործ տոքթ. Զիա բռնութեամբ իրեն կը հպատակացնէ նահատակ տոքթ. Վահէի կինը՝ Արաքսին:
Բ. ՆԱՀԱՏԱԿ
ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺՆԵՐ
Ոճրածին թուրքը չխնայեց նաեւ հայ դեղագործները եւ հայ ատամնաբոյժները:
Նահատակուած են 14 ատամնաբուժներ, սակայն իմ պրպտումներուս մէջ հանդիպեցայ միայն 9 նահատակ ատամնաբոյժներու անուններուն: Ես վստահ եմ, որ շատ աւելի մեծ եղած է նահատակ ատամնաբոյժներու թիւը :
Այս 9 Նահատակ ատամնաբոյժներն են՝
1. Միհրան Ալթունեան, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Սուազ.
2. Միհրան Ալպէրթեան, ծնած է Կարին. նահատակուած է Երզնկա.
3. Մկրտիչ Աջապահեան, ծնած է Սուազ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
4. Բենիամին, Սամսոնցի, նահատակուած է Սարը Գամըշ.
5. Հայկազուն Թապիպեան, ծնած է Կեսարիա. նահատակուած է Ամասիա.
6. Լեւոն Եկաւեան, ծնած է Արաբկիր. նահատակուած է Երզնկա.
7. Նշան Ղօնջէկիւլեան, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Սուազ.
8. Մանուկ, ծնած է Բաբերդ. նահատակուած է Կարին.
9. Նշան Մղիկեան, ծնած է Երզնկա. նահատակուած է Քեմախ.
Գ. ՆԱՀԱՏԱԿ
ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐ
Նահատակուած դեղագործներուն թիւը եղած է 74, սակայն ես կարողացայ գտնել միայն 31ին անունները՝
1. Բարունակ Աճէմեան, ծնած է Պրուսա. նահատակուած է Պանտրմա.
2. Արմենակ ծնած է Պրուսա. նահատակուած է Աթրանոս.
3. Ասատուր Արսէնեան, նահատակուած Տէր Զօրի մօտերը.
4. Յովհաննէս Գույումճեան, ծնած է Բաբերդ. նահատակուած է Մալաթիա.
5. Սահակ Գրաթլեան, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Սուազ.
6. Սիմոն Գոյունեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակուած է Սուազ.
7. Եդուարդ Թաշճեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակուած է Խարբերդ.
8. Յակոբ Թէրզեան, Հաճընցի, նահատակուած Էնկիւրիի մօտ.
9. Խաչատուր Թորգոմեան, ծնած է Սուազ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
10. Յարութիւն Լութֆեան, ծնած է Պրուսա. նահատակուած է Աթրանոս.
11. Նորայր Խաչատուրեան, ծնած է Երզնկա. նահատակութեան վայրը անյայտ.
12. Գարեգին Կիւրճեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակուած է Մալաթիա.
13. Գէորգ Կիւրճեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակուած է Բաբերդ.
14. Եղիազար Միսիայեան, ծնած է Սուազ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
15. Գրիգոր Միսքճեան՝ եղբայրը տոքթ. Ստեփան Միսքճեանի. նահատակուած է իր եղբօրը հետ Էնկիւրիի մօտերը 1915ի գարնան.
16. Վահան Շիտանեան, ծնած է Սամսոն. նահատակուած է Սուազ.
17. Խաչիկ Սարայտարեան, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Թոքաթ.
18. Տիգրան Սարայտարեան, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Զիլէ.
19. Սարգիս, ծնած է Սուազ. նահատակուած է Վէֆայեա.
20. Յակոբ Սարիկեան, ծնած է Ուրֆա. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
21. Սեպուհ, ծնած է Երզնկա. նահատակուած է Քէմախ.
22. Գասպար Սրապեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
23. Վահան Վարդանեան, ծնած է Սուազ. նահատակութեան վայրը անյայտ է.
24. Բիւզանդ Տէրպապ;ան, ծնած է Սվազ. նահատակուած է Էնտերէս.
25. Մկրտիչ Տէր Ստեփանեան, ծնած է Մեզրէ. նահատակուած է Մալաթիա.
26. Լեւոն Փանոսեան, ծնած է Կեսարիա. նահատակուած է Թօմարզա.
27. Եղիշէ Փափանեան, ծնած է Կարին. նահատակուած է Մալաթիա.
28. Խաչիկ Փասթըրմաճեան, ծնած է Կարին. նահատակուած է Մալաթիա.
29. Յակոբ Քէնտէրեան, ծնած է Խարբերդ. նահատակուած է Մալաթիա.
30. Խոսրով Քէշիշեան, ծնած է Մալաթիա. նահատակուած է Մալաթիա.
31. Բրուտեան, ծնած է Կարին. նահատակուած է Մալաթիա.
Շատ գաղթական հայ բժիշկներ, ատամնաբոյժներ եւ դեղագործներ աքսորի ճամբան բռնած ի վերջոյ հասած են Հալէպ քաղաքը: Երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոս Խապայեանի հաւաքած վիճակագրութիւններէն ի յայտ եկած է որ 23 Յունիս, 1922ին Հալէպի մէջ գտնուած են գաղթական 18 հայ բժիշկներ, 9 հայ դեղագործներ եւ 8 հայ ատամնաբոյժներ:
Վերոյիշեալ վիճակագրութիւնները ամբողջական չըլլալով հանդերձ, անոնք կը ցոլացնեն բժշկական ասպարէզին մէջ գործող հայ հանճարի եւ հայ միտքի կորուստին ահաւորութիւնը:
Հայ բժիշկներուն, դեղագործներուն եւ ատամնաբուժներուն նահատակութիւնը հայ ժողովուրդին ԵՂԵՐԳՈՒԹԵԱՆ մէկ փոքրիկ մասնիկն է:
Արիւնարբու թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը՝ իր բոլոր հատուածներով, եւ աշխարհի վրայ հայու մը հետքը չձգել, սակայն հայ ժողովուրդը իր մարտիրոսութենէն ետք յարութիւն առաւ եւ ճակատաբաց յայտարարեց՝ «ԿԱՆՔ ՈՒ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ ԵՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆԱՔ»:
Տասնեակ հազարաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու վերայայտնութիւնը եւ անոնց փայլուն յաջողութիւնները Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ բարեբաստիկ ապացոյցն են վերը յիշուած հայ ժողովուրդի յայտարարութեան:
Այսօր Մեծ Եղեռնի 96ամեակի սեմին մեր նահատակ բժիշկները, ատամնաբոյժները եւ դեղագործները պատգամ մը ունին ներկայ դարուս իրենց գործակիցներուն: Պատգամ մը, որ կը խտանայ բանաստեղծին հետեւեալ խօսքին մէջ՝
ԱՅՍՔԱՆ ՉԱՐԻՔ ԹԷ ՄՈՌԱՆԱՆ ՄԵՐ ՈՐԴԻՔ
ԹՈՂ ՈՂՋԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅՈՒՆ ԿԱՐԴԱՅ ՆԱԽԱՏԻՆՔ.
Մեր նահատակ գործակիցներուն պատգամը արթնութեան հրաւիրելու է մեզ, բոլոր հայ բժիշկները, դեղագործները եւ ատամնաբոյժները, ուր ալ գտնուինք, եւ մղելու է մեզ, որպէսզի կատարենք մեր ճիտին պարտքը, այսինքն՝
Չմոռնանք մեր նահատակ հայրերը,
Մնանք պահանջատէր,
Հետապնդենք մեր արդար իրաւունքը՝ վերատիրանալու համար մեր պապենական հողերուն,
Ծանօթացնենք մեր Դատը համայն մարդկութեան,
Ըլլանք ջահակիրները արդարութեան եւ խաղաղութեան,
Ցուցաբերենք մեր բժշկական հոգատարութիւնը համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի՝ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն:
ՓԱՌՔ ԵՒ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ, ԱՏԱՄ-ՆԱԲՈՅԺՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ԵՒ ԽՆԿԵԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ,
Մոնթրէալ, Մարտ 18, 2011
Օգտագործուած Աղբիւրներ՝
1. Ազգը չէ մեռած եւ անհնար է որ մեռնի, բանտի եւ աքսորի տարիներ, Թէոդիկ, 1919, վերահրատարակուած 1985, Անթիլիաս.
2. Յուշարձան Ապրիլ (11) քսանչորսի,1919, Թէոդիկ, Կ. Պոլիս. վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985.
3. Մեծ եղեռնի նահատակ հայ բժիշկներ, տոքթ. Գասպար Կարոյեան, Պոսթոն, 1957.
4. 1.5 միլիոն հայերու ջարդը, Արամ Անտոնեան, Պոլիս, 1921. Վերահրատարակուած Պէյրութ, 1978.
5. Գրիգոր Զոհրապի կեանքի եւ գրական ժառանգութեան էջերից, Ալբերտ Շարուրեան, Համազգայինի հրատարակութիւն, 1997.
6. Ժամանակակից պատմութիւն կաթողիկոսութեան հայոց Կիլիկիոյ, Բիւզանդ Եղիաեան, Անթիլիաս, 1975.
7. Մեծ Ոճիրը, Արամ Անտօնեան, Պոսթոն, 1921.
8. Հայ Գողգոթան, Գրիգորիս Ծ. վրդ. Պալաքեան, Ա. եւ Բ. հատորներ, վերահրատարակուած Անթիլիաս, Լիբանան, 2003.
9. Recognizing the Armenian Genocide, Vol.1, booklet by united comemmoration committee of Canada, 1995.
10. The role of Turkish physicians in the world war I Genocide of Ottoman Armenians, Holocaust and Genocide studies 1,2(1986), Dr.Vahakn N. Dadrian.