
Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ին, Քիմ Քարտաշեան «tweeter» ցանցին միջոցաւ կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ համակիրներուն յորդորած՝ Ապրիլ 24ին մասնակցիլ Ս. Յարութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման աղօթքի ազգային օրուան:
Այս կոչը Քարտաշեան յղած է իր 7.2 միլիոն համակիրներուն: «Ընտանիքս ու ես շատ հպարտ ենք մեր ծագումով: Հայրս շատ պատմած է հայկական մշակոյթին մասին եւ ես շատ խոր կապեր ունիմ արմատներուս հետ: Ամէն տարի, ես յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 1915 թուականին զոհուածներու յիշատակին», կը նշէ Քարտաշեան:
«Թէեւ աշխարհի շատ երկիրներ ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն Թուրքիան կը շարունակէ մերժել զայն: Հաւանական է, որ Ռուանտայի, Տարֆուրի եւ հրէական ցեղասպանութիւնները չպատահէին, եթէ աւելի շատ ազգեր դատապարտէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը», գրած է Քարտաշեան:
«Ոմանք հաւանաբար զարմանան, թէ ի՛նչ կը խօսիմ պատմութեան մասին, բայց ես այս քայլով կ՛ուզեմ ցոյց տալ, որ ասիկա միայն պատմութիւն չէ: Այնքան ատեն որ այս ոճիրը արդար եւ ճշմարտացի լուծում չունենայ, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ իր կորսնցուցած հարազատներուն ցաւով եւ այն մտահոգութեամբ, որ այդ ոճիրը կրնայ կրկնուիլ», նշած է ան:
«Այսօր (Ապրիլ 21) հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են Լոս Անճելըսի մէջ, բողոքելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ եւ յորդորելու Միացեալ Նահանգներու նախագահը, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յոյս ունիմ, որ այս միջոցաւ աւելի մեծ թիւով մարդոց ուշադրութիւնը կրնամ գրաւել», եզրակացուցած է ան:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Քարտաշեանի կոչը: