ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թրենտ».- Ուրբաթ, Ապրիլ 22ին, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար մամետեարովի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, քննելու համար Արցախի տագնապը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, քննուած են Արցախի տագնապին առնչուող «կարեւոր հարցեր»՝ շարունակելով Սոչիի մէջ Մարտ 5ին կայացած երեք երկիրներու նախագահներուն գերաստիճանի աշխատանքը: Նախագահները շեշտած էին, թէ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցներով, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի հովանիին տակ: