
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է վերանայի իր մօտեցումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի խորհրդարանական միախառն կառավարութեան ղեկավար Զէեւ Էլքին («Լիքուտ»), ելոյթ ունենալով Հրէական համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին նուիրուած արարողութեան ընթացքին:
«Իսրայէլի պետութիւնը, որ ամբողջ աշխարհէն կը պահանջէ ճանչնալ պատմական արդարութիւնն ու հետեւիլ բարոյական չափանիշներուն, չի կրնար գործել այդ սկզբունքներուն դէմ՝ առաջնորդուելով զուտ նեղ քաղաքական պատկերացումներով: Եկած է ժամանակը վերջ դնելու Թուրքիան սիրաշահելու քաղաքականութեան, զոր ներմուծած է Շիմոն Փերեզը, եւ ի վերջոյ յայտարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Հրէական պետութիւնը առաջիններուն թիւին մէջ պէտք է պաշտօնապէս ճանչնար. ցաւօք, Իսրայէլը Արեւմուտքի վերջին երկիրներէն է, որ տակաւին չեն ճանչցած զայն, սակայն աւելի լաւ է ուշ, քան՝ երբեք», ըսած է Զ. Էլքին:
Նշենք, որ Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովներէն է նաեւ «Մերեց» կուսակցութիւնը: Արդէն քանի մը անգամ քննարկուած է այս հարցով կուսակցութեան մշակած օրինագիծի ներառման հարցը խորհրդարանի օրակարգին մէջ: