
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Չորեքշաբթի, Մայիս 4ին յայտարարեց, թէ որոշուած է չհրապարակել Ուսամա պըն Լատենի դիակին լուսանկարը, հակառակ այն իրողութեան, որ միայն մէկ օր առաջ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Լիոն Փընեթա յայտարարած էր, թէ լուսանկարը շատ հաւանաբար հրապարակուի՝ վերջ տալու համար կասկածներուն: Սպիտակ տունը կը պնդէ, թէ լուսանկարները սարսափազդու են ու կրնան գրգռիչ ազդեցութիւն գործել, եթէ հրատարակուին:
Միւս կողմէ, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները կը շարունակեն պրպտել գործողութեան ընթացքին գրաւուած հինգ համակարգիչներն ու շարք մը այլ նիւթեր՝ տեղեկութիւններ բացայայտելու համար ահաբեկչական հաւանական ծրագիրներու մասին: Ուաշինկթըն կը յուսայ այս «գանձ»ով արագացնել «Քայիտա»ի ահաբեկչական ցանցը չէզոքացնելու նպատակին իրականացումը:
Նաեւ, Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, թէ «Քայիտա»ի ղեկավարը զինուած չէր, երբ ամերիկեան յատուկ ուժերը անոր վրայ կրակ բանալով սպաննած են զինք՝ հակասելով կառավարութեան կողմէ նախապէս հաղորդուած տեղեկութիւնները։ Ան աւելցուց, որ պըն Լատենի կինը, որ եմէնցի մըն է, ամերիկացի զինուորներէն մէկը հրած է եւ ապա ոտքէն վիրաւորուած է, սակայն չէ սպաննուած։ Նախապէս հաղորդուած էր, թէ պըն Լատենի կինը զոհերէն մէկն էր, սակայն բանբերը ճշդեց, թէ այլ կին մը սպաննուած է, եւ ոչ թէ պըն Լատենի կինը:
Միւս կողմէ, ըստ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին սփռած մէկ զեկուցումին, փաքիստանեան ապահովական աղբիւր մը, վկայակոչելով պըն Լատենի դուստրը՝ յայտնած է, թէ պըն Լատեն իր տան մէջ չէ սպաննուած, այլ՝ ձերբակալուելէ ետք։ Ըստ տեղեկութեանց, անոր դէմ յարձակում գործած ամերիկեան մասնայատուկ ուժը երեք ամիս մարզումի ենթարկուած է, առանց իմանալու, թէ ո՞վ է ծրագրուած գործողութեան թիրախը։
Նաեւ կը հաղորդուի, թէ Օպամայի կառավարութիւնը գործողութեան իրականացումէն առաջ իսկ որոշած էր, թէ պրն Լատենի մարմինը գործողութենէն ամենաուշը 24 ժամ ետք պիտի թաղուի, իսլամական օրէնքի պարտադրած կրօնական արարողութենէ մը ետք։ Գործողութիւնը կատարուած է «Քարլ Ուիլսըն» անունը կրող մարտանաւուն մէջ: Կրօնական արարողութիւնը 45 վայրկեան տեւած է, ապա դիակը դրուած է ծանր տոպրակի մը մէջ, փայտէ հարթակի մը վրայ, ու այդ վիճակով նետուած է ծով։ Այս արարողութեան ներկայ գտնուած են նաւուն վրայ գտնուող սակաւաթիւ մարդիկ։
Վերջապէս, Փաքիստանի վարչապետ Եուսուֆ Ռազա Կիլանի անհիմն համարեց իր երկրին հասցէին կատարուող քննադատութիւնները, պնդելով, թէ պըն Լատենի յայտնաբերման ձախողութեան մէջ պատասխանատու է ամբողջ աշխարհը, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգները, որ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը հետապնդէր զայն: