
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք մամուլը Հինգշաբթի, Մայիս 5ին անախորժ անակնկալ մը համարած է Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարար Միշել Մերսիէի այն որոշումը, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւին փոխարէն, նախարարութիւնը պիտի պատրաստէ օրինագիծի նոր յօդուած մը, որ նոյն ոգիին պիտի ծառայէ, այսինքն՝ պատիժ պիտի սահմանէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ։
Նախարարը Չորեքշաբթի օր կայացած Ֆրանսայի Ծերակոյտի նիստին ընթացքին ըսած էր, թէ այս քայլին նպատակը պիտի ըլլայ արգելք հանդիսանալ հայ հաւաքականութիւնը իբր թիրախ ընդունող ցեղապաշտ յարձակումներու ու պատիժ պիտի սահմանէ ուրացումի հակումներուն դէմ։ Մերսիէ բաղդատութիւն կատարած էր այն յատուկ յանձնախումբին հետ, որ ներկայիս կը գործէ Ֆրանսայի հրեայ համայնքին ու Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութեան միջեւ ստեղծուած գործակցութեամբ։ Նախարարը կոչ ըրած է Ֆրանսայի հայ համայնքին, որ համայնքի ղեկավարները, դատական համակարգի ու արդարադատութեան նախարարութեան հետ գործակցելով՝ ճշդեն ուրացումի պարագաներն ու ցեղապաշտ արարքները։ Ըստ նոր յօդուածին, կարելի պիտի ըլլայ դատ բանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ։
Թրքական մամուլը դիտել կու տայ, որ կառավարութիւնը այսպիսով տեղի տուաւ հայերու ճնշումներուն, որովհետեւ յառաջիկայ տարի ընտրութիւններ կան Ֆրանսայի մէջ։ «Զաման»ը կը գրէ, թէ ֆրանսահայերը ուրախութեամբ դիմաւորեցին նախարարին այս առաջարկը, մինչ թուրքերը, որոնք այնքան աշխատանք տարած էին, որպէսզի օրինագիծը մերժուի Ծերակոյտին կողմէ, ցնցում մը ապրած են այս նոր անակնկալին դիմաց։